Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.
ԻՒՍԿԻՒՏԱՐ ԵԷՆԻ ՄԱՀԱԼԷ

Լսած էք անշուշտ, որ ախտ մը կայ, որու անունն է ինձի մի՛ դպչիր, բայց չէիք իմացած հարկաւ, որ այդ ախտն այս թաղին մէջ ծնունդ առած է ։

Հիմայ հասկցաք ա՛լ, որ այս թաղին մատ դպցունելու չէ՝ եթէ չէք ուզեր աւելի եւս վատթարացունել զայն ։

Մեր ուշադրութենէ վրիպելու չէ, որ եթէ այս թաղին աղաներուն դպչելու չըլլաք՝ թաղին բոլոր իրաւունքներն օտարի կծախեն. իսկ եթէ դպչելու ըլլաք՝ ազգին իրաւունքներն օտարի կու տան. ահա դպչելու եւ չդպչելու տարբերութիւնն ։

Փոքրիկ պատմութիւն մը ընենք հոս ։

Բաւական տարիներ առաջ, տեղւոյն յոյները գերեզմանատուն չունենալով հոն՝ կը փափագին աժան գնով ծախու առնել գետին մը, ուր թաղել կ ՚ ուզէին իրենց ննջեցեալները ։

Թաղին քանի մը հայ աղաները յոյներու այս դիտաւորութիւնը լսելով՝ անոնց հետ բանակցութեան կմտնեն ։

—Իմացանք, որ թաղիս մէջ տեղ մը կը փնտռէք եղեր ձեր ննջեցեալները թաղելու համար ։

—Այո՛, անանկ միտք մը ունինք ։

—Այս մասին մեր ձեռքէն եկած ծառայութիւնը չենք զլանար ձեզի. երկու եկեղեցիներն արդէն քոյր֊եղբայր են, իրարու շատ կնմանին, երկուորեակ են կարծես

—Շնորհակալ ենք ։

—Քոյրն եղբօրն վրայ կխենդենայ ։

—Ողջ ըլլայ ։

—Ըսէ՛ք մեզի հիմայ, դուք ո՞ր կողմ կ ՚ ուզէք գետին ունենալ ։

—Մենք կ ՚ ուզենք, որ ձեր գերեզմանատանը կէսը մերն ըլլայ ։

—Այդ ըլլալու բան չէ, ատոր խօսքը մի՛ ընէք

—Ինչո՞ւ. քոյրն իւր եղբօրն այս ծառայութիւնը չկրնա՞ր ընել ։

—Անկարելի է ։

—Ինչո՞ւ անկարելի ըլլայ. ատկէ դիւրին ի՞նչ կրնայ ըլլալ

—Մեր գերեզմանատունն ի՞նչպէս ձերինը կրնայ ըլլալ

—Գիշերուան մը մէջ մեր Պալըքլըյի գերեզմանատունէն գերեզմանաքարեր բերել կու տանք, կը դնենք, եւ հետեւեալ օրը կ ՚ ըսէք, թէ յոյները մաս ունին եղեր մեր գերեզմանատան մէջ ։

—Ատանկ բան մը կարո՞ղ ենք ընել ։

—Կարո՜ղ էք հապա. դուք թաղին երեւելիներն էք, մեծերն էք. դուք ամբողջ թաղն ալ կրնաք ծախել ։

—Հապա մեր խի՜ղճը

—Խիղճն ասանկ գործերու մէջ մտնելու իրաւունք չունի. խղճին ապտակ մը կը զարնէք դուրս կը վռնտէք կամ թէ ձեր խղճին քանի մը ոսկի կու տաք

—Իրաւունք ունիք. խղճին դպչելու բան մը չկայ հոս. մեր ըրածը գողութիւն չէ, սպանութիւն չէ. եղբայրն իւր քոյրէն գետին կ ՚ ուզէ, եւ քոյրն ալ կու տայ. ասոր ո՞վ կրնայ բան մը ըսել ։

—Խղճի վերաբերեալ խնդիր չէ աս փառք Աստուծոյ, ձեր ըրածը գողութիւն չէ. ազգին մէկ կալուածէն մեզի ալ բաժին պիտի հանէք։ Աւետարանը կ ՚ ըսէ. երկու շապիկ ունեցողն մէկն ընկերին տալու է. եւ որովհետեւ դուք հոս մէկ գերեզմանատուն ունիք՝ պէտք է որ կէսը մեզի տաք Աստուածահաճոյ գործ մ ՚ է աս ։

—Մեզի ալ այնպէս կթուի

—Ձեր այս աստուածահաճոյ գործին համար վարձատրութիւն ալ պիտի ընդունիք

—Չէ, չէ, մենք կաշառքով գործ չենք տեսներ ։

—Կաշա՞ռք Աստուած չընէ ։

—Չենք ուզեր որ ըսեն, թէ աղաները ստակ կերած են ու ազգին տեղն ուրիշին ծախած են ։

—Մենք ալ չենք ուզեր ։

—Ինչո՞ւ բամբասուինք ։

—Ինչո՞ւ բամբասուիք ես վարձատրութիւն բառը գործածելով՝ հասկցնել ուզեցի, թէ Աստուծոյ կողմը պիտի վարձատրուիք

—Ատոր ըսելիք չունինք. բայց կաշառք չենք ընդունիր։ Ուրիշ բան է, եթէ դուք մեր տեսած գործէն գոհ ըլլաք եւ ձեր շնորհակալութիւնն յայտնելու համար մեզի դրամական նուէր մը ընէք նայէ, ատոր ըսելիք չունինք, իբրեւ նուէր կ ՚ ընդունինք. բայց իբրեւ կաշառք՝ բնաւ երբէք. ատ մեր պատւոյն կդպչի ։

—Շատ լաւ. մնաք բարով ։

—Երթաք բարով ։

—Քանիմ ՚ օրէն կտեսնուինք ։

Քանիմ ՚ օրէն ետքը յունական տապանաքարեր կտեսնուին մեր գերեզմանատան մէջ. ժողովուրդն իրար կ ՚ անցնի ։

—Իմացա՞ր, պ. Կարապետ ։

—Չիմացայ. ի՞նչ կայ ։

—Մեր գերեզմանատան մէջ յունաց քարեր կան ։

—Անկարելի է ։

—Ես տեսայ ։

—Թերեւս մեր քարերը յունարէնի թարգմանած են ։

Ժողովուրդն աղաներու կը դիմէ ։

—Աղանե՛ր, ինչո՞ւ նստած էք ։

—Ի՞նչ ընենք հապա ։

—Գերեզմանատունը երթալու վրայ է ։

—Ո՞ւր ։

—Չգիտենք ուր յունաց քարեր կան ։

—Օրհնեալ ժողովուրդ, առաջուց չկայի՞ն այդ քարերը ։

—Չկային ։

—Մեր գիտցածին նայելով՝ այդ քարերը շատուց ի վեր կային հոն, եւ յոյներն իրաւունք ունին այդ գետնի վրայ ։

  Ժողովուրդը կյուզուի. գերեզմանատան մէջ կռիւը կսկսի. յիսունէն աւելի հայ երիտասարդներ կբանտարկուին, եւ ազգը մեծ դժուարութեամբ կարող կ ՚ ըլլայ առնելու գերեզմանատան կէսը յոյներէն՝ որք ամբողջ գերեզմանատունը կլնել կ ՚ ուզէին։ Հոս կը վերջանայ այն փոքրիկ պատմութիւնն, որ այն ատեն մեծ յուզում պատճառած է ժողովրդեան մէջ ։

  Թաղականութիւնը հոս մենաշնորհ մ ՚ է քանի մը անձերու, որք քսան տարիէ ի վեր իրենք զիրենք կ ՚ ընտրեն, ամեն տարի հրաժարական կու տան, նորէն կ ՚ ընտրուին, դարձեալ կհրաժարին, վերստին կ ՚ ընտրուին։ Ասոնց քաղաքականութիւնը միապետական է. խեղճ Սահմանադրութիւնը ինքզինք կպատռէ եւ դարձեալ չէ կարող իւր ձայնը լսելի ընել։ Թաղական խորհուրդն ուզածին պէս կկառավարէ վարժարանն, որ այժմ անդրջրհեղեղեան կարգի դպրոց մը կրնայ համարուիլ։ Ճեմարանն այն աստիճան հինցած է, որ ամենաթեթեւ հով մը փչած ժամանակ երկրպագութիւն կ ՚ ընէ։ Եկեղեցին բաւական հարուստ ըլլալով՝ կարող էր իւր թաղին վարժարանին ծախքերը հոգալ՝ եթէ Աստուած կամենար ։ Թաղեցին այս մասին բոլորովին անհոգ է. իմին ինչո՞ւս պէտք. թաղական խորհուրդն հարկաւ իրաւունք ունի որ, կ՚ըսէ, այսպէս կը վարուի։ Ազնուապետական մասը թաղական խորհրդոյ համամիտ է ամեն խնդիրներու մէջ, եւ այս մասն պատարագի ժամանակ երկու անգամ, առաքելոց ֊ին եւ օրհնեալ եղերուք ֊ին, թաղական խորհրդարանը կ ՚ երթայ, սիկար քաշելու եւ խահուէ խմելու. եթէ երբեմն այս մասէն մին մոռնայ թաղական խորհրդարանն երթալու եւ խահուէ խմելու՝ թաղականէն ժամակոչ մը կղրկուի եկեղեցին եւ իմաց կտրուի այդ աղային, որ խահուէն պաղած է, հրամմէ թող խմէ ։

  Եկեղեցւոյն մէջ առաջին փնտռուելիք բանն է իրենց համար՝ փառաւոր ձայնաւորներ ունենալ. ասոնք կ ՚ ուզեն, որ իրենց ձայնաւորին ձայնը Գատը գեղէն ալ լսուի, որ այդ գեղէն ալ ժողովուրդ գայ իրենց եկեղեցւոյն ։

  Եէնի մահալէն երկուքի բաժնուած է, վերին Եէնի մահալէ եւ ստորին Եէնի մահալէ, եւ Եէնի մահալէ նոր թաղ կոչուելուն բուն պատճառն ալ թաղին հին ըլլալն է ։

Վերին Եէնի մահալէն բոլորովին ազնուապետական է. ամեն մարդու հետ տեսնուելու չզիջանիր։ Ողիմպոսի աստուածներուն հետ միայն տեսնուելու արժանի կհամարին զիրենք։ Այս մասն, ինչպէս ըսինք՝ իւր կարծիքը թաղական աղաներուն տուած է եւ բնաւ բանի մը չխառնուիր. միայն կխառնուի այն խնդիրներուն, որոնք աղէկ միսի, կարագի, բանջարեղէնի, գինիի, օղիի եւ վերջապէս մարմինը ուռեցնելու արհեստին հետ կապակցութիւն ունին ։

  Ահաւասիկ վերի թաղին բնակիչներէն մէկուն խօսակցութիւնն Սէլամսըզցիի մը հետ.

—Էֆէնտի, այսօր ազգային ժողով գացի՞ր ։

—Երթալու միտք չունէի. բայց այդ կողմէն միս առնելու ստիպուած ըլլալով՝ քիչ մը ներս նայեցայ ։

—Ի՞նչ կար ։

—Շուն շանորդիները պատուական միս կը կտրեն կոր

—Ազգային ժողովին համար ըսի

—Վեց ու կէս օխա առի, բայց ասանկ ընտիր միս

—Երեսփոխանները ամբողջ եկա՞ծ էին ։

Բաշա լիմանի գինիով ի՞նչ աղուոր կ ՚ երթայ, գիտե՞ս ։

—Եղբայր, ազգային ժողովոյ մէջ ի՛նչ խօսեցան այսօր ։

—Ի՞նչ գիտնամ, եղբայր փորձա՞ծ էք, ոչխարի միսէն պիֆթէք կշինուի՞ մի ։

—Իմ խօսքի՛ս պատասխանէ ։

—Ի՞նչ պատասխանեմ. ես գիտե՞մ ինչ խօսեցան։ Երեսփոխանին մէկը դուրս ելած մէկուն կպօռար ըսելով, թէ ես քեզի պէս ազգին ստակները կերած չեմ եւ քեզմէ աղէկ օրէնք գիտեմ աղէկ օրէնք գիտնալն ստակ չըներ, մարեան անանկ մէջ կկլլեցունեն որ… այսօր ինչո՞ւ համար քէֆալ չկար ։

—Մնաք բարով ։

—Երթաք բարով. գիշերը եկուր նարտ խաղանք ։

—Տեղս հեռու է, մնաք բարով ։

Վերի թաղին իգական սեռը գեղեցիկ է, բայց արական սեռն այդ գեղեցկութենէ զրկուած է։ Իգական սեռին մէջ բամբասանքն այն աստիճան յառաջ գնացած է, որ եթէ ուրիշ մը բամբասելու համար նստին՝ շաբաթէ մը հազիւ կրնար լմնցունել։ Հոս կիներն պատուհաններու առջեւ կը նստին եւ փողոցէն անցնողին հասակին, քթին, մօրուքին, հագուստին վրայ դիտողութիւններ կ ՚ ընեն։ Կիները հոս երկու գլխարկով եկեղեցի կ ՚ երթան, թէպէտեւ մէկ գլուխ ունին։ Գլխարկին մէկն իրենց գլուխը կը դնեն եւ միւսն սպասաւորն կտանի իրենց ետեւէն։ Եկեղեցւոյ մէջ գլխարկը կփոխուի։ Կիներուն գլուխներն այնքան փոքր են, որ հիմակուան գլխարկներէն հատ մը բաւական էր չորս կնկան գլուխ գոցել՝ եթէ սովորութիւն ըլլար չորս֊հինգ հոգիի մէկ գլխարկ դնելը։ Նորաձեւութիւնը հոս կպաշտուի։ Եէնի մահալէցուհին Սէլամսըզ կ ՚ երթայ եւ անկէ հագուստի նոր ձեւեր կը գողնայ ։

Վարի թաղն հասարակապետական է։ Երիտասարդութեան մէջ երբեմն շարժում կը տեսնուի, բայց այդ շարժումն միշտ ապարդիւն կմնայ. վասնզի միապետութիւնն թող չտար, որ երիտասարդութիւնը գործէ ։

Այս թաղին մէջ ալ ընկերութիւններ հաստատուած եւ կործանուած են. թէպէտեւ այժմ չգիտենք, թէ ընկերութեան մասին ի՛նչ վիճակի մէջ է, սակայն դիւրին է գուշակել, որ կա՛մ ընկերութիւն մը կազմուելու վրայ է կամ ընկերութիւն մը կործանուելու վրայ։

  Երիտասարդութեան մէջ մաս մ ՚ ալ կայ, որ ինքզինք ձայնաւորութեան տուած է եւ աղուոր խաղեր երգելով՝ պօռալ կփափաքի. այս մասին կարծիքն այն է, թէ գեղեցիկ ձայնով խաղ կանչելն մեծապէս կնպաստէ ազգային յառաջադիմութեան եւ թէ՝ եթէ քիչ մ ՚ ալ օղի կամ գինի խմելով խաղեր կանչուին՝ ազգին վերականգման գործը դիւրացած կը համարուի ։

Թաղեցւոյն ընդհանուր լեզուն տաճկերէն է, իսկ աղքատներունը հայերէնով խառն տաճկերէն ։

Գինետուն յաճախողները մեծ մասամբ աղքատ են եւ մոլի. իրենց սովորութիւնն է ժամը չորսին տուն դառնալ։ Հարուստները չեն երթար գինետուն եւ չերթալու ալ պատճառ ունին. վասնզի գինետուններն իրենց տուներնուն մէջ փոխադրած են։ Այս թաղին թէ՛ հարուստն եւ թէ՛ աղքատն ընդհանրապէս ուտելու, խմելու, պառկելու եւ քնանալու համար միայն աշխարհ եկած կը կարծէ զինքը։

  Հոս կբնակի Պ. Խաչատուր Միսաքեան, որուն գործերուն հրատարակութեանը կսպասէ դեռ ազգն ։

  Հոս կբնակէր Փունջ լրագրի խմբագիր Պ. Համբարձում Ալաճաճեան, որ իւր թերթը շաբաթն երկու անգամ հրատարակել բաւ կը համարի ազգին ծառայելու համար ։

  Այս թաղն նոյնն է այսօր՝ ինչ որ էր հարիւր տարի առաջ. եւ եթէ երիտասարդութիւնն թաղին գործերուն ձեռք չերկնցնէ՝ երկու դար ալ այսպէս կ ՚ երթայ։ Ուստի Սէլամսըզցիին կ ՚ իյնայ, որ շաբաթը մէկ անգամ հսկում ընէ իւր դրացւոյն համար ։

  Շատերը կպնդեն, թէ եթէ Եէնի մահալլէցիք քանի մը շաբաթ ուրիշ գեղ մը փոխադրուին օդափոխութեան համար՝ թաղին օդը կփոխուի եւ թաղեցին ալ իւր կարծիքներուն մէջ փոփոխութիւն զգալով՝ քիչ մը կարթննայ քունէն ։

Տեղւոյս քարոզիչն է Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան, որ եպիսկոպոսանալու համար Ղալաթիոյ օճախը գործիք եղած է ժամանակաւ, եւ իւր ձեռներէն բռնելով քալեցնող Հայրիկն տապալելու աշխատած է գիշեր ցերեկ… թերեւս օր մը արդարանար այս մարդն, եթէ աշխատակից չլինէր այնպիսի խմբակի մը, որ իրեն անձնական շահուն համար կգործէ միայն։ Արդեօք պատրիարք ըլլալու համար զո՞վ պիտի մատնէ այս կրօնաւորը…։