ԵՐՆՈՒՄ
Իրիկուան
մէջ
հովերն
հեւուն
Երբ
դուրս
կ'ելլեն
քարայրներէն՝
Մէկ
ծայրէն
միւսը
կալերուն
Ա՛լ
կամնըւած
հունձքը
կ'երնեն՝
Հըծծելով
երգն
Աշխատութեան.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–
Հարս
ու
աղջիկ,
պարմանիներ,
(Ժըպտուն
վարդեր
մասուրի
քով)
Իրենց
ձեռքին
հոսելիներ
Կը
ճեղքեն
թեղն,
յոյսերու
բով.
Ու
կը
պոռթկայ
երգն
յաղթական.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–
Ժիր
շարքերուն
մէջ
ի՜նչ
խուճապ
Ելլող
իջնող
բազուկներու…
Հեղեղներ
են՝
որ
հապշտապ
Վեր
կը
նետուին՝
սաթ
տեղալու.
Ու
կ'եռայ
երգն
ալետատան.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–
Հովեր
կ'անցնին,
խարտիշահեր,
Թողլով
որ
վա՛րը
երկարին
Յարդգողի
լոյս
ճանապարհներ՝
Ուր
սարեակներ
կը
թափառին՝
Սուլելով
երգը
ցընծութեան.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–
Ուսերէ
վեր
ի՜նչ
փոթորիկ,
Ի՜նչ
փաղփումներ
մազերու
մէջ…
Ցորենին
հետ,
հատիկ
հատիկ,
Կը
թափի
ցօղն
իրիկուան
գէջ:
Ու
կ'ըղձայ
երգն
երանութեան.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–
Ու
երբ
ոսկւով
ծեփուին
կալեր.
Հարսերն
ոսկի
քօղեր
առնեն,
Եւ
ցորեանի
ձուլուին
սարեր՝
Զոր
գայ
լուսնակն
օրհնել
վերէն՝
Պիտի
նուաղի
երգն
աղուական.
–Երնէ՛,
էրան,
երնէ՛,
էրան.
Յարդը
քեզի,
մեզի
ցորեան:
–