Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՔԻԱ-ՄՈՒՆԻ

Անոնց համար, ոյց անծանօթ ըլլալով Սաքիա-Մունին` դժուարաւ պիտի հասկնային մասնաւորապէս ոտանաւորիս վերջին մասն, հակիրճ ծանօթութիւն մը կու տամ աստանօր Պուտտայականութեան հիմնադրին վրայ։

Հիմալայայի հարաւակողմն` ի Նեբալ, Քաբիլավասդու քաղաքին մէջ, Քրիստոսէ վեց հարիւր ամ յառաջ կը թագաւորէր Սուտտօտանա` Կոդամայից (արեգական որդւոց) ցեղէն։ Իւր ցեղէն Մայեա անուն կին մ՚առաւ, որմէ երկար տարիներ զաւակ չունեցաւ։ Մայեա գիշեր մը տարօրինակ երազ մը տեսաւ. երկնից խորէն վեց շառաւղօք աստղ մը շողշողուն օդերեւոյթի մը նման եկաւ, հալեցաւ եւ իւր էութեան խառնուեցաւ։ Երբ արթնցաւ, անճառ երանութիւն մ՚ողողեց իւր բոլոր էութիւնն, եւ սքանչելի լոյս մը կանխեց առաւօտն. երկինք եւ երկիր դղրդեցան, եւ ձայն մը լսուեցաւ, որ կը մրմնջէր. «Մտիկ ըրէ՜ք, յուսացէ՜ք, Պուտտան աշխարհ եկա՜ւ»։ Մայեա այնպիսի շլացումներ ունեցաւ, որ չը կրցաւ պալատան մէջ մնալ. եւ ծառի մը տակ ծնաւ մանուկ մը` կորնթարդ ճակատով, որ մեռած կարծուեցաւ, քանզի բնաւ ճիչ մը չարձակեց, երբ արեգական բացաւ խորին ու տրտում աչեր։ Անծանօթ սուրբ մ՚եկաւ երկրպագանել հրաշածին մանկան։ Սուտտօտանա կոչեց իր որդին Սիտտարթա, որ ամենայաջող կը նշանակէ, քանզի պալատան կախարդք գուշակած էին, թէ մեծ տիրապետ մը պիտ՚ ըլլար մանուկն։ Իմաստուն Վիսվամեդրան դաստիարակ եղաւ մանկան, որուն օր մը վարպետն ըսաւ. «Դուն իմ դպրոցս կու գաս` ցոյց տալու համար ինձ, թէ ամեն բան գիտես` առանց ուսած ըլլալու»։ Հայրն յոյժ մտատանջ էր` տեսնելով Սիտտարթան, որ անընդհատ կը խոկար ռիշիի (անապատական) մը նման։ Կը փափաքէր, որ տղան մեծ աշխարհակալ մ՚ըլլայ. ուստի իր պաշտօնէից խորհրդով տասնեւութամեայ հասակին մէջ զայն ամուսնացուց երկրին ամենէն գեղեցիկ աղջկան հետ` Եազօտարա անուն, որ նոյնպէս արեգական որդւոց ցեղէն էր։ Սակայն Սիտտարթայի հայրն յաւէտ կը կասկածէր իւր որդիէն, որ խորին բերմունք ունէր անապատականութեան։ Ուստի Քաբիլավազդու քաղաքին մէջի Ռոհինիէն ոռոգուած գեղածիծաղ բլուրի մը վրայ հեշտաւէտ հովանոց մը շինել տուաւ եւ այն սիրաւէտ բանտին մէջ դրաւ Սիտտարթան եւ Եազօտարան։ Այլ Սիտտարթան երջանիկ չէր. երբեք-երբեք կարծէր նա լսել հեռաւոր հեծեծանաց եւ ողբոց ձայներ։ Գիշեր մը քունէն ընդոստ արթնցաւ` գոչելով. «Կ՚իմանամ, գիտեմ, կու գամ»։ Եազօտարան ալ արթնցաւ եւ հարցուց. «Ի՞նչ կը պակասի տիրոջս»։ «Չը գիտեմ», - պատասխանեց Սիտտարթա. դէմքն աստուածային ցոլացում մ՚ունէր։ Անգամ մը դուրս ելաւ կառքով, եւ ծերունի մը տեսաւ` դողդոջուն ու թշուառ։ Ուրիշ օր մը ոտքով ելաւ դուրս եւ հիւանդ մը տեսաւ` կեղալից, անբժշկելի։ Պահ մը յետոյ դիակ մը տեսաւ` նեխեալ։ Խորհեցաւ, թէ երիտասարդութիւն, առողջութիւն եւ կեանք ունայն են, քանզի չեն կարող տոկալ ծերութեան, հիւանդութեան ու մահուան։ Տուն դարձաւ, գիշերն ելաւ, Եազօտարայի վրայ հակեցաւ, արտասուեց ու մեկնեցաւ անդարձ։ Սուրն հանեց մէջքէն, կտրեց երկայն մազերն եւ սպասաւորին ըսաւ. «Գնա, հօրս ըսէ, որ զիս չը պիտի տեսնէ, մինչեւ որ գտնեմ ճշմարտութիւնն. անունս այսուհետեւ Սաքիա-Մունի (Սաքիայի ցեղին անապատականն) է»։ Սաքիա-Մունի գնաց Բանտավա լերան վրայ առանձնացաւ. մերթ կը խոկար մինչեւ լոյս. Էից Էէն կը խնդրէր, որ լուսաւորէ զայն. այլ ի զո՜ւր։ Նոր առանձնարան մ՚ընտրեց, Ուրուվիլվայի բարձրադիր անտառն. ապա այդ անտառին մէկ աւելի խորին ու մենաւոր խորշն։ Օր մը, որ կը խորհէր մեծ թզենւոյ մը տակ, ըսաւ. «Մահն ի կենաց գայ, կեանքն ի ծննդենէ, ծնունդն ի տենչանաց. եթէ մարդս կարենայ ջնջել տենչանքն, երջանիկ կ՚ըլլայ։ Ահա գտայ փրկութեան ճանապարհն. այն, որ կ՚առաջնորդէ գերագոյն խաղաղութեան` Նիրվանայի քաղաքն։ Այս ճամբան պիտ՚ ուսուցանեմ մարդոց»։ Սաքիա-Մունի Բենարէս իջաւ, Հնդկաց նուիրական քաղաքն, ուր քարոզել սկսաւ իր վարդապետութիւնն ամեն դասու մարդկան, զորս հաւասար կը նկատէր եւ ոյց կը պատուիրէր սիրել զիրար ու գթալ անասնոց իսկ վրայ։ Քառասուն եւ հինգ տարի բոլոր Հնդկաստանի հիւսիսային կողմ քարոզելէ յետոյ մեռաւ Պուտտան` գրեթէ քալելով, անտառի մը մէջ։ Պուտտա կը նշանակէ գիտուն. Պուտտայականութիւն կը կոչուի Պուտտայի վարդապետութիւնն, որ հետզհետէ տարածուեցաւ Ասիոյ մէջ` եւս քան զեւս աղաւաղելով։ Մահուանէ յետոյ Պուտտան` իբր աստուած եւ իւր աշակերտք` իբր սուրբ պաշտուեցան։ Չինաստանի մէջ Պուտտան կը կոչուի Ֆօ։