Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՃԻՆ

Կապոյտն ի վեր խորասոյզ՝

Սա մեծ նոճին կը նիրհէ.

Զինք խըռովող ո՛չ մէկ յոյզ

Կ՚ընդունի ան աշխարհէ։

 

Ու մենաւոր ու խոհուն՝

Կը զգայ զեփիւռն հազիւ թէ.

Գիշերներուն մէջ անհուն

Երբեմն յանկարծ կ՚աղօթէ։

 

Ու կը նիրհէ՜, կը նիրհէ՜…

Մինչեւ որ մութ հեռուէն

Շանթ մ՚հորիզոնն հըրդեհէ։

 

Ահ, մեծ նոճին, այն ատեն,

Փոթորկին տակ գալարուն՝

Կ՚երգէ իր Ցա՜ւն անանուն… ։