Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՂԿՈՅԶԸ

Լուսանցքներէն ներս թափանցող շողն ոսկի

Խնկակապոյտ խորհրդաւոր ըստուերին

Ծոցն իբր երակ կը սողոսկէր խայտագի՜ն,

Կանթեղներու նըշոյլին քո՜յր, թե՜լ հասկի.

 

Գրքակալին առջեւ ափսէն ալ խայտո՜տ

Ողկոյզներու գիրգ բըլուրովն ոսկեխայծ,

Որուն վըրայ սուրբ ընթերցուածքն կայծ առ կայծ

Գորովախա՜նդ վեհ քահանան կը տեղար։

 

Եւ քահանան տաճարին մէջ պըտըտցուց

Օրհնեա՜լ ափսէն։ Բոլոր խաղողն երբ հատցուց,

Կընոջ մ՚առջեւ գտնուեցաւ աղքատի՜կ…

 

Դողաց իր ձեռքն, եւ շըլացան իր աչքեր…

Միա՛կ ողկոյզ մ՚ափսէն ողջոյն լեցունէր.

Հատերն անմո՜րթ, կուտն արեան շիթ… Սուրբ Կոյսն ի՜նք։

(Լոյս, 12 Յունուար, 1908)