Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԲ.
ՄԱՔՐԻ ԳԻՒՂ

  Այս գիւղին մէջ միշտ փափագ մը կը տեսնուի յառաջադիմութեան, բայց յառաջադիմութիւն բնաւ չտեսնուիր։

Տասը տարիէ հետէ ամեն ջանք ի գործ կդնեն իրենց վարժարանը բարեկարգելու համար, սակայն վարժարանը բարեկարգութեան երես չտեսներ։ Այս օրերս վարժարանի հոգաբարձութիւնը հրաժարական տուաւ իւր պաշտօնէն, զոր ուրիշներն ստանձնել կ ՚ ուզեն եւ չեն յաջողիր։ Վարժարանը բարեկարգելէն առաջ թաղեցւոյն սիրտը բարեկարգելու պէտք կայ ։

Եկեղեցասիրութիւնն հազուագիւտ է թաղիս մէջ. ժամկոչը ուրիշ թաղերէն մարդ կը կանչէ եկեղեցւոյն ։

  Բնիկ գեղացին արհեստաւոր է եւ վարժարանի վերաբերեալ խօսքերուն մէջ բնաւ չխառնուիր։ Կգտնուին հոս վաճառականներ, որք ուրիշ թաղերէ եկած են հոս, կա՛մ օդափոխութեան համար կամ իրենց պարտատէրներուն չերեւալու համար ։

Գեղիս գլխաւոր զբօսավայրն է Սաքըզ աղաճի կոչուած զբօսավայրն, ուր սիրահարութեան դէպքեր շատ կպատահին ։

  Գեղիս մէջ ջուր չկայ. ուստի հոս կրնան երթալ այն ծնողներն, որք կը վախնան, թէ իրենց տղաները ջուրի մէջ կ ՚ իյնան եւ կխղդուին. վասնզի խմելու իսկ ջուր չգտնուիր. երբեմն ծովուն ջուրը կխմեն լողալ սորվելու համար ծովը մտնողները

Գիւղիս հայ տուներուն թիւը որոշ չգիտցուիր. վասնզի օրէ օր աւելնալու վրայ է, ինչպէս նաեւ ազգասէրներու թիւն, որ վայրկենէ վայրկեան պակսելու վրայ է ։