Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ԾԻԼԵՐ

Զեղուն աւիշն հողերուն տակ պայթեցուց     
Սերմերն: Արտերս այս գիշեր
Կանանչցեր են լուսընկային տակ գարնան…
–Մայրի՛կ, ինծի ծիլ մը բեր,
Քըրտինքիս ցօղը վըրան:

Կատաղօրէ՜ն, կատաղօրէ՜ն յորդեր են
Տե՛ս, ցորեններն աղածրի:
Դաշտերն հագեր են զմրուխտէ պատմուճան…
Քոյրի՛կ, ծիլ մը բեր ինծի,
Եզիս շողիքը վըրան:

Կը փողփողին արտավարէ արտավար
Կարծես կանանչ մոմիկներ:
Ամէն ընձիւղ մարգրիտ մ'ունի իր բերանն…
–Հօտա՛ղ, ինծի ծիլ մը բեր,
Արեւուն շողը վըրան:

Կը զարդարէ ամայութիւնը հողին
Մատղաշ ծաղի՛կը հացի.
Կանանչին մէջ կոշտերը թուխ կը լողան…
–Հարսնո՛ւկ, ծիլ մը բեր ինծի,
Մատերուդ բոյրը վըրան:

Ծիլ արտերուս մէջն է ծըլեր նըշենիս,
Հոն միսմինա՜կը ծաղկեր…
–Մայրի՛կ, քոյրի՛կ, հօտա՛ղ, հարսնո՛ւկ սիրական,
Բերէք անկէ ծաղիկներ,
Բերէք վարդգոյն ծաղիկներ,
Հընձուորին յո՜յսը վըրան: