Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ.
ԻՃԱՏԻԷ

Բնակութիւն հաստատելու համար պատուական թաղ մ ՚ է, եթէ մարդս նապաստակ ըլլայ լեռնէն վեր ելնելու դիւրութիւն ունենալու համար ։

  Երանի՜ անոնց, որք նապաստակ չեն, բայց երկար շունչ ունին. վասնզի անո՛նց համար է այս թաղն։ Վա՜յ անոնց, որոնց շունչը կարճ է. վասնզի անոնք արժանի չեն այս թաղին մէջ բարձրանալու. անոնց շունչը կէս ճանբան չհասած կսպառի, մանաւանդ երբ Գուզկունճուքէն վեր ելնել ուզեն ։

Հոս բնակելու համար լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ալ ունենալու է, որ չճաթի մարդ՝ թաղեցւոյն ընթացքը քննելով ։

  Եկո՜ւր մտնենք նախ եւ առաջ թաղիս ծովահայեաց զբօսարանն, ուր տասնի չափ ազգայիններ օրուան խնդիրներուն վրայ կխօսին։ Ասոնց ամենն ալ ստոյգ աղբիւրներէ լուրեր կհաւաքեն եւ իրարու կհաղորդեն։ Կը փափագի՞ս այս օրուան լուրերն իմանալ ։

—Շատ հետաքրքիր եմ նոր լուրեր իմանալու ։

—Եկո՛ւր, իրենցմէ քանի մը քայլ հեռու նստինք եւ նոր լուրեր իմանանք։ Ահա սկսան խօսիլ.

—«Իքը հրաժարական տուած է այսօր ։

—Այո՛, տուած է, բայց Մէկալը չէ ընդունած ։

—Մուշտակը կպնդէ եղեր այս կէտին վրայ ։

—Ես չեմ կարծեր, որ համաձայնութիւն գոյանայ, որովհետեւ Իքը Բան ընելուն պէս՝ միւս կողմէն ալ Բանը Իք պիտի ընէ ։

—Իքին տեղն ես ալ ըլլամ՝ այնպէս կը վարուիմ ։

—Դուն Մէկալը գիտե՞ս. ի՜նչ յամառ է ։

—Բայց Իքը ի՞նչ իրաւունք ունի Բանին երեսն այդպէս պօռալու ։

—Բանն ալ իրաւունք չունէր Իքը վար զարնելու ։

—Ես չեմ կարծեր, որ միաձայնութիւն գոյանայ. վասնզի Մուշտակն Իքին կողմն է, Մեծաւորն ալ Բանը կսիրէ ։

—Վերջին լուրն իմացա՞ք. Մեծը բան մը պիտի խօսի եղեր ։

—Պզտիկը երէկ գացեր է ։

—Եթէ ասանկ երթայ՝ իմ կարծիքովս Բանը տարիէ մը Իք կ ՚ ըլլայ ։

—Իքն ալ Բան կ ՚ ըլլայ ։

—Բայց Մուշտակն ալ պիտի ըսէ. « ի նձի նայեցէք. եթէ Բանը Իք ըլլայ՝ ես ալ Իք պիտի ընեմ, ապա թէ ոչ Իք չեմ ըներ »։

—Իրաւունք ունիս, շատ վարպետորդի է։ Մինչեւ որ Իքը Բան չընէ՝ չպիտի ընդունի։ Ամիրային կարծիքն ի՞նչ է այս մասին ։

—Ամիրան առաջին օրը լուր առած էր ներսէն, որ Իքը պիտի շարունակէ եղեր մինչեւ որ Բանը գայ »։

—Կարծեմ բաւական տեղեկութիւն առիք այս օրուան դէպքերուն վրայ. ա՛լ լրագիր կարդալու հարկ չմնաց։ Օ՛ն, ելնենք եւ քիչ մ ՚ ալ թաղային վարժարանը երթանք ։

—Իքը ո՞վ է. Բանն ի՞նչ է. Մէկալը կը ճանչնա՞ս

—Եւ ոչ մին կճանաչեմ ահա թաղային վարժարանը ։

—Ատոր վրայ Ներսէսեան գրուած է ։

—Ներսէսեանին մի՛ նայիր դուն, ազգին ստակովը շինուած է ան ։

—Ինչո՞ւ ուրեմն Ներսէսեանը իւր անունը դրած է վրան ։

—Վասնզի Ներսէսեան արքունի շինութիւններու մէջ աշխատող գործաւորներուն շաբաթականներէն զեղչ ընելով՝ գումար մը գոյացուց եւ այդ գումարը գումարելով այն գումարին հետ, զոր թաղեցին տուած էր՝ շինեց այդ քարուկիր վարժարանն, որ կանոնաւոր

—Ի՜նչ անիրաւութիւն է աս եթէ քսակէն գումար մ ՚ ալ տուած ըլլար՝ այսպէս գրելու չէր, այլ, ինչպէս սովորութիւն է՝ գրելու էր. « Ներսէսեան նուիրեց այսչափ ոսկի դպրոցիս շինութեանը համար »։ Այս թաղին մէջ մարդ չկա՞յ, եղբայր ։

—Ըլլալու է շինեց այս քարուկիր վարժարանն, որ քանի մը դասարան եւ քանի մը ճեմիշ ունի. ճեմիշները դասարաններէն աւելի կանոնաւոր եղած են միշտ։ Այս վարժարանին մէջ ժամանակաւ դասատու մը գանակոծուած է. կարծեմ մօտերս ալ կարգը պիտի գայ հոգաբարձութիւնը ծեծելու ։

—Շուտ ընենք, ելնենք սա թաղէն, չըլլայ որ մեզի ալ ծեծեն ։

—Թաղեցին պաղած է վարժարանէն. վասնզի անոր շինութեանը համար իր կողմէ տրուած գումարն ոչինչ համարուեցաւ եւ վարժարանին անունը Ներսէսեան դրուեցաւ ։

—Աղջիկներու վարժարանն ի՞նչպէս է ։

—Շատ աղէկ է, քարուկիր է։ Հոս աղջիկներու վարժարան մ ՚ ալ կայ, զոր Մէզպուրեան բացած է եւ զոր թաղեցին գոցել կ ՚ ուզէ։ Այս վարժարանն օր ըստ օրէ յառաջ կ ՚ երթայ ։

—Թաղեցին ի՞նչ կ ՚ ընէ ։

—Նարտ, թուղթ եւ իքի եիւզ կխաղայ եւ ընդհանրապէս լայնածաւալ սիրտ մ ՚ ունենալով՝ կարեւորութիւն չտար վարժարաններուն փակուելուն. միայն իւր քսակը լեցնելու կաշխատի եւ միայն հացի պարկ կկրէ, ուրիշ առթի թողլով ազգային զգացում կրելը։ Թէպէտեւ բացառութիւններ կան, բայց շահը կպահանջէ, որ անոնք ալ ձայն չհանեն ։

—Աս ի՞նչ զարմանալի թաղ է, եղբայր ։

—Ընկերութիւն մ ՚ ալ կայ հոս, բայց չգիտեմ թէ ինչ կ ՚ ընէ. կարծեմ մօտերս ուրիշ ընկերութիւն մ ՚ ալ պիտի կազմուի՝ այս ընկերութիւնը առաջ տանելու համար ։

—Աս ի՞նչ անտարբեր թաղ է ։

—Արդէն այս թաղն հին չէ, քանի մը տարուան թաղ է. ուրիշ թաղերէ ձանձրացողները հոս եկած են. ուստի այս թաղը Պօլսոյ միւս բոլոր թաղերուն թերութիւններէն մէյմէկ քիչ ունի ։

—Ընթերցասիրութիւնն ի՞նչպէս է գոնէ ։

—Հայերէն լրագիր կարդալն արգիլուած է. եւ այս արգելքին դէմ վարուողը կա՛մ երեք ոսկի տուգանք կը վճարէ կամ տասնըհինգ օրէն մինչեւ ամիս մը բանտարկութեան կդատապարտուի։ Հոս կկարդացուին ընդհանրապէս Թէրճէմանը հաքըքաթ, Վաքըթ եւ Ճերիտէի հավատիս լրագիրները ։

—Երիտասարդութիւն չկա՜յ հոս ։

—Չկայ։ « Այս թաղին կլիման, կ ՚ ըսէր մէկ բարեկամս, երիտասարդի մազերն շուտով կը ճերմկցունէ. բայց ճերմկցնելէն վերջն ալ դեռ շատ կապրեցունէ. ասոր համար երիտասարդք դեռ մազերնին չճերմկցուցած եթէ ուրիշ թաղ մը երթան, եւ ուրիշ թաղերու մէջ մազերնին ճերմկցուցած անձինք հոս գան՝ շատ լաւ եւ օգտակար կ ՚ ըլլայ ։

—Անհասկանալի թաղ մը ։

—Մեծագոյն մասն առանց օղի խմելու չկրնար հանգիստ ընել. հոս ընդհանրապէս շատ կը ծխեն եւ քիչ կ ՚ ուտեն ։

—Քի՞չ ուտելու համար շատ կը ծխեն, թէ շատ ծխելնուն համար քիչ կ ՚ ուտեն ։

—Առաջինը հաւանական է. վասնզի կեսարացիներ կան հոս։ Քիչ կ ՚ ուտեն՝ բայց գեղեցիկ օդով կը սնանին։ Թաղեցին ընդհանրապէս նիհար է։ Թաղս ջերմեռանդ քիչ ըլլալուն պատճառաւ եկեղեցի շինուած չէ հոս՝ իբրեւ աւելորդ ծախք. թաղեցիներէն մէկ քանին երբեմն Սէլամսըզի եկեղեցին կ ՚ երթան, երբեմն ալ Քուզկուճուք ։

—Իգական սեռն ի՞նչպէս է ։

—Կիները գեղեցիկ են, բարեձեւ, կրթութեան հակամէտ։ Կիներն իրենց մայրենի լեզուն Սէլամսըզի կիներէն շատ աղէկ կխօսին։ Այս թաղի կիներուն տանտիկնութիւնը Իւսկիւտարի թաղերուն եւ ոչ մէկուն մէջ տեսնուած է։ Երեսի ներկը միայն քիչ մը չափէն աւելի յառաջ երթալու վրայ է հոս. ծեր այրերն ալ երբեմն այս ներկէն կգործածեն։ Նորաձեւութեան մասին Գատըգեղցիներուն չափ յառաջ գնացած չեն։ Հոս կիները գեղեցկաձայն են եւ միշտ տաճկական երգեր կերգեն, ինչպէս որ իրենց ամուսիններն ալ տաճկական սէթրի կհագնին։ Թաղիս մէջ մեծ ֆէսը շատ յարգի է. երբեմն իրենց գլուխը կդնեն այնչափ մեծ ֆէսեր, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ չորս օխա խաղող կդրուի ։

Օդը խիստ է. քաջառողջներուն չդպչիր, վատառողջներն անդիի աշխարհ կղրկէ ։

Հայերէ բնակուած տուներուն թիւը հինգ հարիւրի մօտենալու վրայ է, իքի եիւզ խաղացողներուն թիւն ալ վեց հարիւրի։