Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ

Ամարուան քա՜ղցըր գիշեր, գլուխը կամին վրայ դըրած՝
Աշխատանքի սուրբ Ոգին կալերուն մէջ կը նընջէ:
Կը լողայ մեծ Լըռութիւնն աստղերուն մէջ ծովացած:
Անհունը՝ բիւր աչքերու թարթափով՝ զի՛ս կը կանչէ:

Կ'երգեն, հեռուն, ծըղրիդներ: Ջուրերուն մէջ լըճակին
Կ'ըլլայ հարսնիք մը ծածուկ նայադներու՝ այս գիշեր:
Սիւքն յուզելով ուռենին ափերուն վրայ գետակին՝
Կ'արթընցընէ անծանօթ լարերու վրայ նըւագներ:

Ծոթրիններու բոյրին մէջ, պառկած կատարը դէզին՝
Ես կը թողում որ սըրտիս դըպչի ամէն մէկ ճաճանչ.
Ու կ'արբենամ գինիովն Անհունի մեծ կարասին՝
Ուր կը ճըմլուին ասուպներ քայլի մը տակ անճանաչ:

Հե՜շտ է մըտքիս ընկըղմիլ կապոյտին մէջ լուսալիք,
Նաւաբեկիլ թէ հարկ է կըրակներուն մէջ վերին.
Գըտնել աստղեր նորանոր, կորսըւած հի՜ն հայրենիք՝
Ուրկէ ինկած հոգիս դեռ կու լայ կարօտն եթերին:

Վերանալ քա՜ղցր է ինծի թեւերուն վրայ լըռութեան,
Լըսել միա՛յն Միջոցին շընչառութիւնն անխըռով,
Մինչեւ աչքերըս գոցուին քունի մը մէջ դիւթական,
Ու կոպերուս տակ մընայ Անհունը իր աստղերով:

Ա՛յսպէս, ա՛յսպէս կը նընջեն գիւղին մարդիկը ամէն.
Հօտաղն է իր սայլին վրայ, վերմակին տակ լուսածոր,
Հարսն է դէզի կատարին՝ ծոցը բացուած զեփիւռէն՝
Ուր կը պարպէ Յարդգողն իր կաթը սափոր առ սափոր:

Եւ այսպէս՝ օր մը պառկած՝ փողփողումին տակ երկնի.
Իմ ծընողներըս մըշակ՝ զիս յըղացան կաթոգին,
Զիս յըղացա՜ն սեւեռած իրենց աչքերը բարի
Վերն ամենէն մեծ Աստղին, ամենավառ Հըրայրքին: