Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՑՈՏ ՀՐԵՇՏԱԿՆ
(ՀԱՐՍՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ)

Վսեմագո՛յն ճիչն հուր հասաւ երբ յերկին`

«Աստուած, Աստուա՛ծ իմ, է՞ր, ընդէ՞ր զիս թողեր»

Եւ (Խորհո՜ւրդ մեծ) թողուց ըզՏէրն անտարբեր,

Միակ քերոբն, որ ըստեղծուած էր հուր կին,

 

Մութին մէջ գաղտ սահեցաւ սեւ լեռն իջաւ,

Սե՜ւ պըսակին կիսեց փուշերն իր ճակտին,

Սե՜ւ գամերուն գըլխով փորեց իր մարմին,

Եւ Յիսուսին փարա՜ծ, լացա՜ւ ու լացա՜ւ…։

 

Երբ իրենց աչքն, զոր ցայգն լուսոց փոխ կու տան,

Հրեշտակք բացին, զարմանալո՜վ զարմացան.

Ո՞վ այդ խոցոտ սերոբն հրաշի՜ւնք հրաշագեղ…։

 

Աստուածորդին ահա յերկինս համբարձա՜ւ.

Որպէս խաչին վրայ` գըթոյ քեռն փարեցա՜ւ…

Խոցոտ հրեշտակն` հարսն Աստուծոյ էր անեղ…։

(Մայիս, 9 Դեկտ. 1906)