«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Քաղցր երազներ - սե՜ւ պատրանք -
Ներսըս ամբողջ կը վառին`
Որոնք, գիտեմ, օր մ’համակ
Պիտի դառնան մոխիր սին:

Ոսկեղէն յոյս եւ իղձեր,
Փախչող թըռիչ մ’ունին յար.
Սառըն ունայնն ու ըստուե՜ր
Կը գըգուին զիս եւ… զաշխա՜րհ:

Վերջալուսին դալկացած
Շողերուն պէս` բիւր խոկեր
Կ’այրին ճակտիս տըխրամած`
Հուսկ նըշոյլով տարուբեր:

Օր մ’այդ նըշոյլ պիտ’ մարի
Հիւծած, յոգնած մըտքիս հետ,
Շարժուն կեանքէն այս` հեռի՜,
Շիրիմ-վըհին խորն յաւէտ:

Հոգիս անդունդ մ’է խաւար`
Ուր ըստուերներ կը թըռչտին.
Հոն տեղ կեանքի մը, մոլար,
Կան ըղձանքնե՛րը վերջին:

Փարատելու համար այդ
Անդունդին մռայլն, ո՛վ Աստուած,
Բիւր շողէդ մէկ ճառագայթ
Հոն կաթեցուր լուսազգեաց:

22 սեպտ., 1901