Հացին երգը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՈՐԻՔ

Է՜յ աղորիք, դարձի՛ր, դարձիր,
Նըստած կանանչ խորը ձորին.
Աղաղակէ՛ երգըդ խորին
Դէպի լուսնակն արծաթածիր։

Դուն դողդոջուն տընակ մըն ես
Ալիւրոտած պատերով՝ ուր
Կարծես կու լան հիազարհուր
Ջըրանոյշներ հագած բեհեզ։

Միշտ կը հըսկէ մէջըդ, արթուն,
Աղորեպանը ճեփ-ճերմակ.
Եւ ըստ պէտքի՝ մեղմ կամ արագ՝
Կը լարէ սի՛րտըդ բաբախուն։

Է՜յ աղորիք, բանտուա՛ծ մրրիկ
Ծառերուն մէջ. Աղա՛, աղա՛,
Փըրփուր խըմէ՛, ալիւր տեղա՛.
Քարէ կուրծքէդ տեղա՛ բարիք։

Կեցո՛ւր գետակն ընթացքին մէջ
Իր ծըփանուտ բաշէն բըռնած։
Ջըրվէժն ահեղ երգի փոխած
Պոռթկայ վիհէն վար գահավէժ։

Սայլե՜ր, սայլե՜ր անծայրածիր
Ջաղացքներուն ճերմակ ճամբէն
Աղօնն իրենց քեզ կը բերեն…
Է՜յ աղորիք, դարձի՛ր, դարձիր։

Ցորեններ թող ալիւր ըլլան
Պորտին մէջ ժիր երկաններուն՝
Որոնք բռնուած տենդով մ՚անհուն
Կը մըռըլտան ու հիռ կու գան։

Ցորեններ թող ըլլան փոշի
Զիրար գըրկող քարերուն տակ.
Զիրար կըրծող ժայռերուն տակ
Ցորեններ թող ըլլան նաշիհ։

Մինչեւ լեցուին շարան շարան
Պարկերն, ու վե՛ր կանգնին նորէն.
Եւ սայլերն ալ ճըռուողելէն
Ոսկին թողած՝ լոյսով դառնան։