ԿԱԼԵՐ
Կալերուն
մէջ
ես
կը
նըստիմ
երազուն
Հովանիին
տակ
էշիս՝
Որ
քովըս
սա
կոճղին
կապուած՝
կը
շըփէ
Աղու
ծընօտը՝
ուսիս:
Տափաստանին
վըրայ,
խաղաղ,
կը
փըռուի
Ճերմակ
ալիք
մ'արեւու՝
Որուն
մէջ
լիւղ
կու
գան
դէզերն,
եւ
կըրիան
Եկեր
է
հոն
տաքնալու:
Թեւը
հովին,
ծանրացած
գաղջ
բոյրերով,
Հազիւ
ծոյլ
ծոյլ
կը
շարժի:
Կովին
ըստուերը
փառահեղ
լոյսին
վրայ՝
Սեւ
կարկըտան
մ'է
լայնշի:
Շինականն
իր
կահն
ու
կազմածը
բերած՝
Հոն
հիմներ
է
նո՜ր
գիւղակ…
Հեռուն՝
լըքուած
իր
մամռապատ
շեմին
վրայ
Կը
հըսկէ
գամփռը
մինակ:
Կալերուն
մէջ
դէզը՝
ծեփուած
արեւով՝
Կարծես
տընակ
մ'է
ոսկի:
Տերեւախիտ
ծառին
զով
շուքը
կ'ըլլայ
Առագաստ
մը
նոր
հարսի:
Ու
ես
նըստած
հովանիին
տակ
էշիս
Կ'երգեմ
քաջերը
հողին՝
Որոնք
մանգաղն
հազիւ
կախած
պատն
ի
վար՝
Կը
կըրթեն
ցուլը՝
կամին:
Կ'երգեմ
հօտաղն՝
որ
կը
հարթէ
կալատեղ
Լողքարի՛ն
զինքը
լըծած,
Մինչ
քըրտինքով
կը
թըրջըւի
շապիկն
իր
Կուրծքին
վըրայ՝
պատըռտած:
Կ'երգեմ
հարսերն՝
որ
հինան
դեռ
մատերնուն՝
Կը
մաղեն
ժիր
ժիր
գարի.
Կը
թափթըփին
իրենց
մաղին
ծակերէն
Կարծես
շիթեր
գոհարի:
Կ'երգեմ
մշակներն՝
որ
սայլերուն
կատարին
Աստուածներու
պէս
կանգուն՝
Երկժանիով
կատաղօրէն
կը
քանդեն
Ճակատն
հըսկայ
դէզերուն:
Կա՜մը
կ'երգեմ՝
որ
կը
նաւէ
շուրջն
հունձքին
Իբրեւ
հրագոյն՝
լիճի
վրայ,
Յետոյ
ցորե՜նն
աշխարհածուփ՝
որ
արդէն
Յարդերուն
մէջ
կը
լողայ:
Օ՜,
ի՜նչ
քաղցր
է
երթալ
խառնուիլ
էութեամբ
Այդ
սըրբագոյն
վաստակին.
Տըրեխներէդ
մինչեւ
մազերդ
համակուիլ
Մըղեղներուն
մէջ
դեղին:
Փուռի
կայծի՜ն,
դաշտի
հացի՜ն
ի
խնդիր
Ըլլալ
Պա՜նը
կալերուն,
Վերադարձնել
ջաղացքներուն
սըրտին
մէջ
Իրենց
երգերը
անհուն: