Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ.
ՊԱԼԱՏ

Մայրաքաղաքիս թաղերուն առաջինը կը համարուի, երբ աժան գնով բանջարեղէն կամ պտուղ ծախու առնելու վրայ է խնդիրը. փա՜ռք հրեայ ազգին. բուսային ուտելիքն շատ վար գնով կը վաճառուի հոս։ Բայց միայն Պալատցին օգուտ կքաղէ այս աժանութենէ. որովհետեւ Բէրացին կամ Իւսկիւտարցին կաղամբ կամ խնձոր գնելու համար Պալատ չկրնար երթալ, ինչպէս որ ես ալ Ամերիկա չեմ երթար սնտուկ մը կազ գնելու համար ։

  Այս թաղին մէջ կայ քարուկիր մեծ եկեղեցի մը։ Այդ քարուկիր շէնքին անունն է Հրեշտակապետ, որ ինչպէս յայտնի է՝ մահկանացուներուս հոգիները կ՚առնէ եւ որ, ինչպէս յայտնի չէ՝ բժիշկներու վերատեսուչը կը համարուի։ Այսուհետեւ ա՛լ մի զարմանար, թէ ինչո՞ւ ընդհանրապէս շատ համբաւ կստանան այն բժիշկներն, որք ընդհանրապէս շատ մարդ կմեռցունեն. վասնզի անոնք Հրեշտակապետ ին պաշտպանութիւնը կը վայելեն ։

Հրեշտակապետն էր, որ հոգին առաւ Ռոտոսթօյի առաջնորդ Թադէոս եպիսկոպոսին, որուն մարմինն յիշեալ եկեղեցւոյն մէջ թաղուած է։ Եթէ գիտնայինք, որ Հրեշտակապետն մամլոյ ազատութիւնն կյարգէ՝ կ ՚ իմացունէինք իրեն, որ այս ընտրութեան մէջ սխալած է. վասնզի Թադէոս եպիսկոպոսն ազգին շատ վնասակար որովհետեւ բնաւ վնասակար չեղողը չկայ կրօնաւոր մը չէր, եւ եթէ Հրեշտակապետն անպատճառ որոշած էր կրօնաւորի մը հոգին առնել՝ մենք կրնայինք իրեն ներկայացնել քառասուն ընտրելիներ, որոնցմէ իւր ուզածն կարող էր անդիի աշխարհ ղրկել ։

Այս եկեղեցւոյն մէջ ատենօք տասնեւութ քահանայ կապրէր, իսկ հիմայ միայն հինգ քահանայ անօթութենէ կմեռնի ձեզի կթողում թաղեցւոյն ջերմեռանդութեան հաշիւն ընել ։

Պալատ ունի մանչերու թաղային վարժարան, ուր հարիւր ութսուն աշակերտ կ ՚ երթայ։ Կայ նաեւ աղջիկներու թաղային վարժարան մը, որ ութսուն աշակերտ ունի։ Երկու վարժուհի, ինը դասատու, մէկ տեսուչ եւ քառասուն ոսկի օսմանեան՝ կկառավարեն այս երկու վարժարանները։ Այս քառասուն ոսկիին քսանը եկեղեցիէն կը վճարուի, տասներկուքը աշակերտներու թոշակ էն եւ մնացած ութը ոսկին հոգաբարձութենէ, որ բնաւ չդադրիր վիճակ հանելէ եւ նուիրատոմս տպել տալէ յօգուտ այս վարժարանին ։

Հոս թաղական կ ՚ ընտրուին միշտ այն անձերն, որոնց մազն ու մօրուքը ճերմկցած են. իսկ երբ սեւ մազերով ու պեխերով մարդեր թաղական ընտրուին՝ ընտրութիւնն ապօրինաւոր կհամարուի։ Այս սովորութիւնն եթէ իւր վնասն ունի՝ սա օգուտն ալ ունի, որ շատերը, թաղական ընտրուելու փափաքով, իրենց մազերն ու պեխերը չեն ներկեր ։

Պալատու մէջ կար ժամանակաւ Ժողովրդասէր անուամբ ընկերութիւն մը, որուն անունը վերջէն Շահասէր֊ ի փոխուեցաւ եւ որուն քանի մը հարիւր ոսկիներն քանի մը ազգասէր ստամոքսներու մէջ հալեցան։ Հիմայ Աղքատասէր անուամբ ընկերութիւն մը կայ, որ Ս. Ծնունդին եւ Զատկին օրերը թաղին աղքատներուն կբաժնէ տարուան մէջ հաւաքուած գումարը եւ տարին երկու օր կխնդացնէ թաղին աղքատները ։

Վեցհարիւր քսանեւչորս տուն հայ կայ թաղիս մէջ ։

Թաղեցւոյն մեծ մասը արհեստաւոր է, որուն սովորութիւնն է ամեն կիրակի առաւօտ բաղնիք երթալ եւ բաղանիքէն ետքը եկեղեցի եւ եկեղեցիէն վերջը գինետուն։ Աղօթքն, ինչպէս կտեսնուի՝ իւր առջեւն ունի մաքրութիւն եւ ետեւն օղի։ Ըստ մեզ՝ թաղեցին աւելի տրամաբանօրէն վարուած կ ՚ ըլլար՝ եթէ նախ գինետուն երթար, ետքը բաղանիք եւ ամենէն վերջը եկեղեցի մտնէր։ Թէպէտեւ թաղիս մէջ տասը գինետուն կայ՝ բայց թաղեցին հազար հինգհարիւր գինետուն ապրեցնելու կարող է, վասնզի գինետուն պահելն վարժարան պահելու պէս դժուարութիւններ չունի, վասնզի ամեն մարդ ամեն երեկոյ ազգասիրաբար առ նուազն քառասուն բարա կու տայ գինետան ։

  Պալատցին որչափ քիչ դպրոցասէր՝ այնչափ շատ հիւրասէր է. իւր հիւրասիրութենէ ծնունդ առած է հետեւեալ առածը.

«Պաղտատ գնացողը վերադարձած է, իսկ Պալատ գնացողը վերադարձած չէ »։

Եթէ թաղիս մէջ գիշեր մը հիւր գտնուիս՝ զքեզ կատարելապէս կգինովցնեն ։

Մեր ազգայիններն հոս գրեթէ մեծ մասամբ դիւրահաւան են։ Գաղտնեաց գտող, գուշակութիւններ ընող կիներուն մեծ պատիւ եւ հաւատք կ ՚ ընծայեն. ամենէն երեւելի կախարդուհիներն այս թաղին մէջ կբնակին։ Առանձնասէր են. նախապատիւ կհամարին ամիսներով առանձին նստիլ՝ քան թէ ժամ մը մէկ երկու բարեկամներու հետ խօսակցիլ։ Չը մոռանանք ըսել, թէ շատակեր են, եւ եթէ այս դարուս մէջ մէկը պալատցի սպասաւոր մը ունենայ՝ հացավաճառին հետ ամեն օր կռիւ ընելու կստիպուի, կարծելով թէ հացավաճառը մէկ հացի տեղ չորս հաց անցուցած է հաշւոյն մէջ ։

Սովորականէն աւելի անգործ շատախօսներ կան, որք կոյր են մտօք եւ դեղ ալ առնելու տրամադիր չեն՝ իրենց միտքը բանալու համար ։

Թաղիս մէջ սովորութիւն մը կայ, որով մէկն իւր բարեկամներուն բարեւ տալը կդադրեցունէ, եթէ երկու֊երեք հարիւր ոսկի մէկէն վաստկի ։

  Շատ ուշ կամուսնանան հոս. յիսունէն առաջ կարգուիլն անխոհեմութեան նշան կհամարուի, եւ երբ մէկն յիսունէն առաջ կարգուի ամենուն երեսէն կ ՚ իյնայ եւ իբր շռայլ ոք կնկատուի թաղեցիէն։

Երիտասարդութիւն մը կայ սակայն, որ ամեն ճիգ կթափէ թաղը լուսաւորելու համար կազով չհասկնաք։ Այս երիտասարդութիւնն աւելի թատրոն կշինէ քան թէ դպրոց, եւ եթէ իշխանութիւն տրուի իրեն՝ թաղային վարժարանը թատրոնի կփոխէ. եկեղեցւոյ մէջ ալ ներկայացում տալու համար Պատրիարքարանէն արտօնութիւն խնդրելու կ ՚ երթայ ։

  Պալատին կիները նշանաւոր են իրենց պարկեշտութեամբն եւ հաւատարմութեամբ։ Ասոնք շաբաթն երեք անգամ տախտակ կը սրբեն եւ երեք անգամ լաթ կը լուան։ Նորաձեւ հագուստներ հագնելու համար իրենց քունը չեն խռովեր. պարզութիւնը կսիրեն եւ նորաձեւութիւնն միշտ պարզութեան մէջ կգտնեն ։

Թաղիս օդը աղէկ չէ. բայց ի՞նչ ազդեցութիւն ունի աղէկ օդն, երբ մարդ իւր քսակին մէջ օդէն ուրիշ բան չունենար ։