ԳԱՐՆԱՆ
ԱՆՁՐԵՒ
Դաշտերուն
վրայ
իր
տրտմութեամբ
յամառող
Անձրեւը
չէ՛
ասիկա:
Գարնան
ջաղբն
է՝
որ
ցանքերուն
վրայ
անհուն
Լուսացընցուղ
կը
տեղայ:
Աստղերն
անյայտ,
կարծես
հալած
արեւէն,
Տեղատարափ
կը
թափին,
Եւ
կը
լըւան
իրենց
լոյսին
մէջ
փաղփուն
Անդաստաններն
ու
այգին:
Կապոյտն
յանկարծ
կու
լայ
բուռըն
ծիծաղէն,
Եւ
կը
տեղայ
ադամանդ.
Կը
լուսնան
կոյր
աղբերակներն
ու
կ'երգեն
Իրենց
ծընունդն
արգաւանդ:
Անհունն
ի
վար
կը
հեղեղուին
շառաչուկ
Մեծ
կաթիլներ
շափիւղայ,
Լի
արեւով,
ցընծութիւնով,
կապոյտով,
Ծիծաղներով
սատափեայ:
Մարգերը
թաց
կ'արտաշընչեն
զովութիւն…
Կը
լըւացուին
գառնուկներ…
Բո՜յրը
հողին,
հողին
բո՜յրը,
ծաւալուն,
Կը
լեցնէ
գիւղն
ու
եթեր:
Ու
արտերո՜ւս,
արտերո՜ւս
մէջ
քրտնաշատ
Իմ
ցորեաններս
համեցող
Նոր
ուժերով
յորդահոսա՜ն
կ'ընձիւղին
Կայլակներու
մէջ
ի
լող:
Եւ
մաքրըւած
անտառին
մէջ,
այս
պահուս,
–
Ըստ
իմ
գիւղիս
հեքիաթին
–
Կը
ծնի
եղնիկը,
գօտիին
տակ
ծիրանի,
Եղնորդ
մը՝
նման
լուսինին: