ՈՂԿՈՅԶԸ
Լուսանցքներէն
ներս
թափանցող
շողն
ոսկի
Խնկակապոյտ
խորհրդաւոր
ըստուերին
Ծոցն
իբր
երակ
կը
սողոսկէր
խայտագի՜ն,
Կանթեղներու
նըշոյլին
քո՜յր,
թե՜լ
հասկի.
Գրքակալին
առջեւ
ափսէն
ալ
խայտո՜տ
Ողկոյզներու
գիրգ
բըլուրովն
ոսկեխայծ,
Որուն
վըրայ
սուրբ
ընթերցուածքն
կայծ
առ
կայծ
Գորովախա՜նդ
վեհ
քահանան
կը
տեղար։
Եւ
քահանան
տաճարին
մէջ
պըտըտցուց
Օրհնեա՜լ
ափսէն։
Բոլոր
խաղողն
երբ
հատցուց,
Կընոջ
մ՚առջեւ
գտնուեցաւ
աղքատի՜կ…
Դողաց
իր
ձեռքն,
եւ
շըլացան
իր
աչքեր…
Միա՛կ
ողկոյզ
մ՚ափսէն
ողջոյն
լեցունէր.
Հատերն
անմո՜րթ,
կուտն
արեան
շիթ…
Սուրբ
Կոյսն
ի՜նք։
(Լոյս,
12
Յունուար,
1908)