ԽԱՉԻՆ
Գողգոթայէն
հեւհեւալով
մը
կ’ելլեմ.
Քեզ
հասնելու
բա՛ց
ինձ
ճամբան
ծուռումուռ.
Մէկ
դի
քաշէ
փուշ
եւ
խռիւները
դըժխեմ,
Եւ
հոծ
խաւարը
կուրութեան`
մեղմացուր:
Ի՛նչ
չե՞ս
տեսներ`
որ
ծունկերս
հեղգ
կը
դողան.
Շունչըս
կարճ
է,
եւ
խորթ
արիւնս
է
ցամքած
Ամբարտաւան
սըրտիս
ներքեւ.
բա՛ց
ճամբան,
Քեզ
հասնելու,
քեզ
գըրկելու
ճամբան
բա՛ց:
Ո՜րքան
դըժուար
է
քալել
այս
դարվերէն,
Վարը
մինչդեռ
խոր
ու
խաւար
վըհի
մ’մօտ,
Հեշտանքներու
հուրիներ
զի՛ս
կը
կանչեն`
Վայելքներու
շինած
նեկտար
մ’անծանօթ:
Նենգող
աշխարհն
երակներուս
մէջ
լեցուց
Արիւն
մը,
պի՜ղծ.
կաշկանդեց
սարդ
մ’հոգւոյս
վարդ
Իր
ոստայնով.
ոտքիս
կայ
ցեխ
մը
գըձուձ,
Պիտ’
ինչպէ՞ս
քու
մաքուր
դաշտէդ
անցնիմ
արդ:
Աղուոր
պատկերդ,
որուն
հոգիս
եմ
ըրած
Սուրբ
շըրջանակ
մը,
մաշեր
է.
իր
վըրան
Իմ
տասնեւինն
տարիներուս
սըրընթաց
Բուռն
ալիքները
գոռացին,
կըռուեցան:
Նորէ՛ն
զայն
խոր,
խոր
դըրոշմէ
քու
ձեռքով`
Որ
բնաւ`
բարքի
ըսպառնացող
կոյր
խաւար
Մ’իր
բորբոսն
հոն
չը
սերմանէ,
մըշտախռով,
Հոն
մեղքերու
փոթորիկներ
չոռնան
յար:
Ըսէ՛,
ինչո՞ւ
(ահա
ոտքըդ
եմ
ես
ինկած)
Չես
մերկացներ
զիս
իմ
փըտած
կեղեւէն,
Զայն
կը
թափեն
ինչպէս
բոյսերը
հինցած,
Ինչպէս
օձերն
իրենց
խորխեր
կը
փոխեն:
Ո՛հ,
ինչո՞ւ
դուն,
որ
փոխեցիր
աշխարհն
հին`
Նոր
աշխարհի,
խաւարի
սաղմը`
լոյսի,
Հեթանոս
ուղխը`
քրիստոնեայ
հեղեղին,
Որուն
ակն
է
արփիածաւալ
բիբն
Յոյսի:
Դու,
որ
եղար`
իբրեւ
երկինք
վարդերանգ,
Սուրբ
անկողին
մը
Արեւուն
ինքնագոյ.
Դու,
ո՜վ
Մեծ
Սէր,
Խաղաղութի՜ւն,
ո՜վ
Խոհանք,
Ո՜վ
Գիտութիւն,
ո՜վ
սուրբ
Նըշան
հաւատոյ:
Անարգանքները
դարերու`
վըրայէդ
Կըրցաւ
միայն
սըրբել
արիւնն
Անմեղին.
Ամբողջ
աշխարհն`
այդ
արեան
մէջ
խընկաւէտ
Արդ
կը
մաքրի,
բացած
սիրտն
իր
քու
սըրտին:
Այսօր
կ’իշխես
մէկ
բեւեռէն
մինչեւ
միւս.
Փառքիդ
դրօշակը
չորս
հովեր
կը
յուզեն.
Հովանիէդ,
օր
մը,
հիւլէ
մը
իսկ
դուրս
Պիտի
չմնայ:
Մարդիկ
քեզմով
պիտ’
սիրեն:
Գուցէ
աշխարհս
իր
ճամբայէն
խոտորի`
Ու
արեւուն
չորս
դին
չընէ
ալ
շըրջան,
Կամ
Ամազո՛նն
իր
ընթացքէն
մոլորի`
Ու
չհասնի
ալ
թափիլ
ովկիանն
Ատլանտեան,
Սակայն
քուկին
հետքըդ
բըռնող
մարդ
անցորդ
Պիտի
երբեք
չը
մոլորի,
չը
խաբուի…
Կÿուզեմ
ես
ալ
այդ
հետքն
առնել
առաջնորդ`
Այդ
ճամբայէն
երթալ
յոյսով
կորովի:
Եթէ
կ’ուզես
զանի
դարձուր
դու
խոպան.
Հոն
ջուր,
ըստուեր,
ծաղիկ,
աւազ
եւ
պարէն,
Բա՛ն
մը,
բանիկ
մ’ալ
մի՛
թողուր,
չորցուր
զայն,
Եւ
պիտի
ես
այդ
ճամբէն
գամ,
այդ
ճամբէն:
Կ’ուզեմ
ճըզմել
զիս
անուշիկ
բեռիդ
տակ,
Եւ
մոռացօնքն
(որ
ինծմէ
քե՛զ
եղած
է)
Լըւալ,
սըրբել
արցունքներովըս
համակ…
Արիւնածոր
թեւերդ
վըրա՜ս
տարածէ:
Ո՛հ,
ի՜նչ
հեշտանք
է`
երբ
կայլակ
առ
կայլակ`
Մեծ
խորհուրդիդ
մէջ
հիւծի
մասս
հողային.
Երբ
մըտածումս,
եւ
մութ
խորքերը
ցամաք
Ապագայիս`
գաղափարիդ
մէջ
թաղուին:
Երբ
արեգակն
ա՛լ
չը
ժըպտի
ինձ
համար,
Երբ
մարդկութեան
մահուան
կըսկիծն
ինձ
չըլլայ`
Կ’ուզեմ,
շուրջիս
ամայութեան
մէջ,
դո՛ւ
յար
Վըրաս
իշխես`
հող
սընարիս
մերձակայ:
Կ’ուզեմ
միայն
քու
քառաթեւ
շուքիդ
տակ
Մոխիր
դառնան
ըղեղս
ու
սիրտս
ամբարիշտ.
Եւ
թեւիդ
վրայ
թառած
երգէ
մի
թըռչնակ.
-Խաղաղութի՜ւն,
խաղաղութի՜ւն
եւ
հանգի՜ստ: