ՍԱՅԼԵՐԸ
Գիւղին
ճամբայէն
սայլերը
կ'երթան
Հունձքով
բեռնաբարձ:
Մայրամուտին
մէջ
շարժուն
բուրգեր
են՝
Ճաճանչներ
հագած:
Թխադէմ
տղաներ,
դէզերուն
վըրայ,
Կը
խըթանեն
մերթ
Մեծղի
եզերուն
կողը
սըրսըփուն,
Կողը
լուսաշերտ:
Գոմէշներ,
յամառ,
ետեւ
կարկառած
Իրենց
մութ
լեզուն՝
Կը
քանդեն
որան՝
որ
կը
հեղեղուի
Իրենց
նուսերուն:
Ցորեններ
ի
լիւղ
պերճ
արիւնին
մէջ
Իրիկնադէմին՝
Նոր
պըսակ
կ'ըլլան
պըսակին
վըրայ
Անոնց
եղջիւրին:
Ճամբան,
արտերէն
կալերը
մինչեւ,
Կը
ծըփայ
հասկով՝
Զոր
ուշ
մընացած
հաւեր
կը
քըրքրեն
Զըւարթ
կըտուցով:
Ճամբան
խարտեաշ
է,
կարմիր
է
ճամբան,
Որուն
եզերքին
Արիւն
կը
ծորէ
չափազանց
հասուն
Փոշոտ
մորենին:
Սայլերը
կ'երթան,
անդորրութեան
մէջ
Աղաղակելո՜վ…
Կը
տանին
արեւ,
հըրդեհ
կը
տանին
Հըսկայ
դէզերով:
Կը
տանին
հեղեղն
ահա
լեռնացած
Քըրտինքի,
Յոյսի,
Որ
լուծեն
մինչեւ
անիւներուն
վրայ
Առատ
կը
հոսի:
Կ'երգե՜ն
տըղաներ,
խըթանելով
միշտ
Կողը
եզերուն…
Ջինջ
անհունին
մէջ
զիրենք
կ'օրօրէ
Ցունցը
դէզերուն:
Կ'երգեն
ճըպուռին,
մանգաղին
նըման,
Կ'երգեն
հովի
պէս,
Մինչ
հասնին
կալերն,
ու
հոն
տարածեն
Հունձքը
ծովի
պէս: