Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՒՌԸ

Իրիկուան մէջ, գիւղին քով,
Կը մըրմընջէ գուռն ուռիին տակ շըքեղ:
Զայն կը լեցնէ աղբիւրն երգովը բիւրեղ,
Աստղը՝ բիւրեղ արցունքով:

Խորհուրդին մէջ ըստուերին
Կընունքի ջինջ աւազան մ'է կարծես ան՝
Ուր քաղցրօրէն կը մըկըրտուի լուսընկան՝
Տըղու մը պէս նորածին:

Յոգնաբեկ խումբն եզներուն
Հոն կը դիմէ արահետէն ճախճախուտ՝
Ուրկէ կ'հոսի, ճապաղելով, ջուրն անփոյթ՝
Մարգերուն տակ՝ պըսպըղուն:

Կողեր կողի դէմ ահա՛,
Եւ գաւակներ գաւակներու կ'ընդհարին.
Յանկարծ մոլուցք մ'եղջիւրներու ահագին
Կը տատանի գուռին վրայ:

Միահաղոյն կ'երկարեն
Վիզերն իրենց, եւ ռունգերնին յարդամած
Յըստակ ջուրին ադամանդին մէջ մըխած՝
Յաւէրժօրէ՜ն կը խըմեն:

Կ'ըմպեն ալիքն անապակ,
Լոյս ծիւրումը պարեխներուն սառնակերտ.
Ու չե՛ն խըրտչիր լուսընկայէն՝ որ մերթ մերթ
Կ'լողայ իրենց բերնին տակ:

Կը վերցընեն երբեմն, յա՛գ,
Հըզօր գլուխնին, ու կը նային սարերո՜ւն…
Կը սորսորայ իրենց դունչէն՝ քարերուն՝
Ջուրը, երակ առ երակ:

Անդէորդն, հոն, մահակին
Վըրայ կըրթնած՝ կը սուլէ երգն հեշտօրօր,
Մինչեւ վէտ վէտ ցամքի հեղուկը բոլոր,
Մընայ մամուռն՝ յատակին:

Կ'երթան յետոյ, օրօրուն,
Գոմին խաղաղ գաւիթին մէջ պառկելու.
Կը կարկաջէ գիւղամէջէն, զերդ առու,
Զանգակն իրենց վիզերուն:

Ու երբ դարձեալ գան առտուն
Պիտի գըտնեն հըսկումին տակ ուռիին
Գուռը նորէ՜ն լեցուած երգովն աղբիւրին,
Եւ արցունքովն՝ աստղերուն: