Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆԱՒԱՎԱՐ ՎԱՐՊԵՏԸ

Բարեկամն հօրս էր Թոտորին` քա՜ջ նաւազ,

Ու բարի մարդ։ Ծովեզրն ո՛րքան կայ աւազ,

Եւ մանաւանդ ո՛րքան ունի ծով խութեր,

Որքա՛ն վիհեր, ո՛րքան հողմունք դէմ ու թեր,

Գիտէր ամէնն։ Ելած էր նա Մարմարայ,

Ուր թլփայորդ թաւալի լոյծ լեառն հըսկայ.

Քաջայանդուգն` էր խիզախած ի Պոնտոս,

Սեաւ, փրփրերախ, մըշտամըռունչ, մըշտահոս,

Յորում սրածայր սրանան ալիք սոսկասոյր.

Յաճախ վարած էր Թոտորին անդր իւր կուր։