Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.
ՀԱՍԳԻՒՂ

Այս գիւղն իրաւունք ունի պարծենալու այն մեծ տուներովն, որոնց մէջ ամիրաներ կբնակէին ժամանակաւ եւ որք այժմ զօրանոց եղած են մուկերու։ Հարկ չէ, կարծենք, կրկնել, թէ ամիրաներու յաջորդեցին մուկերն, եւ հետեւապէս, մուկերը կգործեն այժմ՝ ինչ որ կգործէին երբեմն ամիրաները ։

Կենդանութեան նշան տուած ըլլալու համար միայն այս թաղը միշտ շարժման մէջ է. շարժում՝ որ կկայանայ թաղական փոխելու, հոգաբարձութիւն ընտրելու, դասատու փոխելու եւ երբեմն ալ պատրիարք փոխելու մէջ ։

  Թաղեցին միապետութեամբ կկառավարուէր՝ երբ Բարմաք Քաբուի բնակիչները թաղականի պաշտօն կը վարէին։ Ուրիշ փողոցներու բնակիչները չէին կարող թաղական ընտրուիլ. որովհետեւ Բարմաք Քաբ ույ ի աղաներն, վեց տարի թաղականութիւն ընելէն ետքը, երբ օրինաւորապէս հրաժարէին՝ իրենց գահաժառանգ զաւակները կբազմեցունէին այն աթոռին վրայ, որ թաղական կկոչուի եւ որուն վրայ նստիլ շատերը կփափաքին։ Իսկ երբ Պօղոս պատրիարքին օրով մեծ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ՝ միապետական կառավարութիւնն փոխուեցաւ հանրապետականի։ Այս թուականէն ի վեր կօշկակարներն եւ ջրհանկիրներն են, որ մեծ ազդեցութիւն կբանեցունեն թաղականի ընտրութեան վրայ։ Միապետական կառավարութեան ատեն թաղականը վեց տարի պաշտօն կը վարէր եւ չէր գործեր ոչինչ, իսկ հանրապետութեան ատեն թաղական մը հինգ օրէն աւելի չէ կարող պաշտօն վարել։

Թաղեցին արդարեւ կշարժի՝ բայց երբ զայն շարժող գտնուի. եթէ ինք իր գլխուն ձգելու ըլլաս՝ տարիներով կքնանայ։ Թաղիս մէջ շարժող երիտասարդներ շատ կը գտնուին, երբ խնդիրն այնպիսի բանի մը վրայ ըլլայ՝ որու մէջ անձնական կիրք շատ գտնուի եւ դպրոց բնաւ չգտնուի։ Երբեմն Ներսէսեան վարժարանն ընկերներուն նախանձը կյուզէր, իսկ այսօր ընկերներուն վրայ նախանձելու տրամադիր է։ Ժամանակաւ գեղին հր եա ներէն եւ տաճիկներէն աշակերտ կ ՚ ընդունէր, իսկ այսօր անոնց վարժարաններուն աշակերտ կու տայ։ Այն ատեն թաղեցին ուրի՞շ սիրտ ունէր։ Շատ հաւանական է ։

Գիւղիս ազգայինները մեծ ջանք ցոյց կու տան առաջքն առնելու համար այն վնասին՝ որ նիւթական է. իսկ մեծ անհոգութիւն կը ներկայացնեն այն վնասին՝ որ բարոյական է, չգիտնալով անշուշտ որ բարոյական վնասէն ալ կծագի նիւթական վնաս, ինչպէս որ բարոյական շահէն ալ կը ծագի նիւթական շահ կ ՚ աղաչեմ, մի՛ բարկանաք, տէր երեսփոխաններ։— Այսպէս, երբ թաղին մէջ հրդեհ պատահի՝ ամբողջ թաղեցին տունէն դուրս կը վազէ եւ կրակը մարելու համար կարողութենէն վեր կաշխատի. իսկ երբ վարժարանն բարոյապէս մոխիր դառնայ՝ ոչ մէկ թաղեցին գլուխը պատուհանէն դուրս չհաներ։ Թաղեցւոյն ուշադրութիւնն վարժարանին վրայ հրաւիրելու ամենէն դիւրին եւ կտրուկ ճանբան. վարժարանը նախ կազով թրջելու է եւ լուցկիով մը բռնկցնելու է զայն. ամբողջ թաղեցին գիշերազգեստով կը վազէ վարժարան եւ կրակը մարելու կ ՚ աշխատի։ Մոռնալու չէ սակայն, որ Հասգիւղցին լուցկիի պէս մէկէն ի մէկ հայրենասիրութեամբ կը վառի, կը բորբոքի երբեմն. եթէ այս բորբոքումէն անմիջապէս օգուտ քաղես՝ կրնաս իրմէ ստակ հաւաքել, մանրերկրորդ մը անցնելուն պէս՝ Հասգիւղցին կը մարի. Վիէննայի ամենէն գէշ լուցկիներուն տեսակէն է Հասգիւղցին, բռնկիլն ու մարիլը մէկ է. մինչեւ իսկ երբեմն սիկառ մը վառելու համար անոնց քսան հատը մէկէն բռնկցնելու է ։

  Այսօր հինգ վարժարան կայ գիւղիս մէջ մրցումն որպէս թէ յառաջադիմութիւն պիտի արտադրէր հինգ վարժարանէն աշակերտ մը չելներ տարին ։

  Հասգիւղցին ինքնիրմէ բանի մը ձեռնարկելու յանդգնութիւն չունի, իսկ երբ գրգռող մը ըլլայ՝ այն ատեն ծայրայեղութեան կդիմէ ։

  Լուսաւորեալ երիտասարդներ կան հոս, որք իրարու հետ երկար ատեն բարեկամ չեն կրնար մնալ։ Ասոնց բարեկամութիւնն շաբաթ մը միայն կտեւէ եւ այս պայմանաժամը լրանալուն պէս իրարմէ կբաժանուին։ Ես ասոնց բարեկամութիւնն գէշ չուխայէ շինուած բանթալօն ի կը նմանցեմ. շաբաթէ մը կը մաշի եւ օր մ՚ալ քիչ մը ուժով նստելուդ պէս՝ երկուքի կը բաժնուի եւ շապիկդ յետեւէդ կ՚երեւայ։ Բանթալօն ին այս կերպ բաժնուելուն ընդհանրապէս կ՚ըսեն. « բանթալօն ս բացուած է ». Հասգիւղցին ալ երբ իր մէկ բարեկամէ բաժնուի՝ կ ՚ ըսէ. « մենք բացուած ենք »։ Իսկ Հասգիւղի մէջ մտերիմ բարեկամ կը ճանչցուի այն մարդն՝ որ իւր ընկերին ուրիշէ մը գանակոծումը կը տեսնէ եւ չտեսնելու համար ճանբան կը փոխէ։ Երբ այս մարդուն յանդիմանես իւր կամաւոր կուրութիւնն՝ քեզի կպատասխանէ.

—Իմ սիրտս փափուկ է. երբ կտեսնեմ որ բարեկամներէս մին ցաւ ունի՝ սիրտս գէշ կ ՚ ըլլայ ։

Եթէ այս պատասխանով գոհ չըլլաս՝ ուրիշ մ ՚ ալ կու տայ քեզ.

—Եղբայր, ես ազատամիտ մարդ եմ, կարծիքներու ազատութիւնը կյարգեմ ։

Հասգիւղցին ո՛չ շողոքորթ է, ո՛չ կեղծաւոր եւ ոչ ազատախօս. բարեխառն բարք մ ՚ ունի ։

Յարատեւութիւնը հոս միմիայն վէճ յարուցանելու մէջ կգտնուի ։

Ասոնք երբ շոգենաւ նստին՝ նախ կխօսին սոխի վրայ, ետքը խնդիր կյարուցանեն փայտի վրայ եւ վերջը հարցապնդումներ կ ՚ ընեն ածուխի վրայ. մինչդեռ հրեայն դրամներու գիներուն վրայ կը խորհրդակցի եւ յոյնը վաճառականութեան վրայ ։

Գեղիս կիներն ընդհանրապէս գեղեցիկ են, պարկեշտ եւ միանգամայն ազատ։ Ասոնք կաշխատին կա՛մ մետաքս քաշելով կամ զինուորականի ճերմակեղէն կարելով։ Պտոյտը շատ կսիրեն։ Հոս միայն ապօրինաւոր ամուսնութիւններ տեղի կ ՚ ունենան. օրինաւոր ամուսնութիւնն արգիլուած է, եւ գիւղը լի է ամուրիներով։ Ամեն անոնք, որ աղջիկ կփախցունեն՝ հոս կու գան ապաստանելու ։

Հազարի չափ տուն կայ հայու. եթէ իւրաքանչիւր տունէն ամեն օր մէյմէկ հոգի թաղային խնդիր յարուցանէ՝ ամեն օր 2, 77 խնդիր կ ՚ ունենայ թաղը ։

Ներքին բերքն է մայրապետներ եւ հայրապետներ ։

Բժիշկները շատ կը գովեն գեղիս օդը. բժիշկներու վկայութենէն կրնաք մակաբերել անշուշտ, որ գիւղս առատ հիւանդներ կմատակարարէ Ասկղեպիոսի աշակերտներուն ։