ՄՇԱԿՆԵՐԸ
Մըշակնե՛րն
են
իմ
գիւղիս,
դաշտի
հըզօ՛ր
զաւակներ,
Քըրտինքներով
մարգարտեայ՝
բընութեան
թա՛գն
են
հիւսեր:
Կը
բաբախէ
սիրտն
հողին
իրենց
բըրդոտ
կուրծքին
տակ.
Ու
իրենց
լայն
երակին
մէջ
կը
յորդի
արեգակ:
Երբ
որ
քալեն՝
մայր
–
երկիրն
իր
արգանդէն
կը
սարսռայ.
Բայց
չի
խամրիր
ծիլ
մը
իսկ
գարշապարնուն
տակ
հըսկայ:
Գըլուխն
իրենց,
զոր
կ'հակեն
առջեւը
սուրբ
խորանին,
Պըսակուած
է
միշտ
ոսկի
փոշիներովը
յարդին:
Ակօսներուն
մէջ
անոնք
խինդ
կը
ցանեն,
եւ
Աստուած
Իրենց
ճակտին
ակօսէն
բարութիւններ
կը
հընձէ:
Աւիշներու
հոսուն
երգն
անո՛նք
միայն
են
լըսած:
Եզին
շողիքն
ի՛նչ
փոյթ
թէ
իրենց
ձեռքերը
կ'օծէ,
Եւ
ախոռի
հոտ
կու
գայ
իրենց
նախշուն
լոդիկէն.
Նախ
անոնց
լայն
ափի՛ն
մէջ
կը
ծլին
սերմերն
համօրէն: