Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶ.
ԵԷՆԻ ԳԱԲՈՒ

Սքանչելի օդ ունի ։

Եէնի Գաբուցին առաւօտուն արթըննալուն պէս կզգայ, թէ իւր գլուխն վրան է եւ թէ գողերը չեն կտրած զայն. սակայն երբ գլուխն գերցունել ուզէ՝ յուսահատութիւն կու գայ իւր վրայ, վասնզի գլուխն այնքան ծանր է, որ չկրնար վերցունել զայն։

Արդեօք այս գլուխներն շա՞տ մեծ են եւ ադո՞ր համար չեն կրնար վեր առնել զանոնք։ Չեմ կարծեր։ Արդեօք այդ գլուխները շա՞տ լեցուն են եւ ա՞յդ պատճառաւ է որ ծանրակշիռ են։ Միթէ չգիտե՞ս, որ Եէնի Գաբուի մէջ պարապ գլուխներն ալ, որ թեթեւ ըլլալու էին՝ ծանր կկշռեն։— Թեթեւ երիտասարդներու համար ի՜նչ պատուական թաղ։— Արդ, Եէնի Գաբուցին երբ անկողինէն ելնել ուզէ՝ ուրիշ մէկը պիտի գայ իրեն օգնելու, գլուխն վերցնելու, որպէսզի կարողանայ կանգնիլ հայկական յատկանիշ ապա թէ ոչ շաբաթներով կպառկի։ Եէնի Գաբուցիին գլխուն ծանրութիւնը ապացուցուած է գողութեան դէպքով մը որ հետեւեալն է. Եէնի Գաբուցի երիտասարդ մը իր նշանածէն համբոյր մը գողնալու համար՝ գիշեր մը անոր տունը կ ՚ երթայ։ Աղջկան հայրն, որ խաւարեալ էր եւ չէր ուզեր իւր ապագայ փեսայն հարսանիքէն առաջ տանը մէջ տեսնել՝ կ ՚ իմանայ, որ փեսան դռնէն կամացուկ մը ներս մտած է, ուստի կ ՚ երթայ զայն յանդիմանելու։ Փեսան իւր ապագայ աները տեսնելուն պէս՝ պատուհանէն վար կը ցատկէ, գլխիվայր գետինը կ ՚ իյնայ եւ քանի մը րոպէ ալ այնպէս կմնայ։ Ահա ասկէ փորձուած է, որ Եէնի Գաբուցիին գլուխն ամբողջ մարմինէն ծանր է ։

Սոյն թաղն երկու վարժարան ունի, մին մանչերու եւ միւսն աղջիկներու համար ։

Այս վարժարաններն այժմ միացուած են Գում֊Գաբուի վարժարաններուն հետ եւ մեծ յոյս կու տան, որ ապագային մէջ ալ չպիտի կրնան լաւագոյն վիճակ մ ՚ ունենալ՝ եթէ հոգաբարձութեան ուսումնական անդամներն իրենց դերը կատարելու վախնան ։

  Երբ ազգային մեծ խնդիրներ երեւան կու գան՝ այս թաղն պատերազմի դաշտ կորոշուի։ Սահմանադրութեան վրայօք վէճերուն եւ ուրիշ կարեւոր խնդիրներուն համար կարեւոր կռիւներ տեղի ունեցած են հոս. անգամ մը կռիւն այնքան ծանր կերպարանք առաւ, որ Եէնի Գաբուցիի մը գլխէն աւելի ծանրացաւ եւ թաղին եկեղեցւոյն մէջ քսանէն աւելի անձեր վիրաւորուեցան ։

Նախորդ թաղական խորհուրդն, որ վարժարանները բարեկարգելու պաշտօնով ընտրուած էր՝ եկեղեցւոյն կից փողոցն բարեկարգեց եւ հասարակաց զուարճութեան համար չխնայեց եւ ոչինչ։ Անոր շնորհիւն է, որ եկեղեցւոյն կից հրապարակն ծառերով զարդարուեցաւ եւ այժմ պատիւ ունի տեսնել իւր վրայ պարոններ եւ օրիորդներ, որք ամառուան գիշերները հոս կխմբուին եւ անմեղ զբօսանքներով ժամանակ կ ՚ անցունեն։ Նախորդ թաղական խորհուրդն իւր աշխատութեան պտուղն տեսնելով՝ բերնին ջուրերը կը վազցունէ. թաղականն է, որ կտեսնէ պտուղն, սակայն երիտասարդներն են, որ կքաղեն զայն ։

Թաղիս ազգայիններն երկու կարգի կը բաժանուին. արհեստաւոր եւ դիւրակեաց ։

  Արհեստաւոր մասն իւր պարապոյ ժամերն թաղին սրճարաններու մէջ նարտով եւ թուղթով կսպաննէ։ Հոս ընդհանրապէս իքի եիւզ կը խաղան եւ այս խաղին մէջ այնքան համբաւ հանած են, որ եթէ ուրիշ գեղերու մէջ իքի եիւզ ի վրայօք վէճ մը ծագի՝ հոս կու գան վճիռ ընդունելու ։

Արբեցութեան կողմէն նշանաւոր չեն կէս օխա օղի խմելէն ետքը կզգան, թէ գաւաթ մը օղի խմած են եւ բնաւ չեն կարող մրցիլ իրենց սահմանակից տէրութիւններուն հետ թաղեցիներուն հետ պիտի ըսէի ։

Դիւրակեաց մասը դրսէն հանդարտ կերեւայ, բայց երբ թաղային խնդիր մը ծագի՝ անմիջապէս ասպարէզ կնետուի ։

Թաղիս կիներն պարկեշտ են եւ աշխատասէր։ Ահա իրենց ծրագիրն.

«Երկուշաբթի՝ լաթ լուալ եւ երեկոյին ձեռներն իրենց ամուսիններուն ցոյց տալ.

«Երեքշաբթի՝ տախտակ սրբել.

«Չորեքշաբթի՝ պատուհան մաքրել.

«Հինգշաբթի՝ կարկտել եւ քթի տակէն մռմռալ.

«Ուրբաթ՝ ճերմակեղէնները հարթել.

«Շաբաթ՝ խոհարանի վերաբերուած գործերը տեսնել եւ բաղանիք երթալ.

«Կիրակի՝ եկեղեցի երթալ եւ վերջը զիրար բամբասել »։

Թաղիս մէջ երկու հարիւր վաթսունի չափ տուն կայ հայու ։

Հոս պարոն ի տեղ տէր կգործածեն, բայց տէր ի տեղ դեռ բան մը չեն գտած։