Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՋՕՐԷ

Այս այն ժամն է՝ երբ կալին մէջ Աշխատանքն առած կանգ՝
Արեւուն տակ կը հեւայ:
Կը նընջէ մէն մի մըշակ:
Քարայրին մէջ հեռակայ
Հեծեծագին կը մեռնի զով Զեփիւռը ամրափակ:

Միջոցին սիրտն՝ հըրեղէն ցանցի մը մէջ սեղմուած՝
Կը բաբախէ հազի՜ւ հազ:
Լըռութեան մէջ շողարծարծ
Ի՜նչ հըծծիւններ, ի՜նչ երազ.
Եւ ի՜նչ բոյրեր առտըւան եղէգներուն կըտըրուած:

Կը քընանան անտառներ թուխ կողերուն վրայ սարին՝
Արծաթահիւս քօղի տակ
Կապոյտին մէջ, առանձին,
Կ'երթայ ամպ մը կաթնորակ
Փափուկ բուրդէն ծըւէններ թողլով ժայռի կատարին:

Կ'ընդունի հողն իր սըրտին մէջ՝ իր սըրտէն ճեղքուելով՝
Լոյսին նիզակն արիւնոտ:
Աղբիւր մը հոն, ծառին քով,
Կը հեծեծէ նըւաղկոտ՝
Իր ոռոգած ծաղիկին վրայ մեռնի՜լ չուզելով:

Գոմէշներ՝ լուծը լըքած՝ ճահիճին մէջ կը պառկին
Իրենց բերնէն հոսելով
Թելերն արծաթ շողիքին:
Սայլերն, անդին, դէզին քով,
Հըսկայ ցռուկները ցըցած՝ դատարկութեա՛ն կը նային:

Այս այն ժամն է, ո՜վ հոգիս, որ ճըպուռին պէս մինակ՝
Կատարներուն վրայ մընաս.
Անդորրին մէջ անապակ
Դուն քու երգով արբենաս՝
Ինչպէս արեւն իր լոյսով, իր լոյսին հետ մի՜ս-մինակ: