Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՒՆՁՔ ԿԸ ԺՈՂՎԵՄ…

Հունձք կը ժողվեմ մանգաղով,
– Լուսնակը յարս է –
Ակօս ակօս ման գալով,
– Սիրածըս հարս է:

Գըլխեբաց եմ ու բոպիկ,
– Անո՜ւշ են հովեր –
Արտերուն մէջ թափառիկ,
– Մազե՜րն են ծովեր:

Ցորեն, կակաչ, կարօտով,
Կաքաւը կու լայ –
Կապեցի մէ՛կ նարօտով,
– Ձեռքերն են հինայ:

Հասկերուն մէջ, վերեւէն,
– Ասուպը անցաւ –
Աստղեր միւռոն կը ծորեն,
– Դէմքը լուսացաւ:

Քանի՜ խուրձեր շաղերով,
– Վարդենին թաց է –
Ես կապեցի խաղերով,
– Ծոցիկը բաց է:

Արտըս խոզանով մընաց,
– Կ'երթա՜յ լուսնակը –
Դէզերով լեռ եմ շինած,
– Սի՜րտս է կըրակը:

Մանգաղըս քարին եկաւ,
– Յարըս յա՜ր ունի –
Քարէն լորիկը թըռաւ,
– Լե՜րդըս կ'արիւնի: