Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՉԲՈՒՌ
(Աստուածամօր սեղանին)

Քեզ կը բերեմ, Մա՛յր, հունձքերուս նախընծան:
Զոհագործէ՛ սեղանիդ վրայ՝ ուր, դարե՜ր,
Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան
Լոյս ու արցունք են հոսեր:

Դո՛ւն սուրբ պաշտպան հայրենական հողերուս՝
Որոնց տըւիր անմահութիւնը դրախտի.
Ծիլը ծաղիկ ըրիր, յոյսը՝ Արշալոյս,
Որ խըրճիթիս կը ժըպտի:

Դո՛ւն, Խաչբուռն այս, զոր իմ ձեռքով եմ հիւսէր,
Ընդունէ՛, Մա՜յր: Բիւր հասկերուս մէջ ասոնք
Կը նազէին կոյսերու պէս շիկահեր,
Արեւահե՛ղց եւ ատո՛ք:

Գերանդիիս տակ, գըլուխնին դեռ ցօղով,
Լուսնէն հնձուած ճառագայթի պէս՝ ինկա՜ն:
Ոչ մի արտոյտ քանդեր է իր կըտուցով՝
Անոնց շարքերը լըման:

Ես հիւսեցի զանոնք, գիսակ առ գիսակ,
Տալով խաչին ձեւը Որդւոյդ կարեւեր՝
Որուն արիւնն, ամէն Զատկի, սո՜ւրբ կըրակ,
Մեր ակօսներն են խըմեր:

Իմ յոյսերուս, իղձերուն հետ հիւսեցի:
Անոնց մէջ է յոյզն արտին, հուրն արեւուն,
Խոփին փայլակն ու թեւիս թափն առնացի,
Պաղատանքն իմ թոռներուն:

Մա՛յր, Խաչբուռն այս օրհնէ՜. եւ տուր արտերուս
Ամառն՝ ոսկի, ինչպէս գարունը՝ մարգրիտ.
Որքան ամբարքըս լի ըլլան՝ ջահեր լոյս
Պիտի տան քու խորանիդ:

Ըրէ այնպէս՝ որ նըման հի՜ն օրերուն
Երբ դաշտերէ դաշտ ժուռ գալու դուն ելլես՝
Փուշեր չըգա՜ն ոտքերուդ տակ՝ այլ սարսռուն
Կակաչներ՝ մեր սըրտին պէս: