Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԱՉԿՈՒՆՔ
ՍԻՒԼԼԻ-ԲՌԻՒՏՕՄ

Թարգմ. Ե. Տ.

 

Կապոյտ կամ սեւ, սիրուած, ամէնքն ալ աղուո՜ր,

Անհամար աչք ողջունեցին զարշալոյս.

Նընջեն նոքա դամբարանին անդ ի խոր,

Եւ դեռ ծագէ սակայն արփւոյն արու լոյս։

 

Ցայգք աղուագոյն, քան զայգս աղու եւ պայծառ

Կախարդեցին արփատենչ բի՜ւր աչք անյագ.

Ցանգ հանապազ լոյսեր շողան վառ ի վառ,

Եւ ըստուերօք մեր անձկայրեաց լըցան աչք։

 

Թէ աչաց մէջ սառա՜ծ ըլլան նայուածքներ.

Ո՜չ, անհընար է, որ նայուածք ըլլան սառ.

Դարձան այնք կէտն յայ՛ն, ուստ հասնին փայլակներ,

Դէպի ինչ որ Անտես կոչէ մեր բարբառ։

 

Զերդ լուսագունտք, ոյք վայր հակին ի յերկիր,

Աներեւին, սակայն յերկինս յաւէտ կան.

Ունին մեր բիբք ալ վերջալոյս տըրտմալիր,

Այլ չիք երբեք յաւէտ բըբացդ այդ վախճան։

 

Կապոյտ կամ սեւ, սիրուած ամէնքն ալ, աղուո՛ր,

Բացուած առջեւ արշալուսոյ մ՚անսահման,

Գերեզմանէն անդին մըռայլ խորափոր`

Տեսանեն դեռ աչք մեր փակեալք յաւիտեա՜ն։

 

Մասիս, 27 Փետրուար, 1893