Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՀԱ ԱՐԴԷՆ

Ահա արդէն կեանքը նորէ՛ն

Ու մէն մի աստղ իմա՜ստ ունին.

Ահա արդէն մարմանդներէն

Կ՚անցնի սարսո՛ւռը անհունին…

 

Նորէ՛ն, նորէ՛ն, մարմանդներէն՝

Երազն աչքիս՝ կը դեգերիմ.

Հաւա՜տք նորէն ինձ կը ծորեն

Սեւ նոճիներն իսկ մըտերիմ…

 

Եւ աւերակ սըրտիս խորէն,

Նորէ՛ն, նորէ՛ն, ահա կ՚երգէ

Կեանքի Սըրինգը մեղմօրէն. -

Վա՜րդ կը բացուի մէն մի վերքէ…

 

Եւ այս լըռին մարմանդներէն

Մինչ կը քալեմ արցունքն աչքիս՝

Դուն չե՞ս գիտեր, քոյր, հեռուէն,

Թէ քեզ որքա՜ն կ՚օրհնէ հոգիս… ։