Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ՊԷՇԻՔԹԱՇ

Սըսսսթ… ձայն մի՛ հաներ, վերարկուդ կոճկէ՛, ձեռներդ ալ ննջեցեալի մը պէս կուրծքիդ վրայ դի՛ր եւ բարեւ բռնէ. աջ կողիդ մի՛ նայիր, ձախդ ալ մի՛ դառնար. գլուխդ վեր մի՛ բռներ. վար ալ մի՛ բռներ. ետեւդ մի՛ նայիր, առջեւդ ալ մի՛ նայիր. ահա ասոնք են իմ հրահանգներս Պէշիքթաշի մէջ քալելու համար. ասոնք են ահա այս թաղին փողոցի կանոնադրութեան յօդուածներն, որ մինչեւ ի վերաքննութիւն՝ սահմանադրութեան յօդուածներու պէս գործադրուելու են գոնէ փողոցներու մէջ։ Իսկ եթէ այս շրջանակը նեղ գտնես, ինչպէս Պատրիարքները սահմանադրութեան շրջանակն, եւ անկէ քիչ մը դուրս ելնել ուզես, ինչպէս Պատրիարքները սահմանադրութեան շրջանակէն՝ խստապահանջ չեմ ըլլար եւ թոյլ կու տամ քեզի, որ գոնէ առջեւդ նայիս, որ չիյնաս, վասնզի եթէ իյնաս եւ երկու ոտներդ ալ կոտրես՝ ոչ ոք կու գայ ձեռներէդ բռնելու եւ քեզի օգնելու. դու քեզի օգնէ որ, կ՚ըսեն այս թաղին պարոնները, Աստուած քեզի օգնէ, եւ այն վիճակի մէջ թող կու տան զքեզ, որ Աստուած քովդ գայ, ձեռներէդ բռնէ եւ Վէզիր խանը տանի զքեզ ոտներդ կապել տալու համար։ Ժամանակաւ Ինքնօգնութիւն բառը չկար մեր ազգին մէջ. նոյն ֊ իսկ Ինքնօգնութեան հեղինակն անպատճառ Պէշիքթաշ բնակած ըլլալու է եւ հոն զգացած ըլլալու է այսպիսի գիրք մը յօրինելու եւ հրատարակելու պէտքը։ Արդ առջեւդ նայէ, որ չիյնաս եւ ողջ առողջ ելնենք սա թաղէն ։

Սա նեղ փողոցէն վեր ելնենք ու եկեղեցին մտնենք, վասնզի շատ թաղերու մէջ անպատճառ նեղ փողոցէն անցնելու է եկեղեցի երթալու համար ո՞վ ապաքէն նեղ ճանբան միշտ արքայութիւն կտանի։ Ժամանակաւ այս թաղին մէջ ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութիւն ունէր իւր քալբաք ին մէջ. քալբաք ներուն վերնալէն ի վեր ժողովրդեան մէջ բարեպաշտութիւնն ալ վերացաւ։ Կրօնական ժողովը, տղայական խնդիրներով զբաղելով տղայական որոշումներ տալու տեղ՝ պարտաւոր էր ժողովուրդը եկեղեցասիրութեան վարժեցնելու համար անոր գլուխը քալբաք անցունել։ Տե՛ս սա եկեղեցին, ի՜նչ ճաշակով շինուած է. այլ ի՞նչ օգուտ, մէջը հաւատացեալէն աւելի փոշի կայ եւ փոշիներէ մաքրուելու համար դրան քով գոնէ մէկ վրձին ալ չկայ։ Թաղականներն ո՞ւր են… քահանաներն ի՞նչ կ՚ընեն, քարոզիչն ո՞ւր է…։ Մի՛ հարցուներ. քահանաները իրենց քարոզչին հետ շաբաթը հինգ անգամ կռիւ կ՚ընեն եւ վեց անգամ կը հաշտուին։ Թաղեցւոյն ժողովրդեան մասը քահանայներու կողմը կբռնէ, իսկ ազնուական մասն՝ քարոզիչինը։ Ի՞նչ է ասոնց կռւոյն պատճառը։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ կրօնականներու կռւոյն պատճառն. կա՛մ իրենց յուսացածին չափ մարդ չմեռնիր եւ կամ հարսանիք ու կնունք չըլլար, որով իրենց պիւտճէ ին հաւասարակշռութիւնը կկորսուի։ Միթէ ասոնց պիւտճէն հաւասարակշռելու համար ամեն օր մեռնելո՞ւ է, ամեն օր կի՞ն մ՚առնելու է, ամեն օր զաւա՞կ ունենալու է։ Այո՛, եթէ այս անկարելի է՝ Գերմանիայէն ելմտագէտ մը բերելու է, որ կանոնաւորէ ասոնց պիւտճէն ։

Այս թաղն ալ ունի երկու վարժարաններ, որոնց մէջ օր մը մեր թոռներու թոռները պիտի կրթուին՝ եթէ պէշիկթաշցին յաջողի մինչեւ նոյն օրը բարեկարգել իւր դաստիարակութեան շէնքերը։ Պէշիքթ աշցին, իւր վարժարանները կանոնաւորելու համար, քսան տարիէ վեր դասատու կփոխէ, հոգաբարձու կփոխէ, գրասեղան կփոխէ, տնտես կը փոխէ, գրիչ կփոխէ, թաղական կփոխէ, գիրք կփոխէ, եւ դարձեալ չյաջողիր. թող անգամ մ՚ալ դպրոցին աշակերտները փոխէ, տեսնենք ի՞նչպէս կ՚ըլլայ. եթէ դարձեալ յուսացած արդիւնքը չտեսնուի՝ այն ատեն հարկ կ՚ըլլայ թաղեցւոյն փոխել իւր… իւր… լաթե՞րը… ոչ, իւր… գլուխը։ Այս թաղին մէջ կբնակի Իւթիւճեան, Մասիսի խմբագրապետը, որ կարող է այդ վարժարաններու տնօրէնութիւնն իւր վրայ առնել եւ թաղին զաւակներուն դաստիարակութեանը աշխատիլ, սակայն կը վախնայ խեղճն, որ ասանկ պաշտօնի մը գլուխ անցնելուն պէս՝ քանի մը ամիսէն իւր տունը պիտի քարկոծեն. Պէշիկթ աշցին ասոր փորձը տուած է դժբախտաբար։— Իւթիւճեան այս քարկոծումէն չէր վախնար՝ եթէ Մասիսի եկամուտը ներէր շաբաթը մէկ անգամ նոր ապակիներ անցունել իւր տանը պատուհաններուն։

Մասնաւոր վարժարան մը կայ հոս, որ աշակերտներուն Հայոց պատմութիւն միայն կկարդացունէ։ Մէկ դասագիրքը երկու անգամ կկարդացունէ. աշակերտն զայն լմնցնելուն պէս՝ Փափազեանի Հայոց պատմութիւն մը կտրուի իրեն. աս ալ երեք անգամ կարդալէն ետքը Սուրէնեանը կկարդայ. ասոնց կյաջորդեն միւս Հայոց պատմութիւն ները, զորս երեքական անգամ կկարդայ իրարու ետեւէ։ Աստուած քառասուն տեսակ Հայոց պատմութիւն տուած ըլլալով մեզի՝ խեղճ աշակերտները դեռ չկրցին անոնց ամենը կարդալ լմնցնել, որ մենք ալ տեսնէինք, թէ այս դասատուն Հայոց պատմութիւն ֊ էն վերջը ի՛նչ դասագիրք պիտի տայ աշակերտներուն։ Այս դասատուն, կ ՚ ըսեն, միայն քանի մը հարուստ ծնողներ կհրաւիրէ քննութեան ։

Պէշիկթաշի մէջ մաս մը կայ, որ վաճառականութեամբ կամ արհեստով կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ չգիտցուիր ինչպէս կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ պարտք դիզելով կապրի, մաս մ ՚ ալ կայ, որ շաբաթականով կամ ամսականով կապրի։ Այս վերջինն ամենէն մեծ մասն է, որ մեծ վարժութիւն ըրած է՝ գետինը ծռելով գետնէն բա՞ն մը առնելու ո՛չ, գետնէն բարեւ առնելու եւ տալու։ Այս մասին բերանէն բնաւ չպակասիր սիկառան եւ ծառայ եմ ը։ Եթէ օր մը հարիւր անգամ ծառայ եմ չըսէ՝ հետեւեալ օրը պաշտօնէն կհանուի։ Այս խեղճերը պաշտօնէ չզրկուելու համար վարժապետի մը երգ մը շինել տուած են ծառայ եմ նաքարաթով եւ ամեն իրիկուն սեղանը չնստած այդ երգը կերգեն։ Միջագիւղ ալ կերգեն նոյն երգը Շիրքէթի Խայրիլէյի մէջ պաշտօն վարող երիտասարդներն, որոնք Միջագիւղի ազգայիններուն կէսը կկազմեն ։

Ով որ այս թաղը կ ՚ երթայ՝ պարտաւոր է արատ հանող փոշիէն քիչ մը հետը տանելու, վասնզի քիչ մարդ կայ, որ այս թաղը մտած ըլլայ եւ վրան արատ քսուած չըլլայ. հոս արատն առատ է ։

Անցեալ դարէ մնացած փաստաբաններ կգտնուին հոս եւ որոնք Աստուծոյ վերաբերեալ դատերը կփաստաբանեն։ Ասոնք ժողովրդեան կողմէ վաւերացուած փաստաբաններ ըլլալով՝ Պէշիկթաշի ճարտասանները կհամարուին ։

Աղաչելու եւ պաղատելու այնքան վարժուած են, որ երբ այդ խղճուկ բարեւներով դէմդ կելնեն՝ կստիպուիս կամ պաշտօն մը կամ քսակդ անոնց տալ. ասոնք երբ ուզեն՝ իրենց աչերէն արտասուք ալ կհանեն ։

Երիտասարդութիւն չկայ հոս. երբ ազգային խնդրոյ մը համար խորհրդակցիլ հարկ ըլլայ՝ Սամաթիայէն կամ ուրիշ թաղէն մարդ կկանչեն. իսկ եթէ թաղն տեղէն առնես տանիս՝ ժողովուրդը ձայն չհաներ. այնքան խաղաղասէր է ։

Ինքզինքն ազնուական կարծող մասն առանց գինետուն կամ նպարավաճառի մը խանութը հանդիպելուն շիտակ տուն կ ՚ երթայ. իսկ մնացած մասերը գինետուն ալ կ ՚ երթան զբօսարան ալ եւ նարտ կամ թուղթ կխաղան կիրակի օրերը մինչեւ երեկոյ։ Ոմանք ալ գիշերները մէյմէկ տուն հաւաքուելով բրէֆա կխաղան ։

Ասոնք, երբ փողոցի մէջ գտնուին՝ իրենց բարեկամը չտեսնելու կզարնեն եւ բարեւ տալու կը վախնան, որ չըլլայ թէ իրենց բարեկամին խահուէ մը հրամցնելով քսան փարա վատնեն ։

Ընկերականութիւնն հոս այնչափ յառաջ գացած է, որ երկու դրացի զիրար չեն ճանչնար եւ միջագիւղցիին կհարցնեն, թէ ո՛վ է իրենց քովի տունը նստող ընտանիքն ։

Պէշիկթաշցին այն աստիճան քաջասիրտ է, որ չորս պէշիկթաշցի կարող է մէկ մուկի դէմ կռուելու։ Ամեն անգամ որ Լա պէլ Էլէնի ներկայացում տրուած է՝ Այաքս ներու դերերը կատարելու համար պէշիկթաշցի դերասաններ փնտռուած են ։

Այրերը հոս շաբաթն երկու անգամ շապիկ կփոխեն։ Երբ ազգասիրութեան վրայ խօսք բացուի՝ կ ՚ ըսեն նախ բաղնիք եւ ապա ազգ։ Ասոնք, քիչ բացառութեամբ, ժամերով սափրիչներու առջեւ կնստին, եւ ածիլուելէն առաջ երեք ժամի չափ մազխիլով կփետտեն իրենց բեխերուն ծայրերն եւ կլոր ձեւ մը կու տան անոնց ։

Դառնանք իգական սեռին ։

Գեղեցիկ սեռն փողոցը քալած ժամանակը գետինը չնայիր, այլ երկինք, եւ աս ալ թերեւս իւր պարանոցն ցոյց տալու համար։ Կիները հոս մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց էրիկներուն վրայ, որոնք միշտ կիներուն ետեւէն կքալեն ըստ աւետարանին՝ թէ թողցէ այր զհայր եւ մայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ ։ Կիներն այրերու հնազանդելու տեղ՝ այրերը կիներու կհնազանդին։ Պէշիկթաշի կիները գեղեցիկ են, տան տիկին եւ տնաշէն. հոս բրնձի փոշին շատ յարգ չունի։ Պարզասիրութիւնն ալ քիչ յարգ ունի. վասն զի Պէշիքթաշի թաղն Բէրայի շատ մօտ ըլլալով՝ թաղիս իգական սեռը շաբաթը գոնէ մէկ անգամ Բէրա կ ՚ երթայ եւ նոր ձեւը կ ՚ առնէ տունը կբերէ ։

Այս թաղին կիներն այրերէն աւելի ազգասէր են, բայց օրուան մեծ մասն իրենց հագուստ ձեւելու եւ կարելու յատկացուցած ըլլալով՝ ժամանակ չեն գտներ աղջիկներու վարժարանն անգամ մը աչքէ անցունելու ։

Պզտիկ աղջիկներուն գալով՝ ասոնք փողոցէն անցնողներէ չտեսնելու եղանակով մը պատուհաններուն առջեւը կնստին, եւ քովի տունը զարնուելուն պէս՝ իրենց գլուխը պատուհանէն դուրս կհանեն եւ դուռը զարնողը գլխէն մինչեւ ոտները քննելէն ետեւ վազելով վար կ ՚ երթան, եւ իւրաքանչիւրն իրեն մօրը կ ՚ իմացունէ, թէ այս կազմով, այս հասակով, այս գոյնով մէկը եկաւ դրացւոյն տունը։ Մայրերն շնորհակալութիւն յայտնելով այս փոքր դեսպաններուն՝ նորէն վեր կը ղրկեն զանոնք, որ աղէկ մը մտիկ ընեն, թէ ի՛նչ կխօսուի դրացւոյն տունը եւ իրենց իմացունեն ։

Պէշիկթաշցին գարնան ֆուլեալըք կ՚երթայ եւ ամառն Օխլամուր ըսուած զբօսավայրն, ուր կիրակի օրերը օգգապազ կխաղան եւ անբարոյական խօսքեր ընելով բարոյականութիւն կքարոզեն հանդիսականներուն, որոնց մէջ պատուաւոր այրեր եւ կիներ գտնուելէն զատ վեց եօթը տարու տղայներ ալ պակաս չեն. իսկ ձմեռը տան մէջ կփակուի կնստի, մինչեւ որ անունի տօնախմբութիւններն սկսին։ Այս տօնախմբութիւններն սկսելուն պէս ա՛լ տուն նստիլն արգիլուած է. ամեն գիշեր անունի երթալու է, մինչեւ առաւօտ գոնէ օխա մը օղի եւ հինգ օխա գինի խմելու է, որ սիրտը հանգիստ ըլլայ ։

Թաղիս օդն ոչ ծանր է եւ ոչ թեթեւ, ոչ ուրախութիւն կպատճառէ եւ ոչ տրտմութիւն, անտարբերութիւն կպատճառէ ։

Այս թաղին մէջ երեք հարիւր յիսունի մօտ հայ տուն կայ, բայց այս տուներուն մէջ քանի՞ մարդ կայ. աս ալ տեղւոյն Թաղական խորհուրդէն հասկնալու է ։

Թաղիս ներքին բերքն է խել մը գլուխներ. տօղրամաճի պաշի, քէրէսթէճի պաշի, չամաշըրճի պաշի, համամճի պաշի. այս գլուխները արքունական շինութիւններու մէջ կգործածուին։ Նշանաւոր է նաեւ այս թաղին քօյուն պաշին ։