Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԱ.
ՊԷՅՔՕԶ

Կեցցէ՛ Սահմանադրութիւն ։

«Արի՛ք Հայկազունք, յառաջ ընթանանք,

Սահմանադրութեան նոր բարեւ մ ՚ ալ տանք »։

Առաջին անգամ Պէյքօզի մէջ արտասանուեցան վերոյիշեալ խօսքերն. բայց չորս֊հինգ տարի կայ, որ բարեւը կտրեցինք Պէյքօզին եւ ազգային յիմարանոցին առջեւ կու տանք Սահմանադրութեան մեր բարեւը ։

  Շատ նշանաւոր եղած է Պէյքօզ սահմանադրութեան տարեդարձային այն հանդէսներով, որք տեղի կ ՚ ունենային իւր դաշտավայրին վրայ, ուր կհաւաքուէին ազգասէր հայերն եւ իրարու բերնէն կյափշտակէին ճառերը, գինիի գաւաթներն եւ Սահմանադրութիւնը։

Բնաւ նշանաւոր եղած չէ իւր վարժարանովն, որ հեռի է աշակերտները գոհացնելէ ։

Թաղային կռիւներն երբեմն յերեւան կու գան եւ քանի մը շաբաթներ պտըտելէն ետքը աներեւոյթ կ ՚ ըլլան, վերստին երեւնալու համար ։

Թաղեցւոյն մեծ մասն անհոգ է եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին. երիտասարդութիւնն երբեմն կաշխատի, որ բարեկարգութիւն մտցունէ վարժարանին եւ թաղականին մէջ. սակայն բարեկարգութիւնն առանց դրամի չըլլար, եւ մեր երիտասարդութիւնն ալ դժբախտաբար առանց դրամի կ ՚ ըլլայ ։

  Նաւավարներ եւ ձկնորսներ առատ են։ Ասոնք սքանչելի գինի կխմեն եւ պատուական ալ ձուկ կ ՚ ուտեն գինւոյ վրայ։ Նախանձ եւ ատելութիւն չկայ իրարու մէջ. ամենքը սիրով կը վարուին միմեանց հետ, եւ միշտ այսպէս սիրով մնալու համար ուխտ ըրած են, որ չխօսին թաղային խնդիրներու վրայ, որոնցմէ, կ ՚ ըսեն, միշտ վնասուած է իրենց բարեկամութիւնը ։

Կիները տան գործերով կզբաղին. քիչով գոհ կ ՚ ըլլան եւ մեծ պահանջումներ չեն ըներ։ Պարկեշտ եւ հաւատարիմ են, բայց կգտնուին հարկաւ այնպիսուհի ներ ալ, որք իրենց ամուսիններէն երբեմն ապտակ կ ՚ ուտեն՝ ընդդիմախօս գտնուելնուն համար ։

  Պէյքօզին օդն ալ միշտ գովեստներով կյիշուի ընդհանրապէս ամեն թաղին օդը, որչափ ալ գէշ ըլլայ՝ միշտ այն թաղին վարժարանէն լաւ է ։