Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐԿԻՔ

Եզներս են խարտեաշ, լոյս ճակատներով՝
Զոր պաճուճեր եմ նուսխայով կապոյտ:
Գարունի առտուան օդէն են գինով.
Կը նային, խաղա՜ղ, դաշտերուն անքոյթ:

Ձըմեռը զանոնք խարո՛վ սընուցի.
Մեհեանին պարարտ կուռքերն են կարծես:
Իրենց սանտըրուած պոչը թաւարծի
Կը լիզէ իրենց կողերն՝ օձի պէս:

Կը սիրեմ անոնց նուսը բիւրածալ,
Ռունգերնին տամուկ, բիբերնին խոշոր՝
Ուր կայ դաշտերուն երազն անայլայլ,

Եւ ճօճքը իրենց, եւ պոչիւնն հըզօր
Հորիզոններէ՜ն. երբ կ'երթան անվերջ
Եղջիւրնին մըխած Արշալոյսին մէջ: