Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.
ՐՈՒՄԷԼԻ ՀԻՍԱՐ

—Հրամմեցէք, աղա՛, պատուական սթաքոզ, աժան պիտի տամ ։

—Մի՛ քաշեր, եղբայր, թո՛ղ տուր օձիքս ։

—Պատուական սթաքոզ, աղա, օղիի հետ աղէկ կ ՚ երթայ ։

—Թո՛ղ տուր, պէտք չունիմ ։

—Ինծի նայէ դուն, աղա՛, եկուր քեզի աղուոր քէֆալ տամ, անոնց մի՛ նայիր դուն

—Ձուկ առնելու համար չեկայ հոս, եղբայրներ ։

—Ասդին եկուր, բարեկա՜մ, անոնք խարդախ մարդեր են օխա մը ձուկ ունիմ պահած, քեզի տամ, օղիին վրայ շատ աղէկ կ ՚ ուտուի. այս առտու բռնեցի, բարեկամի տրուելու բան է

—Չեմ ուզեր ։

—Եկուր քեզի օղի մը հրամցունեմ ։

—Շնորհակալ եմ, ես թաղը պտտելու համար եկայ եւ ոչ թէ օղի խմելու համար ։

—Այս գեղին մէջ օղի կխմուի, բարեկամ, եւ առանց օղի խմելու պտտիլն անկարելի է հոս ։

—Սովորութիւն չունիմ ։

—Գոնէ սա ձուկէն առ, աժան պիտի տամ ։

—Չեմ ուզեր ։

—Ի՞նչ կ ՚ ուզէք մարդէն, անպիտաններ, թող տուէք, որ գործին երթայ, ինչո՞ւ օձիքին փակեր էք ։

—Ձեր մարդասիրութենէն շնորհակալ եմ ։

—Ասոնք անանկ մարդիկ են, որ նաւամատոյցին վրայ մէկը տեսնելուն պէս չորս կողմէն կը պաշարեն ։

—Այո՛ ։

—Եւ կ ՚ ուզեն, որ բռնի ձուկ առնել տան քեզի ։

Ճիշտ է ։

Քանի անգամ ըսած եմ իրենց, որ այս բնաւորութիւննին փոխեն ։

Շատ բարի մարդ էք։ Մնաք բարով, թաղը քիչ մը պիտի պտտիմ ։

Հազար անգամ պատուիրեցի իրենց, որ գեղը եկողներն մի ձանձրացունէք, բայց որո՞ւ կ ՚ ըսես ։

Շնորհակալ եմ, մնաք բարով ։

Ասոնք անանկ մարդիկ են, որ գլուխնուն դրածը կ ՚ ընեն ։

Շնորհակալ եմ ։

Գեղին վարժարանին համար քանի մը ղուրուշ նուէր կու տա՞ք, աղա. ծառադ իմ վրաս առած եմ դպրոցին տնօրէնութիւնն եւ կը կառավարեմ ։

Թաղեցին ի՞նչ կ ՚ ընէ ։

Թաղեցին ձուկ կբռնէ ։

Դպրոցն եկամուտ ունի՞ ։

Ոչ, դպրոցը եկամուտ չունի, եւ առանց եկամուտի ալ շատ աղէկ կառավարուելու վրայ է փառք Աստուծոյ, մենք եկամուտի պէտք չունինք ։

Առանց դրամի ի՞նչպէս կկառավարուի ։

Վարժապետներու ամսական չեմ տար ։

Լա՛ւ ։

Տնտեսի ալ ամսական չեմ տար ։

Շատ աղէկ ։

Թուղթի, գրիչի եւ մելանի ալ ստակ չեմ տար ։

Կեցցե՜ս ։

Փայտի ածուխի համար ալ բան մը չեմ վճարեր ։

Սքանչելի՜ գոնէ բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւնը դուն առնէիր վրադ ։

Հիմա, հարցուր ինձ, թէ ի՞նչպէս կը կառավարես ։

Հարցուցի ։

Հարցուցի ըսելով չըլլար, հարցո՛ւր ։

Շատ աղէկ, ի՞նչպէս կկառավարես ։

Ռոպէրթեան վարժարանի հայ ուսանողներէն մէկ քանին կու գան ձրիաբար դաս կու տան. է՛յ, ըսէ ։

Է՛յ ։

Տնտեսի համար պէտք չունիմ. աշակերտներն իրենց ուտելիքն ու խմելիքն իրենք կբերեն. է՛յ, ըսէ ։

Է՛յ։

Թուղթը գրիչը եւ մելանը ասդիէն անդիէն կմուրամ. է՛յ, ըսէ ։

Է՛յ ։

Փայտի, ածուխի պէտք չունիմ, վասնզի մեր աշակերտները մրսելու սովորութիւն չունին։ Ահա այսպէս կկառավարեմ դպրոցը, բայց դարձեալ կբամբասուիմ ։

Ի՞նչ ըսելով կբամբասեն ։

—Կ ՚ ըսեն թէ երբեմն քանի մը ընկերներուս հետ վերը այգին կելնեմ օղի խմելու եւ դպրոցին աշակերտներուն խաղ կանչել կու տամ։ Կ ՚ ըսեն թէ ձկնորսներու օղի խմցունելով զանոնք շահած եմ եւ գեղին մէջ հասարակաց կարծիքը խղդած եմ։ Անցեալները վարժուհիի մը խնդիր ծագեցաւ. ես կ ՚ ուզէի որ վարժուհին ելնէ. գեղին բոլոր ձկնորսներն ժողովքի եկան եւ միաբերան պօռացին վարժուհին չենք ուզեր ։ Քանի մը լուսաւորեալներ սկսան հարցնել, թէ վարժուհուն ինչո՛ւ չէք ուզեր, եթէ յանցանք ունի՝ ըսէք յանցանքն եւ ան ատեն մենք ալ ձեզի հետ կ ՚ ըլլանք եւ չենք ուզեր։ Ձկնորսները, որ բարի մարդիկ են՝ նորէն պօռացին ։

—Չենք ուզեր ։

—Ինչո՞ւ չէք ուզեր ։

—Մենք ի՞նչ գիտնանք. Բառնիկ աղային հարցուցէք։

—Բայց վարժուհին յանցանք չունի ։

—Յանցանք չունենալուն համար չենք ուզեր, ըսին եւ վէճը գոցուեցաւ. եթէ չգոցուէր՝ ձկնորսներն աղէկ մը պիտի ծեծէին այդ լուսաւորեալները։

—Վարժարանն հիմա ի՞նչ վիճակի մէջ է ։

—Աղէկ է. ես ուրիշ գործ չունիմ, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ դպրոցի համար կաշխատիմ. ուզած ժամանակս ալ ազգային հանդէս ըսելով՝ լրագիրներու մէջ ծանուցում կ ՚ ընեմ, հանդէս մը կու տամ, քանի մը հարիւր դահեկան ալ անկէ կփրցունեմ։

—Ի՞նչ բանի հանդէս է այն։ Սահմանադրութեան տարեդարձի՞ հանդէս է, եկեղեցւոյն տօնախմբութեա՞ն հանդէս, թէ վարժարանին ։

—Իրաւ որ կարեւորութիւն տուած չեմ անուն մը դնելու համար. եկո՛ւ տես, որ հարցնող փնտռո՛ղ ալ չկայ, բայց գալ տարի անուն մը պիտի դնեմ ։

—Քանի՞ տուն հայ կայ ։

—Ամառը ութսուն տուն է, աշունը եօթանասունըհինգ, ձմեռը վաթսուն եւ գարունը վաթսունըհինգ ։

—Թաղեցիին արհեստն ի՞նչ է ։

—Թաղեցիին մէկ մասը նաւավար է եւ մէկ մասը ձկնորս։ Ամենքն ալ մաքուր սիրտ կկրեն եւ մաքուր օղի կխմեն, բայց այնչափ առողջ են, որ սովորական խօսակցութեան մը մէջ անգամ իրենց ձայնը Թարապեայէն կը լսուի։ Հաստանդամ մարդիկ են, շատ կապրին. անուշ֊անուշ հայհոյել մը ունին ։

—Ողջ ըլլան։ Կիներն ի՞նչպէս կեանք կ ՚ անցունեն ։

Եազմա կշինեն, կծախեն եւ էրիկնին կնային։ Ուրիշ թաղերու մէջ՝ գործը կարգին դնողն միայն կկարգուի, որ կարենայ իւր կինը ապրեցունել. հոս հակառակն է. ապրուստը ճարել չկրցողը կկարգուի, որ կինը զինքը նայի։ Հոս պճնասիրութիւն, բամբասանք, շռայլութիւն, թատրոններ, զբօսարաններ չկան. հոս կեանքն անմեղ է ։

—Մեծապէս շնորհակալ եմ տուած տեղեկութիւններէդ ։

—Օդը շատ քաջառողջ է. եթէ առջի իրիկուընէ երկու օխա օղի խմես՝ առտուն անանկ թեթեւ կ ՚ արթննաս, որ կկարծես թէ առջի գիշերը բան մը խմած չես. շատերը հոս կու գան օղի խմելու ։

—Շնորհակալ եմ ։

—Եթէ վարժարանին համար նուէր մը ընես՝ ես ալ շնորհակալ կ ՚ ըլլամ ։

—Եկո՛ւր սա ձուկը մի՛ փախցուներ, աղա ։

—Սա ստաքօզն առ ու օղիի մէզէ ըրէ, տղա՛ս ։

—Սա քէֆալը չառնե՞ս ։

—Պէտք չունիմ, ըսի եւ ինքզինքս նաւակի մը մէջ նետեցի։