Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ.
ԱՐՏԱՔԻՆ ՔՈՒՄ ՔԱԲՈՒ

Արտաքին Քում Քաբուն բոլորովին տարբեր է ներքին Քում Քաբուէն, ինչպէս որ ամեն մարդու ներքինն տարբեր է արտաքինէն։ Քում Քաբուի ներքինն օձ է, իսկ արտաքինն աղաւնի ։

  Քում Քաբուի ներքինն օտարէն կփախչի, իսկ արտաքինն անոր կփակչի. օրինակի համար, երբ տեղւոյս նաւամատոյցին վրայ գտնուիս՝ բոլոր նաւավարներն շուրջդ կը պատեն եւ զգեստներէդ կը սկսին քաշել ու քաշքշել ըսելով.

—Սամաթիա՞ պիտի երթաս, աղա. եկու տանիմ ։

—Եկուր երթանք, պարո՛ն ։

—( Ականջդ ի վար ) Ո՞ւր պիտի երթաս, բարեկամ ։

—Դուն անոր ականջ մի՛ կախեր. անոր նաւակը ծակ է, տակէն ջուր կ ՚ առնէ ։

—Մտի՛ր, աղա, մտի՛ր. մէկ հոգի կ ՚ ուզեմ, եկուր շուտ մը երթանք ։

  Փառք տուր Աստուծոյ, եթէ առանց զգեստդ պատառուելու կամ մէկ կողմդ կոտրուելու՝ կարողացար նաւակի մը մէջ նետել ինքզինքդ. իսկ ընդհակառակն, եթէ նաւակ չմտար եւ յետ դառնալ որոշեցիր՝ ականջներդ բաց եւ մտիկ ըրէ հետեւեալ ուղերձներն, որք յետեւէդ կուղղուին ։

—Թո՛ղ տուր, պէ՛. նաւակ մտնելու դրամ չունի ։

—Ինչո՞ւ չունենայ տնտեսագիտութեան դար է հիմա. տապանակ ուխտի ով ( քալելով ) աւելի շուտ կ ՚ երթայ ։

—Աղա, կօշիկներդ թեւիդ տակն առ, որ չպատռին ։

—Ոտներդ ալ կռնակիդ վրայ դիր, որ չյոգնին ։

  Թաղիս ազգայիններն գրեթէ ընդհանրապէս կա՛մ ձկնորս են, կա՛մ նաւավար, կամ ջրհանկիր եւ երբեմն ալ երեքն միանգամայն են ։

  Ասոնք ուրիշ թաղերու ազգայիններու պէս չեն, որ կարծեն թէ քաղաքական խնդիրները լուծուելուն պէս՝ Պիզմարք իշխանը պիտի գայ եւ իրենց հացագործին ստակը պիտի տայ. ուստի քաղաքական գործերու վրայ խօսելով չեն անցուներ իրենց ժամերը։ Ասոնց ներքին կացութիւնը այն ատեն կխանգարուի, երբ տանը տիկինը հիւանդանայ, եւ արտաքին գործերն ալ այն ատեն կը վատթարանան, երբ Ամբակում եղբայրն տկարութիւն ունենայ եւ չկարենայ գործի երթալ։ Երբ նաւակին թին կը կոտրուի՝ Ամբակում եղբօր համար նաւային ցոյց ի նշան է, իսկ երբ նաւակը խորտակուի՝ արտաքին միջամտութեան նշան է. այլ երբ անառակին մէկն իւր կնկանը սիրտը գրաւել փորձէ՝ պատերազմ կը հրատարակէ եւ թող չտար, որ ուրիշ մը իր երկրէն մաս մը գրաւէ առանց արիւնհեղութեան ։

  Թաղիս ազգայիններն քաջ են. յետեւէդ չեն ըներ այն խօսքը, զոր չեն համարձակիր երեսդ ի վեր զրուցելու։ Հաւատարիմ են իրանց խոստմանը. եթէ խոստանան քեզ ապտակ մ ՚ իջեցնելու՝ անմիջապէս կգործադրեն զայն ։

  Ասոնք դպրոցասէր եւ եկեղեցասէր են. առանց ուսումնական ըլլալու՝ ուսման յարգը կը ճանաչեն եւ իրենց զաւակներու կրթութեանը համար կու տան իրենցմէ պահանջուած գումարը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյն պայծառութեանը համար չեն զլանար իրենց լումայն ։

Ո՛չ նարտ կը խաղան եւ ո՛չ թուղթ. գիշերները զբօսանքի կամ մարմնամարզութեան համար երբեմն իրենց կիները կը ծեծեն ։

Խմելով կխմեն օղին ։

Կիներն ալ ճիշտ այրերու պէս են աշխատասէր եւ անկեղծ։ Ասոնց ներքինն շատ պարկեշտ է, իսկ արտաքինն, որ այլանդակ հագուստներով կներկայանայ՝ ներքինին հակապատկերն է։ Թէեւ իրենց թեւերը, կուրծքերը եւ սրունքները բացած փողոցի մէջ լաթ կփռեն, սակայն դարձեալ վերադասելի են այն շատ մը կիներուն, որք գոց թեւերով, կուրծքով եւ սրունքներով տան մէջ լաթ կը փռեն։ Այս կիները շատ անգամ իրարու հետ կը ծեծուին եւ կը հաշտուին ։

  Ասոնք ուրիշ կիներու վրայ սա առաւելութիւնն ալ ունին, որ ազգը շատցնելու համար մեծ զոհողութիւն, անձնանուիրութիւն կ ՚ ընեն. իւրաքանչիւր կինն առ նուազն տասնվեց տղաներէ մայր կոչուելու պատիւն ունի ։

Երկու հարիւրի մօտ տուն կայ։ Այս գումարը տասնեւութով բազմապատկելով՝ կ ՚ ունենանք երեք հազար վեց հարիւր հոգի։ Տէր Աստուած աճեցուսցէ եւ բազմացուսցէ ։

Ներքին բերքն է ընտիր հայհոյութիւն ։