Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՆ

Սերմանողն է: Յաղթահասակ կը կանգնի
Մայրամուտին շողերուն մէջ ոսկեթոյր:
Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի
Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր:

Լի է ամբողջ ցորեններով աստղահատ
Խորունկ գոգնոցն: Հերկերն հերուան՝ ծարաւի՝
Կը սպասեն իր լայնշի բուռին, եւ բուռն այդ
Արտերուն վրայ՝ զերդ արշալոյս՝ կը բացուի:

Մըշա՛կ, ցանէ՜. յանուն տանդ սեղանին
Թեւիդ շարժումն անպարագի՛ծ թող ըլլայ.
Վաղ՝ նետած ցորեններդ այդ կը թափին
Օրհնութեան պէս թոռնիկներուդ գլխուն վրայ:

Մըշա՛կ, ցանէ՜. յանուն նօթի թըշուառին
Թող գոգնոցէդ կէս չելլէ ափըդ բընաւ.
Աղքատ մ'այսօր ճըրագին մէջ տաճարին
Վաղուան հունձքիդ համար վերջին ձէթը դրաւ:

Մըշա՛կ, ցանէ՜. յանուն Տիրոջ նըշխարին
Թող մատերէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ' հասուննայ մաս մ'Յիսուսի մարմինէն:

Ցանէ՜, ցանէ՜. նոյնիսկ հեռու սահմանէն,
Աստղերու պէս, ալիքներու պէս ցանէ՜:
Ծիտերն ի՛նչ փոյթ թէ հատիկներդ կ'աւարեն.
Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ:

Լեցո՛ւր ակօսն, հորդէ՛ հերկերը բերրի,
Հողին ծոցէն ոսկի լոյսեր թող հոսին:
Օրը ահա կ'իրիկնանայ. կ'երկարի
Շուքը թեւիդ հորիզոննե՜րն աստղային: