ԻԹ.
ԵԷՆԻ
ՄԱՀԱԼԷ
ՍԱՄԱԹԻՈՅ
Այս
թաղը
Սամաթիոյ
ձագն
է
եւ
ամեն
նկատմամբ
իւր
հօրը
կնմանի
։
Հոս
ալ
թաղականի
կռիւները
պակաս
չեն,
բայց
հրաշագործ
Մկրտիչ
եպիսկոպոսի
շնորհիւ
այժմ
կռիւները
առաջուան
պէս
մշտնջենական
չեն,
այլ
առժամանակեայ։
Վարժարանին
գալով՝
յայտնի
է,
որ
թաղային
վէճերու
մատնուած
թաղի
մը
վարժարանն
գոհացուցիչ
չկրնար
ըլլալ
։
Թաղիս
այրերն
եւ
կիներն
ազգային
զգացում
ունին.
միջին
դասէն
ըլլալով՝
շողոքորթութիւն
չեն
գիտեր
եւ
ճշմարտութիւնն
բարձրաձայն
կխոստովանին
։
Այրերն
օղին
կսիրեն,
ինչպէս
նաեւ
գինին.
ասոր
համար
շատերն
իրենց
հետը
լապտեր
կ
՚
առնեն,
որ
եթէ
ուշանան
գինետան
մէջ՝
մութուն
չստիպուին
երթալ
իրենց
տուները
։
Հրաշագործը
հոս
հրաշքներ
կ
՚
ընէ
եւ
հիւանդներ
կբժշկէ
։
Օդը
լաւ
է,
բայց
թաղեցին
օդէն
աւելի
դրամը
կսիրէ
։