Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ափ մը ցորեան ափերուդ մէջ
Թող լեցընեմ, կըտրի՛ճ Որդիս.
Կըտրիճ Որդիս, գօտի՛ն մէջքիս
Թող մաճակալ բազուկներէդ
Քըսան ցուլի արիւն անցնի,
Եւ եղեւնի քու հասակէդ
Քըսան տունի սիւնը կանգնի.
Ու երբ թիւովը մատերուդ
Սերմանես քու մերմընցուն՝
Հընձես թիւո՜վն աստղերուն:

Ափ մը ցորեան գըլուխդ ի վար
Թող որ թափեմ, Թոռնի՛կ սիրուած,
Թոռնիկ սիրուած, ցո՛ւպըս ծաղկած.
Թող ճակատիդ վըրայ գըրուի
Հարիւր սաղմոս իմաստութեան,
Եւ ուսերուդ վըրայ դըրուի
Տապանակը ըզգաստութեան.
Ու երբ հօտիդ օր մ'այցելես՝
Թող քու ափիդ գարիին
Հազար ոչխա՜ր երկարին:

Ափ մը ցորեան մազերուդ մէջ
Թող որ տեղամ, վա՛րդ Թոռնուհիս,
Վարդ Թոռնուհիս, պըսա՛կ շիրմիս.
Թող այտերուդ վըրայ շողան
Ամէն գարուն նո՛ր կակաչներ,
Եւ աչքերուդ մէջը լողան
Ամէն ամառ նո՛ր ճաճանչներ.
Ու երբ տընկես ճիւղ մ'ուռիի
Ամէն ապրիլ դուն տեսնես
Իր շուքին տակ կանա՜նչ քեզ:

Ափ մը ցորեան ծոցերուդ մէջ
Թող որ ցանեմ, Հա՛րսըս աղուոր,
Հարսըս աղուոր, սէ՜րս հեռաւոր.
Թող անկողնիդ ակօսին մէջ
Հասկ մը ծըլի՝ լըման շարքով,
Եւ օրօրած օրոցքիդ մէջ
Արշալոյսնե՜ր նընջեն փառքով,
Ու երբ կըթես քառսուն երինջ
Դոյլերուդ մէջ մակըրդի
Կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի:

Ափ մը ցորեան, ափ մը ցորեան
Ա՜յ իմ պառաւ, ա՜յ իմ Աննա,
Մեր գըլխուն ալ թող որ տեղայ մօտեցնէ,
Նուռի ծաղիկներ երկինք նայեցէք.
Ձեր վրայ հոսողն աստղերու սէրն է:

Ազնիւ հոգիներ, ի՞նչ կ'երազէք դուք.
Կեանքը ձեր գլխուն կը դընէ պըսակ,
Ճերմակ հոգիներ, իրար փարեցէք,
Կը ծաղկի Յոյսը ձեր լանջքերուն տակ:

Կ. Պոլիս, 1 օգոստ.