Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.
ԿԷՏԻՔ  ՓԱՇԱ

Այս թաղին ազգայիններն իրարու խօսք չեն հասկնար. լեզուները խառնուած են հոն. վասնզի վերջին հրդեհէն ի վեր Պօլսոյ բոլոր թաղերէն, ինչպէս նաեւ գաւառացի ազգայիններէն գաղթականութիւն հաստատուած է հոս ։

  Ինչպէս որ աշտարակը շինողներն իրարու լեզուն չհասկնալնուն համար չկրցին աշտարակին շինութիւնն աւարտել, այնպէս ալ ասոնք դեռ չյաջողեցան իրենց վարժարանին շինութիւնն աւարտել ։

Եօթը կամ ութը ամիս է, որ ձեռնարկած են վարժարանի շինութեան, առանց անոր ծախքը նախապէս հոգալու. ի սկզբան այնպէս կարծած են ասոնք, որ վարժարանի հիմը դրուելուն պէս՝ ուրիշ բան չմնար ընելու, եթէ ոչ առաւօտ երեկոյ քիչ մը ջուր տալ շէնքին արմատին, որ բոյսի պէս աճի ու բարձրանայ։ Ուստի հիմը դրուելուն պէս թաղեցին ուրախացաւ, որ վարժարանի խնդիրն ա՛լ լուծուեցաւ, եւ սպասեց, որ ինքնիրմէ բարձրանայ։ Իսկ երբ տեսաւ, որ սխալած է իւր կարծիքին մէջ՝ սկսաւ ասդին անդին վազել դրամ ճարելու համար։ Շատ ծանր կերպով բարձրացաւ այս շէնքը. կէս կանգուն բարձրանալուն պէս՝ երկու ամիս դադար կ ՚ առնէր եւ կսպասէր, որ թաղեցին դրամ ճարէ եւ նորէն սկսի բարձրանալ. եթէ մէկ կանգուն բարձրանար՝ չորս ամիս կսպասէր։ Հիմայ որ բաւական բարձրացած է՝ դարձեալ կսպասէ, որ պատուհաններու համար ապակի ճարեն ու բերեն։ Այս ընթացքով յուսալի է, որ մէկ֊երկու տարիէն յիշեալ վարժարանն աշակերտ պիտի կրնայ ընդունիլ ։

  Եկեղեցիէն քիչ մը վեր թաղային սրճարանին դէմ խրճիթ մը կայ, ուր կդաստիարակուին թաղին աշակերտները, որոնց թիւը քսանըհինգ կամ երեսուն է։ Դպրոցին մէջ հետեւեալ դասերը կ ՚ աւանդուին։

Առաւօտէն մինչեւ կէս օր եկեղեցական երգերու վարժութիւն.

Կէս օրէն վերջը Քերական, Սաղմոս, Նարեկ եւ քիչ մ ՚ ալ պնակի վրայ գրավարժութիւն։

Այսու ամենայնիւ այս վարժապետը ննջեցեալի մը լուր առնելուն պէս՝ դասերը կթողու, ննջեցեալին կը դիմէ եւ ննջեցեալէն վերադառնալուն՝ աշակերտները ծեծելու կձեռնարկէ։ Ծեծի դասը շաբաթը երեք անգամ է եւ ան ալ երեկոյեան դէմ ։

  Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ անուամբ եկեղեցի մը կայ հոս, որուն քարոզիչն ուրիշ մտմտուք չունի, եթէ ոչ սա՝ թէ ի՛նչպէս կարելի է քանի մը ամիսէն եպիսկոպոսութեան բարձրանալ։ Ամեն կիրակի քարոզ կը խօսի. ամեն քարոզին բնաբան կը դնէ Աւետարանէն մէկ պարբերութիւն մը եւ քարոզը կը վերջացունէ արեւելեան խնդիրով։

Հոս ալ թաղական խորհուրդն ուրիշ թաղական խորհուրդներու պէս կարեւորութիւն չտար վարժարանին, այլ կնայի, որ հարուստ ազգայիններէն մէկը մեռնի եւ անկէ երեք֊չորս հարիւր ոսկի փրցունելով անոր մարմինն եկեղեցւոյ մէջ թաղէ ։

Անհաւատալի չէ, որ երբեմն թաղականի անդամներէն մէկը իւր հարուստ բարեկամներէն մէկուն հետ խօսակցի այսպէս.

  —Բարեկամ, քեզի համար գեղեցիկ տեղ մը կայ ։

  —Ո՞ւր, Վոսփո՞ր ։

—Չէ։ Կէտիկ փաշայի կողմը ծովահայեաց գետին մը ։

—Չեմ ուզեր։

—Սքանչելի տեղ երեկ քանի մը բարեկամներ կխօսէինք, ամենքս ալ քեզի արժանի տեսանք այդ տեղը։ Եթէ ես ստակ ունենայի՝ ես կ ՚ առնէի ։

—Առնեմ ի՞նչ ընեմ, եղբայր ։

—Եթէ մեռնելու ըլլաս՝ իմաց տուր ինծի, որ այս տեղը քեզի տանք ։

—Մեռնելէս ետքը գետինն ի՞նչ ընեմ ։

—Թաղուելու համար, եղբայր ։

—Հիմայ հասկցայ միտքդ. բայց ես դեռ մեռնելու միտք չունիմ ։

—Ես ալ չեմ ուզեր որ հիմա մեռնիս. Աստուած չընէ։ Սակարկութիւնը լմնցունենք հիմայ. դուն երբոր ուզես՝ ա՛յն ատեն մեռիր, միայն թէ ստակը կանխիկ տուր, որ վարժարաննիս շինենք լմնցունենք ։

  Բարձր ձայն ունեցող ժամկոչները մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելեն թաղիս մէջ ։

  Հոս 300 տուն կայ հայու։ Մեծ մասը կեսարացի է. ժողովրդեան մէկ մասին գործը սեղանաւորութիւն է, աննշան մաս մ ՚ ալ արհեստաւոր կգտնուի ։

  Եթէ այս թաղին մէջ ժիր եւ գործունեայ մէկը տեսնես՝ ան ալ գաւառացի հայն է. բնիկ թաղեցին գործունէութենէ զուրկ է ։

Թաղեցին նշանաւոր է իւր անտարբերութեամբն, զոր ցոյց կու տայ ամեն խնդիրներու մէջ։ Հոս եթէ մէկու մը հագուստը կռնակէն քաշես առնես՝ ինչո՞ւս պէտք կ ՚ ըսէ եւ թող կու տայ, որ հագուստը առնեն տանին։

  Հոս հարուստ եւ փոքր կուշտ մարդ չկայ շատ. աղքատն ու արբեցողն չափէն աւելի է ։

  Եթէ հոս վարպետորդի մէկը գտնուի՝ ամբողջ թաղն մատի վրայ կ ՚ առնէ եւ ամիսներով ու տարիներով կխաղցունէ ։

  Թաղեցիներն այն աստիճան վախկոտ են, որ եթէ քիչ մը բարձր ձայն հանես՝ ամենքն ալ կզարհուրին եւ կփախչին ։

  Այստեղ ընկերական կեանք չկայ. իրենց ամենէն գլխաւոր զբօսանքն է զբօսարանի մը մէջ մտնել եւ իքի եիւզ խաղալ ։

  Իգական սեռն ոչ գործ ունի եւ ոչ արհեստ. իր կեանքը քնանալով կամ պատուհաններու առջեւ նստելով կ ՚ անցունէ։ Պարոններէն եւ օրիորդներէն ոմանք գիշերները փողոցները կը շրջին եւ անմեղ սիրահարութիւններով ժամանակ կ ՚ անցունեն։

Այս թաղին մէջ կբնակի Փանոսեան, խմբագիր Մանզումէ ի, բայց չգիտցուիր, թէ թաղին վարժարանին վրայ ինչո՛ւ հոգ չտանիր։ Հոս կբնակին նաեւ քանի մը բժիշկներ, որոնցմէ մին անցեալները մինչեւ որ ստակը չառաւ՝ տունէն դուրս չելաւ աղքատ հիւանդի մը երթալու համար։ Հարուստներն ալ պարտաւոր են հոս նախ բժիշկին այցելութեան գինը ղրկել եւ ապա աղաչել բժիշկն, որ բարեհաճի գալ եւ իրենց հիւանդն մեռցունել։ Այն ատեն բժիշկը վազելով կ ՚ երթայ ։

  Հոս է Վարդովեանի թատրոնը, որ ձմեռուան եղանակին մէջ ներկայացումներ տալով ժողովուրդը կկրթէ։ Քանի մը ատենէ ի վեր հայերէն ներկայացումներն արգիլուած ըլլալով Բ. Դրան կողմէ՝ միայն տաճկերէն լեզուով ներկայացումներ կտրուին։ Թաղեցին ալ վախէն հայերէն չխօսիր, որ Բ. Դռնէն դիտողութիւն մը չըլլըուի իրեն ։

Այս թատրոնէն օգուտ քաղելով քանի մը խաբեբաներ՝ չորս կանգուն երկայնութեամբ եւ մէկ ու կէս կանգուն լայնութեամբ յայտարարութիւններ կհրատարակեն, փառաւոր ներկայացում, սքանչելի ներկայացում, խիստ շքեղ ներկայացում, արտաքոյ կարգի ներկայացում, ներքոյ կարգի ներկայացում եւ այլն ըսելով խեղճ ժողովրդեան քթէն կբռնեն եւ անճոռնի ներկայացումներ տալով ժողովրդեան քսակը կպարպեն։ Հոս թատրոնի դռնապանն հեղինակ կ ՚ ըլլայ եւ ողբերգութիւն մը կգրէ՝ եթէ առաւօտ մը քսակին մէջ ստակ չգտնէ։ Թատրոնի տեսարանին վրայ փառաւոր ներկայացումներ տրուած են շնորհիւ Վարդովեանի անդուլ աշխատութեանը, բայց տեսարանէն դուրս օթեակներու մէջ ալ ներկայացումները պակաս չեն եղած։ Քիչեր են, որ թատրոն կ ՚ երթան՝ ներկայացուած խաղը տեսնելու համար. շատերը օթեակներու մէջ կնային՝ իրենց փնտռած անձերը գտնելու համար ։

  Երբ վարագոյրը բացուի՝ հանդիսականները ուժգին ծափահարութեամբ կ ՚ ողջունեն դերասաններն եւ իրենց երեսը կդարձունեն դէպի օթեակները. շատ անգամ ծափահարութիւն մը կլսուի այնպիսի վայրկենի մը մէջ, ուր բնաւ հարկ չկայ ծափ զարնելու։ Հանդիսականներէն ոմանք կ ՚ ըսեն.

—Ի՜նչ անպիտան մարդեր կան. հիմա ծափահարութիւն ընելու ի՞նչ կայ ։

Եւ չեն գիտեր խեղճերն, որ ծափահարութիւն ընողն խաղին համար չըրաւ, այլ իւր սիրուհիէն ժպիտ մը կամ նշան մը առած ըլլալուն համար ծափ զարկաւ ։

Ընդհանրապէս ուրիշ թաղերէն ազգայիններ կու գան թատրոն։ Կէտիկ բաշացին շռայլութիւն կհամարի տարին անգամ մը թատրոն երթալը։ Եւ արդէն հոս բնակողներուն մեծ մասը ոսկւոյ միայն երկրպագութիւն կ ՚ ընեն եւ ոչ ուրիշ բանի։ Կան քանի մը հոգիներ, որ տարին անգամ մը կրնան թատրոնէն ներս մտնել, ան ալ եթէ յաջողին չքշուած պակաս ոսկիները թատրոնի տոմսավաճառին կլլեցունել։ Եթէ տոմսակավաճառն դիտողութիւն ընելով յայտնէ ոսկւոյ պակաս ըլլալն՝ սա՛ պատասխանը կ ՚ առնէ.

—Եթէ մեր ոսկին պակաս է՝ ձեր տալիք խաղն ալ լման չէ ա՛ ։

Ուրիշներն ալ տնտեսագիտութեան համար իրենց ընտանիքները կ ՚ առնեն եւ փողոցի մէջ թատերաբեմին ետեւի կողմը կկայնին, որ անկից լսեն ներկայացումն. մէկ մասն ալ տոմսակավաճառի եւ կամ ուրիշ պաշտօնեայի մը հետ խօսքը մէկ ընելով՝ ձրի կմտնէ թատրոնէն, եւ Վարդովեան կը կարծէ, թէ այս անկարգութիւններուն առաջքն առնելով՝ դրամ պիտի վաստկի ։

Կէտիկ բաշայի դիրքը բարձր է եւ օդն ալ գէշ չէ. միայն թէ մարդս իւր տունէն մինչեւ որ շուկայ երթայ՝ հազար ու մէկ գոյն փոշիներու մէջ լողայ, եթէ լողալ չգիտնայ՝ խեղդուի ։