Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՐՔՈՒՀԻՆ

ԱՌ ՖԻՄԻ

Ա՛հ, տունն այն, զոր երազեմ

Հեռո՛ւ խռանէ եւ աղմուկէ,

Կարծէի, թէ է նա Եդեմ.

Այլ, թըւի, տունն այն դժո՜խք է…

 

Քանզի խոյս ետ աղջիկն անտի…։

Աղաւնոցին տատրակքն աղու

Չէին տեսած այնպէս անի`

Տըրտմատեսիլ տըժգոյն ուրո՜ւ…։

 

Խիտ վանդակաց ծակէն անո՜նք

Ըզմայլանօք յար դիտէին

Ճերմակ իւր լանջքն ու սեւ լայն յօնք,

Օժիտ դըստերց Մարգարէին։

 

Տատրակացն այն յարաշարժ թեւք

Ընդ մէջ արփւոյն ու Թըրքուհւոյն,

Խաղս առնուին` յոյլք ու թեթեւք.

Ըզբօսնոյր կոյսն օդահանգո՜յն։

 

Յաջորդութի՜ւն էր աղջկան կեանք

Ըստուերներու ու շողերու.

Զըստուեր ու զլոյս մաղէր վանդակ,

Զերդ մաղէ՜ մարգ, մաքրէ զառու։

 

Վերմակ կուսին` երկա՜յն իւր հերք.

Եւ քայլէր նէ վարդից վերայ,

Սակայն, եղո՜ւկ, ունէր մի վէրք

Որուն բըժիշկ չունի՜ Բերայ…։

 

Թըրքաց թաղեր լուռ են ու փակ.

Միայն աղբերք կարկաջեն անդ,

Մընչէ միայն քաղցր աղաւնեակ,

Կամ դաշն հեծիւն հանէ հիւանդ։

 

Մարմնով իմ փոքր եւ իբր աննի՜ւթ`

Մըտնեմ յաճախ եւ յամր յածիմ

Յայն թաղս անկո՜խ, ուր կենացս հիւթ

Հալի հեշտի՜ն, հիւծի՜ սիրտն իմ…։

 

Ու հոն հալի Թըրքուհին ալ,

Զի փորուի վէրքն ամ ըստ ամէ…

Լըսեցի զայն, լըսեցի լա՜լ

Լուռ թաղին մէջ…։ Ելա՛ւ հոնկէ…։

 

Ելաւ տունէն սեւ ու տըխո՜ւր,

Դէպի ծովափ գընաց խաղա՜ղ…

Մարել ի ջուրսն երազ, իղձ, հո՜ւր…։

Ազատեցին ըզնէ, աւա՜ղ…։

10 Հոկտեմբեր 1887

(Արեւելք, 21 Նոյեմբեր, 1887)