Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈ՜Ր ԿԵԱՆՔ

ԱՌ ՎԵՀԱՇՈՒՔ ՀԱՅՐԵՆԱՆՈՒԷՐ ՄԱՏԹԷՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ

Ո՜վ իմ Աստուածս, Արարչութիւնդ ալ հինցա՜ւ։

Ես` երկինք մը, կը փոփոխես զիս յաւէտ,

Երկրիս տօնին մէջ տանիս զիս ցաւէ ցա՜ւ,

Եւ օր մ՚երկնից տակ չը պիտ՚ ըլլամ փոքր իսկ կէտ.

Արարչութիւնդ է՞ր չես փոխեր։ Ո՜, հինցա՜ւ…։

 

Ցամաքք գրաւեն միեւնո՛յն տեղն յարաժամ.

Նո՛յն շողն յաստեղց ամեն գիշեր հասնի մեզ.

Աքաղա՛ղն յար ծանուցանէ զարթման ժամ.

Եւ… խաչիս նո՜յն երկաթ բեւեռն յար գամես։

Նորաստեղծման, ո՜հ, դեռ չեկա՞ւ, Տէ՛ր իմ, ժամ…։

 

Նոյն ծաւալով թաւալ առնու միշտ արեւ.

Հիւծախտաւոր դեռ չը մեռա՜ւ լուսինն ալ.

Լոյս առծըծէ, շուք տարածէ միշտ տերեւ.

Այդ շուքն հոգւո՜յս մէջ հոսէ, հո՜ն` հին շուքն ալ։

Նո՜ր եղիցի մ՚Աստուա՛ծ, նո՜ր լոյս, նո՜ր արեւ…։

 

Յերկնից յերկիր ելեւէջէ նոյն կաթիլ.

Մթնոլորտն է ճառագայթին միշտ ճամբան.

Այդ երկուքէն կազմափըթթի միշտ Ապրիլ.

Այդ երկուքին ալ անըզգա՜յ է… տապան.

Նո՜ր աշխարհի մը մէջ տուր ինձ, Տէ՛ր, ապրիլ…։

 

Մայիսն` երկնից բերէ՜ր վարդեր բոցավառ.

Մեղըր նուագէ՜ր, վարդէն փեթա՜կ, ժիր մեղուն.

Բուրէ՜ր թիթեռն, օդայածիկ, ո՜հ, բուրվա՜ռ,

Բուրմամբ հըզօր, որ տայր աչացս մահուան քուն։

Վերածնէի՜… թռչո՜ւն։ Տէ՜ր, խա՜չդ ինծի թառ…։

 

Հըրաշալի՜ք` տիեզերքն ողջոյն, արդարե՛ւ։

Բայց մենք հըրա՜շք, նորո՜գ կեանք մենք կ՚ուզենք, Տէ՛ր։

Հեթանոսներն ալ պաշտեցին այդ արեւ.

Սուրբ արեգակ մը մեր գըլխուն վրայ ծագէ՜ր.

Թո՜ղ ծակծըկէ մարմինս, այլ քոյդ ըլլա՜՚րեւ…։

 

Ըզգայարանք մեր բըթացա՜ն այս Գեղոյն.

Մաշեցաւ ի՛նքն ալ` ափնամաշն ովկէան.

Բընա՜ւ հոգւոյս չը բարբառիր արուեստն Յոյն.

Ծով եւ արուեստ աղաղակե՜ն նորոգ կեան.

Ո՞ւր խաչիդ տակ փըթթած արուեստն այն անհո՜ւն…։

 

Տէ՛ր… ա՜հ, Տէ՛ր իմ, մարմին` ըզգեստ ա՛ռ նորէն.

Նո՜ր աշխարհ մը ստեղծել եկուր աչքիս տակ…։

Խըմորն հաւատ Արարչութեան, Սէ՜ր Վերէն,

Սէ՜ր բեր։ Իջնե՛նք Քեզ հետ անդունդն անյատակ.

Հո՜ն է կուտուած խաչիդ սուրբ մութն, որ զօրէ՜ն…։

 

Մեր քաղաքաց կեղծ լոյսք, ըշպարք` ջահք պարուց

Մոռցուցին մեզ Գեղն ու շող սուրբ բընութեան,

Զոր խաչիդ սեւն հրաշապայծառ ցայտեցուց։

Յօտա՜ր յարկաց մեր խուսափո՜ւկ, ապաստան

Հո՜ն կենսատու Սեւն որոնեց, մէջ ալո՜ւց…։

 

Այո՛, վըհէ՜ն պիտի հանես աշխարհ նոր։

Հայհոյեցի, Աստուա՛ծ, ներէ՜…։ Ներդաշնակ

Եւ մշտանոր է տիեզերքդ ալեւոր.

Հըրաշաձայն նա բիւրամատն է դաշնակ.

Զմե՛զ անլըսող ըրաւ դարո՛ւն մեր ժըխոր։

 

Զմեզ անտարբեր կամ անըզգայ բուն գեղոյն

Ըրաւ արուեստ մը նիւթապաշտ եւ ըստրո՜ւկ։

Ե՛կ. անդընդոց խորն անսահման կայ գաղտ բոյն.

Հո՜ն քրիստոնեայ բոլոր վըսեմ ներշնչմունք,

Խաչիդ թեւոց ներքեւ ծընած բի՜ւր թըռչուն…։

 

Մի՛ ծնունդ ըլլար այս հեղ, Տէ՛ր իմ, տո՛ւր ծընունդ։

Խանձարուրիդ համար չը կա՜յ սուրբ մըսուր.

Մոգաց շրթունք չեն յեղյեղեր ա՛լ անունդ.

Մըկըրտութեանդ համար կաթի՜լ մ՚անգամ ջուր,

Սուրբ ջուր, առուակ սուրբ, վա՜հ չը կայ…։ Սեւ անդունդ։

 

Անդունդն առաւ պահեց` ի՛նչ որ մեզ տըւիր.

Արցունքդ, արիւնդ, հի՜ն քուրձդ ու նո՛ր պատուիրանդ։

Արծաթ խաչեր շա՜տ…։ Այլ սե՛ւ խաչդ, արհաւիր,

Ահն Աստուծոյ, սէ՜ր նըմանեաց, սո՜ւրբ եռանդ,

Անդընդոց խորն են, Տէ՛ր, ի՛նչ որ մեզ տըւիր…։

 

Ե՛կ, իջնենք հոն։ Հանենք ի լոյս արեգին`

Ինչ որ կորոյս անմըտութիւնն… իմաստնոց…։

Թո՜յլ պիտի տաս, որ ի խոր անդըր վըհին

Քու ետեւէդ իջնեմ, բարձանց Տէ՛ր` խորոց,

Զի… ետեւէդ զիս… Գողգոթա՜ հանեցին…։

 

Մարդ չը ծընիր քրիստոնեայ, Տէ՛ր։ Կ՚ըլլայ.

Խաչիդ ճամբան, խիճն ընդ ոտիւք, ճակտին փուշ,

Անոնք ըզմարդ, անո՜նք միայն քրիստոնեայ

Կ՚ընեն։ Գալու զհետ Քո ի լոյս կա՛մ մըշուշ,

Պատրաստ եմ եւ արժանի, ո՛ւր ալ ըլլա՜յ…։

Հասգիւղ, 17 Ապրիլ, 1895