Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ՄԻՋԱԳԻՒՂ

Նախ եւ առաջ հարկ է գիտնալ, որ այս գիւղը մտնելու համար քանի մը դժուարութիւններ կան խօսքս պատուաւոր մարդերու համար է եւ ո՛չ գողերու համար իսկ անկէ ելնելու համար դժուարութիւններն աւելի մեծ են. արեւելեան խնդրոյն ձեւով շինուած գիւղ մ ՚ է։ Եթէ նաւամատոյցին ճամբայէն մտնել ուզես՝ վեց հոյակապ ճեմիշներու հոտը քթիդ ուշադրութիւնը կգրաւեն, եւ անմիջապէս կը համոզուիս, որ Միջագիւղ բնակողի մը համար պզտիկ քիթ մը մեծ փորձանք է։ Եթէ լերան կողմէ իջնել փորձես՝ փրկանքդ հետդ տանելու ես, որ եթէ գողերէ բռնուիս՝ կարենաս օձիքդ ազատել։ Իսկ եթէ Պէշիկթաշի կողմէն գաս՝ աչերդ թաշկինակով մը կապելու ես, որ հովն անցեալ տարուան հրդեհէն մնացած մոխիրներն աչերուդ չփչէ։ Այս գիւղին մէջ մտնելու ապահով ճանբան օդապարիկով հոն իջնելն է, կ ՚ ըսեն, իսկ ինձի համար հոն մտնելու ամենէն ապահով ճամբան հոն բնաւ չմտնելն է ։

Այս գիւղին մէջ հինգ հարիւր քսան տուն կայ հայու. սակայն ասոնց մէջ կան տուներ, որք երկու եւ երեք ընտանիքներէ բնակուած են։ Եթէ գործերն այսպէս շարունակուին՝ քսան ընտանիք մէկ տան մէջ պիտի բնակին եւ վիճակագիրները տուն համրելու տեղ սենեակ պիտի համրեն ։

Երկու եկեղեցի կայ. միոյն անուն Աստուածածին է, իսկ միւսինը Լուսաւորիչ։ Գիւղիս Աստուածածինը սահմանադրական չէ, ամեն այցելուները միեւնոյն եղանակով չընդունիր. հարուստ այցելու մը տաճարէն ներս մտնելուն պէս՝ ժամակոչ եղբայրները իրար կ ՚ անցնին աթոռ մը գտնելու եւ հիւրին քովը դնելու համար. իսկ երբ այցելուն աղքատ է՝ հրաման կ ՚ ընդունի գետնի վրայ աղօթելու։ Հարուստները Ս. Զատկին կամ Ծնունդին միայն կու գան եկեղեցին, եւ շատ անգամ ալ անձամբ չկրնալով ներկայ գտնուիլ՝ իրենց այցետոմսը կղրկեն եկեղեցին ։

Այս եկեղեցւոյն վերնատունէն ամեն տարի տեղ կծախուի կամ վարձու կտրուի թէպէտեւ լրագիրներու մէջ ծանուցում չըլլար. արդէն հարուստ տիկինները ամբողջ վերնատունը ծախու առած են, եւ տօնի օրերը մէյ ֊ մէկ պահապան կնիկ կղրկեն հոն, որպէս զի իրենց տեղը պաշտպանեն օտար կիներու յարձակումներու դէմ։ Արդեօք ժամանա՞կն է յիշել Աւետարանին այս խօսքը. Տուն իմ տուն աղօթից կոչեսցի, եւ դուք արարիք զսա այրս աւազակաց ։ Լուսաւորիչը ժողովրդական է, այր եւ կին՝ խառն կմտնեն տաճարն, բայց Լուսաւորիչն, այրերուն վրայ վստահութիւն չունենալուն համար թերեւս, եկեղեցւոյն աջ կողմն այրերուն տուած է եւ ձախն կիներուն Ո՞վ կարող է պնդել, թէ մեր երեսփոխանական ժողովն ալ այնպէս վարուած չէ. թո՛ղ չարամիտներն պարզամիտ ժողովրդեան հաւատացնել ուզեն, թէ երեսփոխանական ժողովն միայն կիները ներս առած է եւ այրերը դուրս ձգած է. ես չեմ հաւատար ։

Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյն դէմն է Թարգմանչաց վարժարանն, որ շատ կանոնաւոր խեղճութեան մէջ կգտնուի, եւ եթէ ոչ իւր խեղճութեամբը, գոնէ իւր կանոնաւորութեամբը կարող է ազգային Վարչութեան նախանձը շարժել։ Շատերը կզարմանան, թէ ասանկ հարուստ թաղի մը վարժարանն ինչո՞ւ աղքատ մնայ։ Ես չեմ զարմանար։ Վարժարանն անոր համար աղքատ է, որովհետեւ թաղին մէջ հարուստներ կան ։

Գիւղիս մէջ կայ Հռիփսիմեանց վարժարան մը, որ խնամակալուհի տիկիններու տնօրէնութեան տակ կկառավարուի եւ յոյս կու տայ, որ օր մը ուսեալ եւ կրթեալ աղջիկներ դուրս պիտի տայ։ Սոյն վարժարանին սանուհիները բաւական յաջողութեամբ կը թարգմանեն գրաբարէ աշխարհաբար, եւ եթէ Սովելոց Յանձնաժողովոյ ատենադպիրին գրաբար նամակները չեն կրնար լուծել՝ յանցանքն իրենց չէ, վասնզի իրենց դասատուն անգամ շատ անգամ ըղեղը կպատառէ՝ այդ նամակներէ իմաստ մը հանելու համար ։

—Պ. Շաշեան, որ Հայաստանի մէջ սովու պատճառած աղէտքներուն վրայ ժողովրդեան գութը շարժելու եւ անկէ նուէր հաւաքելու նպատակաւ նամակներ կհրատարակէ լրագիրներու մէջ՝ հասարակութեան անհասկանալի լեզուով կխմբագրէ իւր սաւառնաթեւ նամակները, որպէսզի մեր ազգայիններն իրենց եղբայրներուն տառապանքներն իմանալով չտխրին եւ չլան։ Այս տեսակով Պ. Ատենադպիրն ազատ էր լատիներէն ալ խօսիլ ժողովրդեան ։

Աղջիկներու վարժարան մ ՚ ալ կայ, զոր Ազգանուէր Հայուհեանց ընկերութիւնը բացած է՝ աղքատ աղջիկներու ձրի դաստիարակութիւն տալու համար։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն կմաղթենք սոյն ընկերութեան ազնուասիրտ տիկիններուն, որ ամեն ջանք ի գործ կդնեն իրենց նպատակին հասնելու համար Եթէ այս կիներն այր, եւ իրենց այրերը կին ըլլային՝ անշուշտ Թարգմանչաց վարժարանն այսպէս դժբախտ տեսնելու դժբախտութիւն չէինք ունենար ։

Լուսաւորչեան վարժարանն գոհացուցիչ է առ այժմ, սակայն միշտ հսկումի պէտք ունի, որ անընդհատ յարատեւէ իւր կանոնաւորութեանը մէջ ։

Հայկական կրթարան անուամբ գիշերօթիկ եւ ցերեկեայ վարժարան մը, որու տնօրէնն է Պ. Գուրգէն, ամեն արգելքներու եւ ձախորդութիւններու դէմ դնելով՝ այսօր խիստ կանոնաւոր վիճակի մէջ մտած է։ Ահա գիւղիս ամենէն մեծ շէնքն եւ մարդը ։

Հոս է Բարեսիրաց ընկերութեան թատրոնն, որու անունն անշուշտ հազար անգամ կարդացած ես փողոցի պատերուն վրայ։ Այս թատրոնի մէջ կներկայացուէին ժամանակաւ անմահ Պէշիքթաշլեանի եւ մահկանացու Հէքիմեանի ողբերգութիւններն, որոնց նմաններն այժմ պարգեւաբաշխութեան օրերը վարժարաններու մէջ կներկայացուին ի մեծ ձանձրութիւն հանդիսականներու։ Այս թատրոնին մէջ է, որ այժմ շատերը ատենաբանութիւններ կ՚ընեն ժողովրդեան օգտակար նիւթերու վրայ։ Անուրանալի ճշմարտութիւն մ՚է, որ Միջագիւղ ամեն թաղէ առաջ սկսած է լուսաւորեալ ազգերու նմանիլ աշխատելու եւ… չյաջողելու… քանի որ նմանիլը՝ ըլլալ չէ. միշտ պիտի յիշեմ կապիկին առակը ։

Այս թաղը խաղաղասէր է. պատրիարքներու փոփոխութիւններու ժամանակ բնաւ կարծիք յայտնած չէ։ Օր մը եկեղեցւոյն մէջ լսուած չէ. յիշուի, չյիշուի։ Կ ՚ երեւի, որ միջագիւղցին եկող պատրիարքէն ալ գոհ է, գացողէն ալ, կամ ո՛չ եկողէն գոհ է եւ ոչ ալ գացողէն։ Նոյն ֊ իսկ թաղային գործերուն մէջ ալ չէզոքութիւն կպահէ. ուրիշ թաղերու մէջ շաբաթը մէկ անգամ թաղականի կռիւ կծագի, հոս մինչեւ հիմա ատանկ բան մը պատահած չէ։ Հոս ելնող թաղականներէն հաշիւ փնտռելու գէշ սովորութիւն ալ չկայ. գեղացին իրարու վրայ մեծ վստահութիւն ունի ։

Պզտիկ երիտասարդութիւն մը կայ, որ ընկերութիւններ կազմելով լուծելով՝ ազգին իրական ծառայութիւններ կփափաքի մատուցանել։ Մինչեւ հիմա հարիւր ընկերութիւն կազմուած եւ հարիւր յիսուն ընկերութիւն լուծուած է. իսկ հիմայ կայ Արհեստական ընկերութիւն մը, որ հաստատ քայլերով ճամբայ կ ՚ առնէ եւ որուն նպատակն է Հայաստանի մէջ արհեստ տարածել ։

Գիւղիս ազգայինները քանի մը դասերու կբաժանուին ։

Դաս մը կայ, որ միայն դիւանագիտական խնդիրներով կզբաղի։ Այս դասն երբ գինետուն մտնէ եւ իւր առջեւ ունենայ օղիի շիշը՝ կփափաքի գիտնալ, թէ Կլատսթըն ի՛նչ խօսած է Արեւելեան խնդրոյն վրայ, թէ Պիսմարք ի՛նչ ընթացք պիտի բռնէ, թէ Քումանտուրիոս ի՛նչ գրած է Ղէոր դ իոսին, եւ մինչեւ որ ասոնց գոհացուցիչ պատասխանները չառնէ՝ գինետունէն դուրս չելներ ։

Միւս դասը դիւանագիտական խնդիրներէ ձանձրոյթ կզգայ. իրեն համար գիտնալու առաջին խնդիրն այն է, թէ օղիի վրայ աղած ձո՞ւկ ուտելու է, մի՞ս թէ պտուղ. ահաւասիկ իրեն համար բարենորոգման խնդիր ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ ամբողջ օրեր վարսավիրայի խանութներու առջեւ կպտըտի, որոշում տալու համար, թէ ի՛նչ ձեւ տալու է մազերուն, որ օրիորդին հաճելի երեւնայ եւ իւր առջեւէն չվռնտուի ։

Թեթեւ դաս մ ՚ ալ կայ, որու վրայ թեթեւութիւնը ծանրացած է. երբ ծանրացած է, կ՚ըսեմ, թեթեւութեան քանակութիւնը կ՚երեւակայէք անշուշտ. այս դասը կիրակի օրերը նաւամատոյցին վրայ կսպասէ, որ օրիորդ կամ տիկին ***ին հետ բարձրաձայն երկու բառ ֆրանսերէն խօսի ։

Դաս մ ՚ ալ կայ, որ առեւտուրի մէջ կորուսածն խաղի մէջ վաստակելու համար խորամանկութիւն կխորհի. հարուստներն ալ ունին այս ախտը, բայց անոնք բամբասանքէ զերծ են, վասնզի ինչոր ախտ է աղքատի համար՝ անմեղ զբօսանք կհամարուի հարուստի համար ։

Պզտիկ բացառութեամբ թէ՛ այրերն եւ թէ կիները պճնասէր են։ Չափէն աւելի կարեւորութիւն կու տան հագուստներու, հետեւապէս այն, որ շքեղ հագուած է՝ կատարեալ մարդ է. իսկ այն, որ պարզ հագուած է՝ մարդ կոչուելու արժանի չէ։ Ուր որ ալ ըլլայ, երբ կտեսնես կին մը, որ հովահարով մը դէմքը կհովհարէ, նոյն ֊ իսկ ձմեռուան ամենասաստիկ ցուրտ օրերուն մէջ. որ երեսները մէյ մը աջ մէյ մը ձախ կդարձունէ կէս ծիծաղով. որ մէջքը միշտ կկոտրտէ եւ երկու րոպէին անգամ մը գլուխը կը շտկէ. որ ձեռնոցները կը հանէ, նորէն կը դնէ, շրջազգեստը կշտկէ, չհաւնիր, կը կանգնի, նորէն շտկելու ջանք կ ՚ ընէ, երբեմն բերանը բանալով դիտմամբ կխնդայ, որ ակռաները ցոյց տայ եթէ չխնդար՝ գիտցիր, որ բերանին մէջ ակռայ չկայ հասկցիր, որ այդ կինը միջագիւղցի է. իսկ երբ անոր քովը աղէկ հագուած երիտասարդ մը գտնուի ու հետը խօսակցի, երբեմն ֆրանսերէն բառեր գործածելով, այդ կնկան սիկարա հրամցունէ եւ քթին մէջ մտնելու չափ մօտենայ անոր՝ հազար ոսկիի գրաւ դիր, որ ատոնց երկուքն ալ միջագիւղցի են. եթէ կորսնցնես հազար ոսկին՝ եկուր ինձմէ առ ։

Արեւէն չայրելու համար՝ իգական սեռն, քիչ բացառութեամբ, երեսը բրինձի փոշի կը քսէ. բայց Միջագիւղի լուսինն արեւու չափ կիզիչ ըլլալուն պատճառաւ՝ գիշերներն ալ կը գործածէ այն փոշին, որուն ոմանք սկսած են հիմա թոմաթէս խառնել ։

Սիրասուն օրիորդները կամ տիկիններն երբ տուն մը այցելութեան երթան՝ սանդուխին երկրորդ աստիճանէն կերկնցնեն իրենց ոտներն եւ սպասաւորներու քաշել կու տան իրենց կօշիկներն, որպէս զի պզտիկ ոտներն ամենուն ցոյց տան. իսկ երբ ոտները մեծ ըլլան՝ սպասաւորներուն քաշել կու տան իրենց ձեռնոցները. շատ մը կիներ ալ իրաւամբ քաշել տուած են իրենց ակռաները, որովհետեւ մեծ էին անոնք եւ մեծ ցաւ կպատճառէին գեղեցկութեան ։

Տիկիններէն ոմանք կոմսուհիներու կամ մարքիզուհիներու նմանելու համար ամեն հնարք ի գործ կդնեն։ Երբ զաւակ մը բերեն աշխարհ՝ իսկոյն ստնտուի մը կյանձնեն զայն, վասն զի ազնուականութեան դէմ է, որ կին մը իւր զաւակին կաթ տայ։ Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրն, ուր սպասուհիներն բերեն իրենց տիկիններուն բերելիք զաւակներն ալ, որպէս զի փափկասուն տիկիններն ծննդաբերութեան ծանր գործէն ալ խալսին ։

Միջագիւղցին ուրիշ թաղեցիներու բաղդատմամբ աւելի քաղաքավար է։ Խնդում երես ունի. եթէ երբեմն տխուր տեսնես զինք՝ պատճառն թաղին ազգային վարժարանն է ։

Գիւղիս կլիմայն չէզոք է. ո՛չ բարիք կը գործէ եւ ո՛չ չարիք. բնակիչներն ալ իրենց կլիմային պէս են ։

Կան երիտասարդներ, որ ինքզինքնին միշտ բարձր դրից մէջ կգտնեն. եթէ ասոր պատճառը փնտռուի՝ դիւրին է համոզուիլ, որ այդ երիտասարդներն այդչափ բարձր չը պիտի կարծէին զիրենք՝ եթէ օդէն աւելի թեթեւ չըլլային։ Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալուն գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կլուծուի։ Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կմնան եւ թեթեւները վեր կելնեն։ Այս գիւղին մէջ կան երիտասարդներ՝ որոց գլուխն եթէ չուան մը անցունենք՝ կրնանք զանոնք թռուցիկի պէս բարձրացունել օդին մէջ ։

Աւելորդապաշտութիւն չկայ այս գիւղին մէջ. ( ոսկին այս հաշուէն դուրս է ). մանաւանդ թէ պակասապաշտութիւն կտիրէ հոս։ Ամենէն աւելի պաշտուող կուռքը նորաձեւութիւնն է ։

Զբօսանքը շատ կսիրեն հոս. եթէ տան մը մէջ պարն սկսի՝ առ նուազն վեց օրէն կը վերջանայ. իսկ երբ ազգային խնդրոյ մը վրայ խօսք բացուի՝ կէս ժամէն աւել չտեւեր ։

Ներքին բերքն է ելակ եւ բամբասանք։ Ելակն ամեն տարի առատ չըլլար. իսկ բամբասանքն, որ շատ անձրեւէն կամ շատ երաշտութենէն վախ չունի՝ ամեն տարի առատ հունձք կու տայ։ Շատ տեղերէն հոս կու գան՝ այս ապրանքէն գնելու համար ։

Արտաքին բերքն է գողեր եւ ծովեզերքին վրայ շուներու դիակներ ։