Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԲ.
ՄԱՔՐԻ ԳԻՒՂ

  Այս գիւղին մէջ միշտ փափագ մը կը տեսնուի յառաջադիմութեան, բայց յառաջադիմութիւն բնաւ չտեսնուիր։

Տասը տարիէ հետէ ամեն ջանք ի գործ կդնեն իրենց վարժարանը բարեկարգելու համար, սակայն վարժարանը բարեկարգութեան երես չտեսներ։ Այս օրերս վարժարանի հոգաբարձութիւնը հրաժարական տուաւ իւր պաշտօնէն, զոր ուրիշներն ստանձնել կ ՚ ուզեն եւ չեն յաջողիր։ Վարժարանը բարեկարգելէն առաջ թաղեցւոյն սիրտը բարեկարգելու պէտք կայ ։

Եկեղեցասիրութիւնն հազուագիւտ է թաղիս մէջ. ժամկոչը ուրիշ թաղերէն մարդ կը կանչէ եկեղեցւոյն ։

  Բնիկ գեղացին արհեստաւոր է եւ վարժարանի վերաբերեալ խօսքերուն մէջ բնաւ չխառնուիր։ Կգտնուին հոս վաճառականներ, որք ուրիշ թաղերէ եկած են հոս, կա՛մ օդափոխութեան համար կամ իրենց պարտատէրներուն չերեւալու համար ։

Գեղիս գլխաւոր զբօսավայրն է Սաքըզ աղաճի կոչուած զբօսավայրն, ուր սիրահարութեան դէպքեր շատ կպատահին ։

  Գեղիս մէջ ջուր չկայ. ուստի հոս կրնան երթալ այն ծնողներն, որք կը վախնան, թէ իրենց տղաները ջուրի մէջ կ ՚ իյնան եւ կխղդուին. վասնզի խմելու իսկ ջուր չգտնուիր. երբեմն ծովուն ջուրը կխմեն … լողալ սորվելու համար ծովը մտնողները

Գիւղիս հայ տուներուն թիւը որոշ չգիտցուիր. վասնզի օրէ օր աւելնալու վրայ է, ինչպէս նաեւ ազգասէրներու թիւն, որ վայրկենէ վայրկեան պակսելու վրայ է ։