ՀՈՒՆՁՔ
Թող
սոթտըւին
թեզանիքներ,
գերանդիներ
թող
յեսանուին.
Այսօր
երկու
հազար
մըշակ
կը
հնձեն
ցորե՛նը
եւ
գարին:
Քա՜ղցր
է
թաղուիլ
հասկերուն
մէջ՝
որոնց
քիստերը
խարշափուն
Կը
խառնըւին
բաց
կուրծքերու
անտառացած
թուխ
մազերուն:
Քա՜ղցր
է
լողալ
յամառօրէն
որաներուն
մէջէն
հեղեղ.
Ըզգալ
ուռիլը
բազուկին
երակներուն
արեւազեղ:
Ահաւասիկ
գերանդիներ,
կատաղութի՛ւն
փայլատակի,
Ցորեններուն
մէջ
իբր
արծաթ
կ'ընկըղմին,
դուրս
կ'ելլեն՝
ոսկի:
Հասկեր
կ'իյնան
շարուեշարան,
եւ
կ'արիւնին
կակաչներ
լուռ.
Բըլուրներուն
քօղը
խարտեաշ
կը
ծալլըւի
լայնասարսուռ:
Ծըփանքներ
նո՛ր
ծըփանքներու
ներքեւ
ընդմիշտ
կը
փըլուզին.
Ալիք
կ'ըլլան
ակօսին
մէջ
ծովե՛ր,
ծովե՛ր,
ծովե՛ր
դեղին:
Ու
կ'ընդլայնին
դաշտեր,
սարեր,
խոզաններով
միշտ
քըստմընած.
Հովիտին
մէջ
հեղեղներ
կան՝
որ
կը
ցամքին
կամաց
կամաց:
Յանկարծ
թուփեր
կը
յայտնուին,
կամ
կը
ցըցուի
քար
մը
ճերմակ.
Առուակ
մ'հեռուն
կը
փալփըլի,
որ
կը
նիրհէր
վարսակին
տակ:
Մըշակներ
կան՝
որ
փարչն
իրենց
բերնին
դըրած,
Արե՜ւն
ի
վեր,
Կ'ըմպեն
երկա՜ր
ջուրը
գըլգլուն՝
զոր
աղբիւրէն
հարսն
է
բերեր:
Ոմանք
իրենց
ափերուն
մէջ՝
մերթ
կը
փըշրեն
հասկ
մը
ատոք,
Եւ
կ'օրհնեն
թիւն
հատիկներուն,
ու
կը
ծամեն
յետոյ
զանոնք:
Հօտաղներ
կան
արտերէ
արտ՝
որ
ժիրաժիր
կը
յեսանեն
Աղօտ
մահիկը
մանգաղին,
աղմըկելով
լուռ
միջօրէն:
Եւ
կը
հընձե՜ն,
միշտ
կը
հընձե՜ն.
թեւի
ամէն
լայն
շարժումի
Ամառներու
բերկրութիւնն
է՝
որ
քիստէ
քիստ
կը
ծաւալի:
Օ՜,
ի՜նչ
կոծեր,
հորիզոնէ
հորիզոն
ի՜նչ
նըւաճումներ,
Ի՜նչ
հեծկըլտանք
հանճարներու,
ի՜նչ
փըլուզուող
ովկիաններ:
Ու
կը
հընձեն,
դեռ
կը
հընձե՜ն.
մինչեւ
շուքերը
երկարին
Եւ
շըփոթուին
իրարու
հետ
ա՛լ
սահմաններն
անդաստանին:
Այն
ատեն
լուռ
ճամբուն
վըրայ
կը
տեսնըւին,
շարան
շարան,
Հընձուորները
որ
դէպ
իրենց
տընակներուն
ճրագը
կ'երթան:
Գերանդիներն
անոնց
ուսին
կը
ցոլցոլան
լուսնկայէն,
Կը
հովանան
անոնց
քըրտնած
կուրծքերն
անուշ
ծըմակներէն:
Իսկ
անդորրին
մէջ
դաշտերուն
ահա
ծըղրիդ
մը
արթընցած
Կը
լեցընէ
իր
երգերով
ամբողջ
Անհունն
աստեղամած: