«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՆԱՐԻ ՀԵԾԿԼՏԱՆՔՆԵՐ

Սիրտս է նոճերու լուսնակը տըխուր`
Որ աղօտ փայլով շող-արցունք կու տայ,
Եւ գիտէ միայն խոկերու մէջ, լուռ.
Գըգուել շիրիմնե՜ր, սըգալ անոնց վրայ:

Սիրտըս քընար մ’է, սիրոյ, սուգի՜ քնար,
Որ թախծոտ լարուած` միշտ կը հեծկլտայ.
Զըւարթ եւ ա՛լ գոհ թըրթռալու համար`
Ժըպիտ մը պէտք է, շո՛ւնչ մը անոր վրայ:

Սիրտս է դալկահար ծաղիկ մը աշնան.
Ո՜հ, կոյս մը բըռնած մատերուն մէջ հուր`
Խօլ հաճոյքներով կը փետըռտէ զայն,
Ու թերթերն հովին կը յանձնէ ըսփիւռ:

Սիրտս է նետահար, գարնան հէգ սոխակ`
Որ քաշկըռտուելով խութի, փուշի վրան,
Իր սիրած վարդին ընկած շուքին տակ`
Կ’ողբերգէ արեան մէջ, օրհասական:

20 յունիս, 1901