Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐԿԵՐ

Հո՜, հռօ՛ հռօ՛ հռօ՛. Հողին տակ հըռընդիւնն է արօրին
Լուրթ մշուշին մէջ առտուան, կողին վրայ բըլուրին
Կ'երթան եզները հուժկու՝ զանգակներով դաշնաւոր,
Ու մսուրին վերջին յարդը կ'որոճան գլխիկոր:

Սարին ուսէն ծըյլացող արեւն ահա կը ծագի
Ու մշակին ճակտին վրայ կը դնէ համբոյրը ոսկի:
Մարդը կ'երթայ երգելով՝ մաճն ափին մէջ պընդաջիղ,
Ու իր ճամբան կը գըծէ իր հոգիին պէս ուղիղ:

Հո՜, հռօ՛ հռօ՛ հռօ՛. Ակօսները կը բացուին մըխալով,
Եւ կը դիզուին արգաւանդ հողակոշտերն իրար քով:
Մէկ ծագէն միւսն յուլօրէն կը սողայ խոփը պողպատ,
Կը հեղեղէ հերկերուն մէջ իր լոյսերը արծաթ:

Իր տակ ճըմլուած, կարեվէր, կը գալարուի յոյր ճըճին.
Կ'ահաբեկին խըլուրդներ իրենց խուղին մէջ մըթին:
Բունծերն ահա կ'ոռոգուին մերթ օձերու արիւնով,
Զոր ըսպաննած է արօրն անոնց գլուխէն անցնելով:

Արեւն արդէն կը հոսէ իր երակներն հրածորան
Ակօսներուն նորաբաց արգանդին մէջ հոտեւան:
Հո՜, հռօ՛ հռօ՛ հռօ՛. Անդաստանն է կորդացած այս տարի,
Բայց հերկերուն շարքն արդէն անհունօրէն կ'երկարի:

Եզները յաղթ թափ կու տան, դողացնելով մերթ ընդ մերթ
Սուր խըթանէն՝ ըստեւներն իրենց փորին լուսաշերտ:
Ի՛նչ փոյթ թէ ճղուղն արօրին խութին դէմ յա՛նկարծ կու լայ,
Եւ կը ծորի մըշակին քիրտը ամէն գուղձի վրայ:

Դեռ սուրբ կոչնակը գիւղին՝ սարին ետեւ չըհընչած՝
Բըլուրին կողը ամբողջ պիտի ըլլայ թըխացած,
Եւ պիտի լայն ակօսները շար ի շար աւարտին՝
Օծուած շաղովն իրիկուան, շողիքներովն հարկիքին…

Այն ատեն երբ արտին ծայրն հասած, ճիգով մը դողդոջ,
Տըղմուտ արօրն հողին մէջ յանկարծ կասի, Մշակը խոնջ
Պիտի խորհի անկասկած – յանո՜ւն վաղուան հունձքերուն –
Թէ կարասի՛ մ'ոսկելից կառչեր է խոփը իսկոյն: