ԼԳ.
ՖԷՐԻ
ԳԻՒՂ
Այս
գեղին
մէջ
պատուական
գարեջուր
կշինուի.
ազգային
գործերու
վերաբերութեամբ
գիւղացիին
թմրութիւնն
յառաջ
եկած
է
այս
ըմպելիքէն,
զոր
շատ
կխմէ
։
Քահանայ
մը
կայ,
որ
կկարդայ
այս
եկեղեցիին
մէջ
եւ
կարդացած
ժամանակը
երբեմն
յետեւը
կնայի
եւ
եկեղեցւոյն
մէջ
մարդ
մը
տեսնելուն
պէս
գանձանակը
կ
՚
առնէ
եւ
կարդալով
կսկսի
պտըտցունել
գանձանակն։
Եկեղեցւոյն
մէջ
այս
քահանայէս
զատ
մարդ
տեսնելը
հրաշքի
կարգ
անցած
է
։
Հազիւ
յիսուն֊վաթսուն
տուն
կայ
հայու։
Վարժարանին
մէջ
աշակերտները
կկարդան
Քերական,
Սաղմոս
եւ
Նարեկ
։
Բէրայէն
հոս
կ
՚
երթան
կենդանիները
գարեջուր
խմելու,
եւ
մեռեալներն
ալ
թաղուելու.
վասնզի
հոս
փոխադրուած
է
Բէրայի
գերեզմանատունը։
Օդն
այնքան
աղէկ
է,
որ
ամեն
կիրակի
մեծ
բազմութեամբ
ամեն
թաղերէ
հոս
կը
դիմեն,
քիչ
մը
օդ
եւ
շատ
գարեջուր
առնելու
համար
։