ՃԱՐԱԿՈՒՄ
  
 
   
    Բըլուրին 
   
    գաղջ 
   
    կողին 
   
    վըրայ 
   
    ընկողմանած
 
   
    Սըրինգ 
   
    կ'ածեմ.
 
   
    Եզներըս 
   
    լայն 
   
    հովիտին 
   
    մէջ, 
   
    սըրտի 
   
    երգով,
 
   
    Ես 
   
    կ'արածեմ:
  
 
   
    Լուսնակն 
   
    իջած 
   
    է 
   
    մանգաղուած 
   
    լուռ 
   
    արտերուն 
 
   
    Մակերեսին.
 
   
    Կը 
   
    ծաւալէ 
   
    խոզաններուն 
   
    մէջէն 
   
    հեզիկ 
 
   
    Կաթը 
   
    լոյսին:
  
 
   
    Ջինջ 
   
    գիշեր 
   
    է: 
   
    Երգս 
   
    անհունէ 
   
    անհուն, 
   
    խաղաղ, 
 
   
    Կը 
   
    ծըփծըփայ. 
 
   
    Եւ 
   
    սըրինգըս, 
   
    հովերուն 
   
    հետ, 
   
    իր 
   
    ծակերէն
 
   
    Շաղե՜ր 
   
    կու 
   
    լայ:
  
 
   
    Հեռո՜ւն 
   
    կը 
   
    լսեմ 
   
    բոժոժներն 
   
    իմ 
   
    նախիրներուս, 
 
   
    Որոնք 
   
    կ'արծին
 
   
    Ցորեաններուն 
   
    ծիղն՝ 
   
    ոռոգուած 
   
    մեղրերուն 
   
    մէջ
 
   
    Ծիր 
   
    Կաթինին:
  
 
   
    Կը 
   
    լըսեմ 
   
    մուշ 
   
    մուշ 
   
    ճարակումն՝ 
   
    առուեզերքի
 
   
    Թուփերուն 
   
    մէջ՝ 
 
   
    Ուր 
   
    մոզին 
   
    իր 
   
    դունչը 
   
    մըխած՝ 
   
    կը 
   
    բըզըքտէ
 
   
    Խոլորձը 
   
    գէջ:
  
 
   
    Ցուլերն 
   
    ամէն, 
   
    գըլուխնին 
   
    կախ, 
   
    կարծես 
   
    դիւթուա՛ծ
 
   
    Ինձ 
   
    կ'երեւան.
 
   
    Գոմէշներուն 
   
    բիբերն 
   
    ահեղ՝ 
   
    աստղերուն 
   
    տակ
 
   
    Մերթ 
   
    կը 
   
    շողան:
  
 
   
    Կ'ընէ 
   
    միջատ 
   
    մը, 
   
    շուրջն 
   
    անոնց, 
   
    ճաճանչաթիռ
 
   
    Միշտ 
   
    ելեւէջ: 
 
   
    Ճերմակ 
   
    եզը, 
   
    կարծես 
   
    կուռք 
   
    մ'է, 
   
    ձուլուած 
   
    լուսնին
 
   
    Արծաթին 
   
    մէջ:
  
 
   
    Կը 
   
    ճարակի՜ն, 
   
    հովուն 
   
    տըւած 
   
    թաւ 
   
    պոչերնին.
 
   
    Եւ 
   
    կը 
   
    խըմեն
 
   
    Իրենց 
   
    մազոտ 
   
    ու 
   
    բաբախուն 
   
    ականջներով 
 
   
    Սրընգիս 
   
    ակէն:
  
 
   
    Կը 
   
    ճարակի՜ն, 
   
    բութ 
   
    ակռաներն 
   
    իրենց՝ 
   
    մինչեւ
 
   
    Կանանչանան, 
 
   
    Եւ 
   
    որովայնն 
   
    անպարագիծ 
   
    լեցուի՛, 
   
    լեցուի՛
 
   
    Մարագի 
   
    նման:
  
 
   
    Այն 
   
    ատեն 
   
    ա՛լ 
   
    դաշտերուն 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    մակաղին
 
   
    Մեծազանգուած,
 
   
    Մէկը 
   
    միւսին 
   
    կըռնակին 
   
    վրայ, 
   
    որոճալով,
 
   
    Դունչը 
   
    դըրած:
  
 
   
    Մինչեւ 
   
    որ 
   
    ա՛լ 
   
    Արփին 
   
    ծագի, 
   
    լոյսն 
   
    արտին 
   
    վրայ
 
   
    Իջնէ 
   
    սարէն,
 
   
    Եւ 
   
    ժողվէ 
   
    ցօղն, 
   
    յակինթ 
   
    յակինթ, 
   
    անոնց 
   
    խոնաւ
 
   
    Եղջիւրներէն: