ՀԱՍՈՒՆ
ԱՐՏ
Արտըս
ոսկո՜ւն
է…
Նըման
բոցերու
Ցորենն
է
բռընկեր՝
Առանց
այրելու։
Արտըս
ոսկո՜ւն
է
…
Երկինքն
է
կըրակ.
Հողը
խորխոլած
Ծըղօտներուն
տակ։
Արտըս
ոսկո՜ւն
է…
Քառաշար
հասկեր
Քառաշար
սաթով
Արե՛ւ
են
հագեր։
Արտըս
ոսկո՜ւն
է…
Բոռ,
մեղու,
պիծակ,
Քիստերուն
մէջէն
Կ՚անցնին
զերդ
փայլակ։
Արտըս
ոսկո՜ւն
է…
Մերթ
կ՚ելլէ,
հովէն,
Դեղձանիկ
մը,
թի՛ռ,
Ոսկեծուփ
ծովէն։
Օրօ՜ր,
ոսկո՛ւն
արտ,
Օ՜ր
տուր,
հասո՛ւն
արտ,
Գամ
ոսկիդ
հընձեմ
Մանգաղով
արծաթ։