ԻԲ.
ՂԱԼԱԹԻԱ
Ղալաթիոյ
սահմանն
է
—
հարաւէն
քսակահատներ,
արեւելքէն
գինովներ,
հիւսիսէն
ոճրագործներ
եւ
արեւմուտքէն
երգիչ
աղջիկներ
։
Դրամի
կողմէն
սահման
չունի.
մոլութիւններու
մասին
անսահման
է
։
Դաշտի
վրայ
շինուած
ըլլալով՝
ամառը
գրեթէ
միշտ
ցամաք
է.
իսկ
ձմեռը՝
թաղիս
երեք
քառորդը
ծով
կդառնայ
եւ
մէկ
քառորդը
ցամաք
կմնայ։
Այս
թաղը
երկու
տեղագրութիւն
ունի,
մին
ամառուան
եւ
միւսը
ձմեռուան.
ամառուան
տեղագրութիւնն
առաջնորդ
բռնելով
եթէ
ձմեռն
այս
թաղին
մէջ
պտըտիլ
ուզես՝
ջուրերու
մէջ
կխղդուիս.
իսկ
եթէ
ձմեռուանովն
ամառ
ատեն
հոս
շրջագայիս՝
նաւդ
ցամաքը
կնստի։
Արդ
մեծ
զգուշութեամբ
քալելու
ես
այս
թաղին
մէջ,
որպէսզի
վտանգի
մը
մէջ
չիյնաս
։
Գլխաւոր
լեռն
է
Ղալաթիոյ
աշտարակը,
որ
Բաբելոնի
աշտարակ
ալ
կրնայ
կոչուիլ՝
երբ
քաղաքական
տեսակէտով
նայուի
հոն։
Հրդեհի
նշանը
կտրուի
միշտ
այս
լեռնէն,
որուն
գագաթը
ձիւն
չգտնուիր
բնաւ
այլ
միայն
կրակ,
եւ
ասոր
համար
հրաբուխ
լեռ
ալ
կկոչուի
։
Ջերմուկներն
են
գինետուններն,
որոնց
մէջ
մարդ
չափէն
աւելի
կքրտնի։
Հանքային
ջուրերն
են.
ապսենթ,
մասթիքա,
քօնեաք
եւ
այլն։
Գլխաւոր
ջերմուկն
է
Քօմիսիօն
խանը,
ուր
քօնսօլիտի
վրայ
գործ
կլինի։
Ամենէն
աւելի
քրտնցնող
ջերմուկն
է
այս,
որուն
մէջ
շատերը
կմտնեն
ուժ
առնելու
համար,
եւ
ուժաթափ
դուրս
կելնեն
անկէ
։
Թաղիս
ամենէն
մեծ
ճանբան
այն
է,
որ
ուղղակի
մինչեւ
Միջագիւղ
կտանի,
եթէ
թրանվէյ
ի
կառքերուն
մէկուն
տակը
չմնայ
մարդ
։
Կրօնքը
շատ
է.
գործածականը
յայտնի
չէ
։
Բնակիչն
է
խաղամոլութիւն.
թիւն
որոշ
չգիտցուիր
։
Թաղիս
օդը
բնաւ
կարեւորութիւն
չունի.
ամենքը
կյարգեն
Քօմիսիօն
խան
ին
օդը,
որ
շատերուն
կը
վնասէ
եւ
սակայն
ամենուն
ալ
սիրելի
է
։
Թաղիս
մէջ
բնիկ
հազիւ
քսանըհինգ
կամ
երեսուն
տուն
կայ
Հայու։
Պանդուխտ
եղբայրներն,
որք
ստորերկրեայ
տեղեր
կբնակին
հոս՝
ամեն
կիրակի
օրերը
թաղին
եկեղեցին
կ
՚
երթան
եւ
գանձանակներուն
ստակ
կը
ձգեն։
Եթէ
թաղեցիներուն
մնար՝
շատուց
ծախուած
էր
եկեղեցին,
որ
այսօր
շատ
եկամուտներ
ունի
։
Այս
եկեղեցւոյն
թաղական
խորհրդարանին
մէջն
էր
ժամանակաւ
Ղալաթիոյ
օճախը
։
Այս
եկեղեցւոյն
մէջ
կ
՚
ըլլան
ազգային
Երեսփոխանական
Ժողովոյ
նիստերն,
որք
ամեն
արժանիք
ունին
Ղալաթիոյ
աշտարակին
մէջ
տեղի
ունենալու
։
Հոս
բարձրացած
է
Կենդրոնական
վարժարանն,
որ
դեռ
բացուած
չէ
։
Ղալաթիացին
տասներկու
տարիներէ
ի
վեր
կփափաքէր
վար
առնելու
իւր
թաղականն,
որ
ազգային
շահերուն
ջերմ
պաշտպան
ըլլալով՝
չէր
թողուր,
որ
քիչ
մ
՚
ատեն
ալ
ուրիշները
թաղականութիւն
ընեն
եւ
խնդան.
իսկ
այս
տարին
թաղեցին
յաջողեցաւ
հրաժարեցնել
իր
թաղականն,
որ
լալով
հեռացաւ
խորհրդարանէն։
Ընտրուեցաւ
ուրիշ
թաղական
խորհուրդ
մը,
որուն
անդամներուն
մէջ
անշահասէր
մարդիկ
կգտնուին,
սակայն
ասոնք
ալ
դասատուներու
փոփոխութիւնը
շատ
կը
սիրեն
եւ
գրեթէ
շաբաթ
չանցնիր,
որ
առանց
պատճառի
դասատու
չփոխեն
։
Հոս
է
կենդրոնական
թանգարանն,
որ
ըստ
ծանուցման՝
շաբաթն
երեք
օր
բաց
է
եւ
ըստ
իրողութեան՝
շաբաթը
ժամ
մը
միայն
բաց
է՝
սիկառա
խմել
ուզողներուն
։
Այս
թաղն
է
Միացեալ
ընկերութեանց
գրասենեակն,
որ
երկու
ամսուան
մէջ
երկու
գործադիր
ժողով
տեսնելու
պատիւն
ունեցաւ։
Աստուած
երրորդէն
պահէ
։
Վերջապէս
այս
թաղն
կենդրոնական
ըլլալով՝
շատ
դիւրութիւններ
կու
տայ
մեզի՝
հոն
երթալու
եւ
շաբաթը
քանի
մը
անգամ
ազգային
խնդիրներու
վրայ
կռիւներ
յարուցանելու
։