ԱՐՏԵՐՈՒՆ
ՀՐԱՒԷՐԸ
Գիւղակներէն
հորիզոնները
մինչեւ
Կը
տարածուի
մեր
մայրութիւնը
հողի:
Գարունն
եկա՛ւ.
չի
բաւեր
ձիւնը
թեթեւ
Ա՛լ
ծածկելու
մեր
մերկութիւնը
յըղի:
Վերադարձէք
մեր
ծոցը,
ո՛վ
մըշակներ,
Առաւօտներն
արդէն
Ապրիլ
կը
բուրեն.
Սառէն
լուծուած
կը
կարկաջեն
առուակներ.
Մեր
տաք
կողէն
ծըլաւ
նարգիսը
արդէն:
Մեզի
եկէք.
ձեր
սերմով
լի
բուռերուն
Մենք
կը
սպասենք
կիներու
լուռ
ըղձանքով.
Ճաճանչն
արդէն
խըրուեցաւ
մեր
սիրտերուն:
Պիտի
լեցուին
քըրտինքներու
համրանքով
Հասկերը
շէկ,
ու
պիտի
ո՜րքան
բերկրինք
Երբ
առջի
հեղ
խոփը
ճըմլէ
մեր
ըստինք: