Ի.
ԳՆԱԼԸ
ԿՂԶԻ
Նախ
եւ
առաջ
խօսինք
այս
կղզւոյն
մէկ
հրաշագործութեանը
վրայ,
որուն
ականատես
եղած
են
շատերը։
Այս
հրաշագործութեան
վրայ
խօսելով՝
մեր
նպատակն
է
ծառայութիւն
մը
մատուցանել
ամեն
անոնց,
որք
կը
փափաք
ին
կղզւոյս
մէջ
գետին
ծախու
առնել
։
Գիտնալու
էք,
որ
կղզւոյս
մէջ
գետինները
շարժուն
են
եւ
կը
քայլեն
։
—Մենք
այդ
հրաշքին
չենք
հաւատար
։
—Թերահաւատ
էք
ուրեմն
։
—Թերահաւատութիւնն
չենք
ընդունիր
։
Շատախօսութիւն
ընելու
ժամանակ
չունիմ.
ըսածս
ապացոյցներով
եւ
կենդանի
վկաներով
կարող
եմ
հաստատելու։
Այո՛,
գետինները
կքալեն.
ուստի
անոնք
որ
կղզւոյն
հարաւային
կողմը
գետին
ունենալ
կ
՚
ուզեն՝
պարտաւոր
են
հիւսիսային
կողմէն
գետին
ծախու
առնել.
քանի
մը
օրուան
մէջ
այդ
գետինը
դէպ
ի
հարաւ
ճանբայ
կելնէ։
Անոնք
որ
ծովեզերքին
վրայ
գետնի
տէր
ըլլալ
կ
՚
ուզեն՝
ծովու
մէջ
քանի
մը
հազար
կանգուն
գետին
առնելու
են.
շաբթուան
մը
մէջ
այդ
գետինը
ծովեզերքին
վրայ
կու
գայ
կհաստատուի։
Սա
ալ
մտքէ
հանելու
չէ,
որ
եթէ
գետին
մը
ծախու
առնելու
ըլլաս՝
չորս
կողմը
պատ
քաշելու
ես,
վասն
զի
եթէ
պատով
չշրջափակես
զայն՝
այնչափ
կքալէ
որ
ծովէն
անցնելով
Քարթալ
կ
՚
երթայ
եւ
երբեմն
ալ
այնչափ
կ
՚
երթայ,
որ
բոլորովին
անտեսանելի
կ
՚
ըլլայ
։
—Բայց
ի՞նչպէս
կը
քալեն
այս
գետինները.
բնաւ
հաւատալիքս
չգար
։
—Եթէ
չես
հաւատար՝
փորձի
համար
քանի
մը
հարիւր
կանգուն
տեղ
առ
եւ
կը
հաւատաս
։
—Ուրեմն
այդ
գետինները
քալեցնո՞ղ
մը
կայ
։
—Չգիտեմ,
բայց
բարեկամներէս
մին
կ
՚
ըսէր,
թէ
կղզւոյն
գետիններն
անիւի
վրայ
դրուած
են.
կրնաս
զանոնք
տանիլ՝
ուր
որ
ուզես
։
—Այդ
անիւը
դարձնո՞ղ
մը
կայ
արդեօք
։
—Հարկաւ
։
—Այդ
դարձնողը
կրնա՞ս
ինձի
ներկայացնել
։
—Ի՞նչ
պիտի
ընես
։
—Պէօյիւք
տէրէ
տուն
մը
ունիմ
այնպիսի
թաղի
մը
մէջ,
որ
բնաւ
յարգ
չունի.
եթէ
այդ
մարդն
իմ
տունս
Պէօյիւքտէրէի
ծովեզերքն
քալեցունէ՝
հազար
ոսկի
կու
տամ
իրեն։
Կը
քալէ՞
արդեօք
։
—Կղզւոյն
մէջ
ոչ
միայն
կը
քալէ,
այլ
կը
վազէ.
բայց
չգիտեմ
թէ
Պէօյիւք
տէր
էյ
ի
մէջ
ալ
կքալէ
։
—Շատ
բան,
շատ
բան,
գետինին
ալ
քալելը
բնաւ
լսած
չունէի.
ըսել
է
թէ
այդ
կղզւոյն
բնակիչներն
չեն
շարժիր,
կը
պառկին
եւ
կը
քնանան
։
—Ինչո՞ւ
։
—Վասնզի
այդ
երկրին
մէջ,
ուր
գետինը
կշարժուի՝
մարդերը
պարտաւոր
են
չշարժուիլ
։
Թողունք
ա՛լ
այս
շարժման
խնդիրն
եւ
դառնանք
կղզւոյն։
Այս
կղզւոյն
վրայ
կատարեալ
ծանօթութիւն
մը
տալու
համար՝
կյիշեմ
քեզ
բժշկի
մը
պատասխանը,
զոր
տուած
է
շոգենաւի
մէջ
իւր
մէկ
բարեկամին,
որ
Գընալը
կ
՚
երթար։
«
Կը
զարմանամ
թէ
Գընալըին
ինչո՛ւ
այսչափ
կարեւորութիւն
կը
տրուի,
ըսաւ
բժիշկը.
հոն
ուրիշ
բան
չկայ՝
եթէ
ոչ
չընար
մը
եւ
Ասապա
էֆէնտի
մը
»։
Ասապա
էֆէնտին,
որ
ազգային
երեսփոխան
ալ
է՝
կղզւոյն
պետն
է։
Ով
որ
ցաւ
կամ
դատ
ունի՝
անոր
կդիմէ,
որ
խրատելով
եւ
հաշտեցունելով
յետ
կը
դարձունէ
զանոնք։
Կղզւոյն
մէջ
ամենէն
կը
յարգուի
իբրեւ
երիցագոյն
բնակիչ
եւ
հիւրասէր
մարդ
մը,
որ
Թաղական
Խորհրդոյ
ալ
անդամ
է
։
—Ասապա
էֆէնտիին
ալ
գետինները
կը
քալե՞ն
։
—Չէ՛,
անոր
գետինները
ծոյլ
են,
բնաւ
չեն
շարժիր
եւ
կը
մնան
ուր
որ
են
։
—Կիրակի
առաւօտները
չընար
ին
տակը
կ՚երթան
կղզւոյն
բնակիչները,
որք
ձմեռը
քառասուն
տունէ
եւ
ամառը
վաթսուն֊եօթանասուն
տունէ
կը
բաղկանան։
Հոս
ձմեռը
երեսունի
չափ
տուն
կայ
հայու։
Անցեալները
կղզեցւոյն
եւ
թաղականին
մէջ
վէճ
մը
ծագեցաւ,
որ
հաշտութեամբ
վերջացաւ։
Երեսուն
աշակերտի
համար
երկու
վարժարան
կայ,
մին
թաղային
եւ
միւսը
մասնաւոր։
Թաղային
վարժարանը
կկառավարուի
բարի
քահանայէ
մը,
որ
եկեղեցւոյն
ալ
քահանան
է,
եւ
աշխատող
դասատուէ
մը,
որ
եկեղեցւոյն
ձայնաւորն
է։
Այս
վարժարանին
մէջ
Եղիշէն
թարգմանող
աշակերտներ
կան,
ինչպէս
նաեւ
աւետարանը
հասկցող
աշակերտուհիներ։
Մասնաւոր
վարժարանին
ալ
դասատու
տնօրէններն
են
երկու
պարկեշտ
եղբայրներ,
որք
կմրցին
թաղային
վարժարանին
հետ։
Երեսուն
աշակերտի
համար
երկո՛ւ
վարժարան…
յառաջադիմութեան
նշան
չէ՞
այս…
Կղզւոյն
բնակիչներն
եկեղեցի
չեն
երթար.
անոնց
միայն
մտմտուքն
է,
թէ
ի՛նչպէս
կարելի
է
տասը
բարա
արժէք
ունեցող
մէկ
բանը
քառասուն
բարայի
ծախել։
Ամառուան
եղանակն
անցունելու
համար
կղզի
գնացողներուն
ալ
միայն
մտմտուքն
է,
թէ
ի՛նչպէս
ընեն,
որ
կղզւոյն
բնակիչներուն
հետ
առեւտուր
չընեն։
Ասոր
համար
է
որ
անոնք
իրենց
միսը,
եղը,
պանիրը,
հացն
եւ
ջուրը
Պօլիսէն
կը
տանին
իրենց
հետը
։
Հոս
բնաւ
շուն
չկայ.
փողոցներու
մէջ
կատուները
կը
պտըտին
եւ
տուներու
մէջ
ալ
մուկերը։
Կղզւոյն
մէջ
առատ
կով
կայ.
բաւական
էշ
ալ
կգտնուի,
ինչպէս
նաեւ
այծեր։
Այս
կովերն,
էշերն
եւ
այծերն
կանաչ
խոտ
եւ
ծառ
չեն
թողուր
կղզւոյն
մէջ։
Եթէ
լուսին
չեղած
գիշեր
մը
կղզւոյն
մէջ
պտըտելու
ելնես՝
կովերը
մազերդ
կփրցունեն,
մարգագետին
կարծելով
գլուխդ.
մէկ
կողմէ
դուն
կքալես
միւս
կողմէն
ալ
կովը
մազերդ
կը
կտրէ
։
Կովը
չհասկնար,
թէ
մարդ
ես
։
—Գիշերը
ի՞նչպէս
պիտի
հասկնայ
։
—Քալելէդ
չ՞ը
հասկնար
։
—Կարծեմ
յիշողութիւնդ
շատ
տկար
է.
քիչ
մը
առաջ
չըսի՞նք
որ
գետիններն
ալ
կը
քալեն
հոս
։
Բնիկ
կիները
գեղջկական
կեանք
կը
վարեն.
ո՛չ
պճնասիրութիւն
գիտեն,
ո՛չ
բամբասանք
եւ
ոչ
արտասահման
պտոյտ
։
Օդափոխութեան
համար
ուրիշ
թաղերէն
եկողներն
ալ
ծովեզերքին
վրայ
պտըտելէն
եւ
կօշիկ
հինցունելէն
զատ՝
գործ
տեսած
չունին։
Ծովեզերքի
վրայ
շաբաթ
եւ
կիրակի
իրիկունները
շատ
բազմութիւն
կ
՚
ըլլայ։
Այս
հրապարակն
բոլոր
միւս
գեղերու
հրապարակներէն
ամենէն
պարկեշտն
է
։
Կղզւոյն
օդն
այնչափ
մաքուր
եւ
առողջարար
է,
որ
եթէ
բժիշկ
մը
գայ
հոն՝
երկու
օրուան
մէջ
կմեռնի
…
անօթութենէն
։